հալիլ թիւրքտէն
սթանպուլն է այս։ Թախծոտ մոխրագոյնով մը մեզ շրջապատող եւ իր մէջ առնող, սունկի նման աճող, մթնշաղով լեցուն երկար գիշերներ կը պահէ ձմրան օրերուն։ Էր ժամանակ, որ անարգելութեան երջանկութիւնը ապրած է այս քաղաքը։ Բազմերանգ թռչուններ ճախրած են երկնքին մէջ։ Յետոյ ծայրերէն ծալլուած, բայց անմահութեան գինին խմած մարդ արարածի ձանձրացուցիչ մենախօսութիւններուն դատապարտուած քաղաք մը... Գիշերներ կ՚ապրի այս քաղաքը։ Գիշերներ՝ որ ոչ մի ձայնի, ոչ մի ձայնանիշի արտօնուած է պառակտել։ Պէսպիսուն կանաչ, պէսպիսուն կապոյտ ունի ամէն մի քայլափոխին... հսկայ ու իրաւացի քայլերու կարօտ այս քաղաքին մէջ, հասարակական քերթուածի պատահական մէկ տողին միջոցաւ ծանօթացայ Գարինի հետ։
«Այլ լեզուներու երգը»էն այս կողմ...
1998-ին Եաշար Նապի Նայըր գրական մրցանակին արժանացած ու 1999-ին լոյս տեսած առաջին պատմուածքներու հաւաքածոն է «Այլ լեզուներու երգը»։ Բանաստեղծական բուրմունքով գրկած էր մայթերուն հայհոյանքներ, ապստամբութիւններ ու երախտիք թողուած Իսթանպուլը։ Գարին Գարագաշլը ինքնութեան ու հայրենիքի ընկալման իբրեւ հակազդեցութիւն մտաւ իմ կեանքին, գրական ներաշխարհին ու սրտին մէջ։ Այդ օրէն ի վեր վէպի, քերթուածի, պատմուածքի, պատումներու, քրոնիկներու կողքին մանկական եւ պատանեկան գրականութեան ոլորտներէ ներս ալ բեղուն արտադրութիւն մը ներկայացուց Գարագաշլըն։ Իսկ այսօր ան ընթերցողին կը ներկայանայ «Անբաւարար մնացորդ» խորագրեալ պատմուածքներու նոր հաւաքածոյով մը։
12 պատմուածքներէ բաղկացած գրքին մէջ, տարիներու փորձառութիւնով կը նկարագրուին անտէր աշխարհի մը մէջ բոցավառուած մարդկային ապրումներ։ Պատմուած ապրունմերը ինչքան ալ բոցավառուած ըլլան, հեղինակը կը յաջողի իր գրիչը սառն պահելու։ Որքան ալ խիստ եւ սուր ընդգծուած ըլլան ընթերցողը հանգիստ շունչով կը դիմաւորէ այդ պատումները։ Նիւթերու մշակման եղանակով եւ լեզուական յատկութիւններով անգերազանցութեան սահմաններուն կը ճնշէ հեղինակի գրիչը։
Veni Vidi Vici
Եկա՛յ, տեսա՛յ, յաղթեցի՛։ Իսթանպուլէ ներս, երբեմնի մոռցուած պատասխանատուութիւններուն, անկատար դերակատարութիւններուն հաշուեյարդարն է այս։ Եթէ դադրած է պայքարելու, մաքառելու կարողութիւնը, բայց գոնէ չէ աւարտած խօսքը։ Խօսքը՝ որ մեզ կը տանի 1955-ին, Ունեւորութեան Տուրքին, անհատը իր երկրին մէջ օտար դարձնող ժամանակներուն։
Ան-պուլ-իսթ-ը անմոռանալի բարեկամի մը, ընկերոջ եւ մարդու, լոկ մարդու մը ուղղուած է։ Հրանդի հետ ընկերութեան եւ այդ ընկերութիւնով քալուած մայթին վրայ այդ բարեկամը պաշտպանելու պատում մըն է այս։ Բարեկամները հեռացնող, մեզի մտահոգութեան տանող պատում մը։ Գարագաշլը այդ օրը անհուն վկայութիւնով մը կը փոխանցէ երկրի բոլոր մայթերուն վրայ առկայ վկայութեան մը։ «Այդ խորիմաստ յօդուածիդ մէկ նախադասութիւնը կը շրջեն եւ այդպէս կը յարձակին։ Թրքութիւնը նախատելով կը մեղադրեն։ Քո կառուցած աշխարհդ կը նախատեն։ Իմ ալ մաս կազմած աշխարհս։ Ամէն առաւօտ մաքրամաքուր խօսքերով վերակառուցած աշխարհը մեր։ Ոչնչութենէ դուրս բերած էինք այդ աշխարհը։ Դէմքիդ ամչկոտ կերպարը աչքերուս առջեւ է։ -Ամօթ եղաւ հարեւան խանութպաններուն, Անհանգիստ ըրինք բոլորն ալ…»։
