բագրատ էսդուգեան
Պատմագիտութեան համար շատ կարեւոր աղփիւր մըն է յուշերը։ Մարդիկ իրենց ապրածները գրի առնելով թէ ժամանակակից վկայութիւն մը կը ներկայացնեն, եւ թէ կարեւոր տուեալներ փոխանցած կ՚ըլլան ապագայի գիտաշխատողներուն։
Ֆրանսայի «Էտիսյոն Փարանթէզ» հրատարակչութեան լոյս ընծայած Շաւարշ Միսաքեանի «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» անուն գիրքը ահա այս յատկութիւններով օժտուած է։ Երեք գլխաւոր բաժիններէ բաղկացող գիրքի առաջին մասին մէջ կը կարդանք Օսմանեան Թուրքիոյ ոստիկանապետ Ալի Ռըզայի յուշերը։ Սոյն յուշերը 1905 թուի 30 Մարտ եւ 5 Ապրիլ թուականներու միջեւ հրատարակուած են Պոլսոյ «Զաման» թերթի մէջ։ Այս շարքը թրքերէն հրատարակութենէ 10 օր ետք հայերէն թարգմանութեամբ լոյս կը տեսնէ Փարիզի «Յառաջ» թերթի էջերուն վրայ։ «Շաւարշ Միսաքեանի ձերբակալութիւնը» խորագրին ներքեւ կը կարդանք փակագծեալ ենթախորագիր մը՝ «Թուրք ոստիկանապետի մը յուշերը»։
14-20 Ապրիլ թուականներու միջեւ հրատարակուած յուշագրութեան վերջին էջին կցուած է «Յառաջ»ի խմբագրութեան նոթը՝ «Շաւարշ Միսաքեան յաջորդ շաբթու իր լուսաբանութիւնները պիտի հրատարակէ այս յուշերուն առթիւ, բանալով զանազան ծալքերը ամբողջ դէպքին»։
Այս տեղ նշուած լուսաբանութիւններն ալ կը կազմեն գիրքին երկրորդ բաժինը։ Գիրքը կարդալով ընթերցողը անգամ մը եւս կը տարուի ափսոսանքով տեսնելու թէ նախորդ դարասկիզբին հայ գործիչները մէկ կողմէն քաջաբար դիմադրած են ծանր տանջանքներու, բայց միւս կողմէ ալ այպանելի անզգուշութեամբ ինկած են դաւադիր լրտեսներու ծուղակը։ Մի ոմն պուլղարացի Վլատիմիր յաջողած է թակարդի մէջ գցել տասնեակներով հայ քաղաքական գործիչներ, որոնք վստահած են իրեն թէ անկեղծ անձաթուղթերով զիրենք պիտի փախցնէ Պուլղարիա։ Անզօր են իրենց մտաբերած զգուշացման միջոցները քանի որ ոստիկանութեան գործակալ լրտեսը կը համոզէ զիրենք ոստիկաններուն յանձնելէ առաջ «ողջ առողջ տեղ հասանք» գրութիւնը ստորագրելու։ Այսպէսով ամէն անգամուն նոր հինգ դաշնակցականներ կը ներկայանան Վլատիմիրին, եւ փոխանակ շոգեկառքով կամ նաւով Պուլղարիա հասնելու կը յայտնուին կեդրոնական բանտի խցիկներուն մէջ։ Ի դէմ բոլոր կանխազգուշացումներու, Շաւարշ Միսաքեանն ալ կը բաժնէ նոյն տխուր ճակատագիրը։ Ան 1915 Ապրիլի 24-ի ձերբակալութիւններէն խոյս տուած է եւ թաքնուած երկար ժամանակ։
Քաղաքական գործիչի մը համար ամենաանհանդուրժելի երեւոյթներէն մէկն է թաքստոցի մը մէջ անդամալոյծ մնալը։ Դուրսը պայքար կայ եւ դուն դատապարտուած ես այդ պայքարէն հեռու մնալու։ Մանաւանդ որ շատ անգամ հաւաստի լուր ստանալու առիթ ալ չունիս։ Իսկ միւս կողմէ թաքստոցին յայտնաբերուելու վախը միշտ կախուած է վզէդ։ Հետզհետէ աւելի անհամբեր կ՚ըլլաս այդ բանտէն դուրս ելլելու համար։ Շաւարշ Միսաքեանն ալ կը տառապէր նոյն հոգեբանութիւնով, կ՚ուզէր ժամ առաջ երկրէն հեռանալով աւելի ազատ գործելիք վայր մը հասնիլ։ Այդ տարիներուն Պուլղարիոյ քաղաքները կարեւոր օթեւան եղած էին հայ փախստականներու համար։ Կարելի է ըսել որ Սոֆիայի, Փլովտիւի, Վարնայի եւ Պուրկազի մէջ Էրզնկացի հայերու բանեցուցած սրճարաններու ինչ ինչ ազգային ժողովներ կը գումարուէին նոյն այդ փախստական գործիչներու կողմէ։
Կասկած չի կայ որ Շաւարշ Միսաքեանի ճակատագիրը շատ աւելի տխուր կրնար ըլլալ եթէ պատերազմը Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնով չ՚աւարտէր։ Զինադադարը առիթ եղաւ որ անգլիացիներու հսկողութեան տակ պոլսոյ բանտերու դռները բացուին հայ դատապարտեալներու առջեւ։
Ինչպէս այս բնոյթի բոլոր յուշագրութիւնները, «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» հատորն ալ իր բովանդակութիւնով տեղի կու տայ նոր խորհուրդներու։ Գիրքի երրորդ բաժինը պէտք է այսպէս ընկալել, քանի որ Գրիգոր Պըլտեան այս բաժնին մէջ կը որոնէ «Պակսող բառը»։ Այս պակսող բառի որոնումը կու գայ կը յանգի «ցեղասպանութիւն» բառին որ կ՚արդարացնէ այս յուշագրութեան մէջ նշուած ապրումներուն ալ մաս կազմած ընդհանուր աղէտի բացատրութիւնը։ Ի վերջոյ Միսաքեան 1945-ի Դեկտեմբերին հետեւած է Նիւրընպերկի դատավարութեան եւ 9 Դեկտեմբեր թուականի խմբագրատանին մէջ գրած է. «Մեր միտքը բնազդօրէն կը յածի դէպի հեռաւոր աշխարհ մը, ուր նոյնպէս –պատերազմի ոճիրներ- գործադրուեցան 30 տարի առաջ։ Համաձայն կանխորոշ ծրագրի մը որ մշակուած էր երեք անգամ 30 տարիներ առաջ, ոչնչացնելու համար անտէր եւ անճար ժողովուրդ մը, Մեծ Պատերացմի ընթացքին։ Այս ատեն ալ նոյն ծրագրեալ մէթոտները, -կազմալուծել, քանդել, չորցնել քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական կեանքին կարգուսարքը եւ արմատները։ Ապա խմբովին, զանգուածօրէն ջարդել, բնաջնջել։ Տեղին վրայ, աքսորի ճամբուն վրայ կամ անապատին մէջ… Մէկ խօսքով՝ ցեղասպանութիւն»։
Տերեւներ դեղցած յուշատետրէ մը
Շաւարշ Միսաքեան
Փարանթէզ հրատարկչութիւն
107 էջ
2015, Մարսէյլ