«Կիւմշեան Ընտանիքը»

Աթոռոյս պատմական նիւթերու յատկացուած Յովակիմեան Մատենաշարէն, որպէս վեցերորդ հատոր լոյս տեսաւ հոգելոյս Հմայեակ (ապա՝ Տ. Տրդատ Քհնյ.) Ուղուրլեանի «Կիւմշեան ընտանիքը» մենագրութիւնը։

Հեղինակ Տէր Հայրը նպատակ ունեցած է ուսումնասիրել «Կեսարացի նշանաւոր ընտանիքներ եւ գործունեայ Կեսարացիներ»ու պատմութիւնը։ Այս շարքէն ծանօթ են երկու մենագրութիւններ, որոնցմէ առաջինն է «Կիւլպէնկեան գերդաստանը», իսկ երկրորդը՝ «Կիւմշեան Ընտանիքը»ն։

Աշխատասիրութեան ձեռագիր վիճակը աւելի քան քսան տարի առաջ հեղինակի որդւոյն՝ Կարպիս Ուղուրլեանի կողմէ կը յանձնուի Աթոռոյս։ Կիւլպէնկեաններու մենագրութեան հրատարակութենէն յետոյ, Կարպիս Ուղուրլեան 2006-ի տարեվերջին փափաք կը յայտնէ, որ Կիւմշեաններու մենագրութիւնը եւս հրատարակուի։ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ կը սկսի աշխատանքը։ Երկար աշխատանքէ յետոյ, 2014 տարւոյն վերջին օրերուն տպարան կը յանձնուի եւ այսօր լոյս աշխարհ կու գայ հատոր մը, հեղինակին վախճանումէն աւելի քան եօթանասուն տարիներ ետք։ Ան կու գայ լոյս սփռել համայնքիս բաղդատաբար նուազ ծանօթ Կիւմշեան ընտանիքի եւ Յովհաննէս Կիւմշեանի կեանքին ու գործունէութեան վրայ, ինչպէս նաեւ վերջնոյս կտակին։

Հատորը կը բաղկանայ 208 էջերէ եւ կ՚ընդգրկէ բացի աշխատասիրութենէն, խմբագրողներու՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող «ներածական»ը, հեղինակ Տէր Հօր ընդարձակ կենսագրութիւնն ու լուսանկարները, ձեռագրէն էջ մը, Կիւմշեաններու ու Կեսարիոյ պատմութեան հետ անմիջական առնչութիւն ունեցող նախապէս տպագրուած կամ անտիպ զանազան լուսանկարներ, զանազան փաստաթուղթերու լուսանկարներ, յատուկ անուններու ցանկ, հարուստ յաւելուածներու բաժին մը, Կեսարիոյ առաջնորդներու գաւազանագիրքը, յիշատակարաններու կամ շիրիմներու արձանագրութիւններ, բնագրի մէջ առկայ անձերու կենսագրութիւններու եւ լուսանկարներու ընդարձակ բաժին մը եւ այլն։

Հատորը լոյս կը տեսնէ աշխատասիրութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարանֆիլի կողմէ։

Սոյն հատորը, եւս լոյս տեսաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի մէկենասութեամբ։

Փափաքողներ կրնան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։