Վազէ սիրելու սիրաբանելու
Սիրաբանելու համար դէպի Արնավուտգիւղ վազող զոյգը, հանրաշարժներու կայարանի սրճեփին քով փախստական մը եւ Պեռլին, ցեղասպանութեան յուշարձանի սիւներուն միջեւ պահուըտուք խաղացող երախաներ։ Ապացոյց մը, որ վիշտով շաղախուած բարեկամութիւնները մարդուս կեանքին մէջ ինչպիսի հետեւանքներ կրնան ունենալ։
Գրքի ամենածանր պատումներէն մէկը աղաղակ մըն է Սապիհա Կէօքչէնին, ճիշդ ալ իր անունը կրող օդակայանին մէջ։ Այստեղ բառերը ինքնաթիւնէն արձակուած ռումբերու զօրութիւնը ունին։ Կատարուած չարիքին, կոտորածներու ետին այդ ռումբերը արձակող սարքերուն դպչող մատներուն տիրոջ՝ Սապիհա Կէօքչէնին ուղղուած է հարցումը։ «Այսքան չարիք ինչպէ՞ս կը կատարուի։ Չարիք ըլլալուն առանց գիտակցելու հաւանաբար»։ Գարագաշլը այս երկրէ ներս ամենապիտանի հարցումը կը հարցնէ այսպէսով։ Կոտորածները յիշելու համար մտքին մէջ տեղ չունեցող եւ իրաւացիութեան բուռնօրէն հաւատացած այս հասարակութեան մէջ սուգը անգամ արգիլուած ոճիրներուն հաշիւը կը հարցնէ։ «Ա՜խ Սապիհա, ահա քեզ կը դիմեմ։ Քու տեղդ եմ։ Երկրի ու երկնքի միջեւ քու անունովդ ծանօթ օդակայանն եմ։ Դէմս ես ահա։ Սեւ ու սպիտակ անմահութեան մէջ ամենալուսաւոր կերպարովդ։ Մինչ մահկանացուները կը ծածկուին վիշտերու գիծերով, դուն անմահացած ես քու փայլով։ Օդաչուի սպիտակ գդակը գլխուդ, դէմքիդ այդ լուսեղէն ժպիտը, երիտասարդ ու գեղեցիկ կին մը որպէս կանգնած ես իմ դիմաց։ Հասակիդ համազօր ռումբ մը կը տեսնեմ կողքիդ։ Քեզի յանձնուած ֆրանսական Պրէժէօ 19 ռազմական ուղղաթիռին առջեւ, կարծես սիրածդ ըլլար, փաթթուեր ես ռումբին ու այդպէս նայեր ոսպնեակին»։
Գարագաշլը տարիներ առաջ «Այլ լեզուներու երգը»ի նման բանաստեղծական տողերով, քերթուածի տրոփիւնով կը մտնէ իր պատումներուն։ Այդ տողերը այն տպաւորութիւնը կը թողուն, թէ հեղինակը պատումը աւարտելէ ետք ալ բանավէճի բռնուած է անոնց հետ։ Ներշնչուած կամ կերպով մը անոնց կողմէ վաւերացուած։
Գրականութիւնը ինչ որ էր նախնական մարդու համար, նոյնն է մերօրեայ մարդկանց համար ալ։ Կրնան փոխուիլ ժամանակները, վայրերը կամ կենցաղները։ Բայց էութեան մէջ բան մը կայ որ անփոփոխ կը մնայ։ Գրականութիւնը այդ էականը ձեռք բերելու մարմաջն է։ Եթէ այդ չէ, հապա ի՞նչն է որ աշխարհի միւս ծայրը ապրող բանաստեղծի տողերը թրթռացնեն ուրիշներու ալ սիրտերը։ Հարազատ երկիրներնէն աքսորուած ըլլալէ կամ գաղափարակից ըլլալէ դուրս հասարակական եզր մը չունին Փապլօ Նէրուտա եւ Նազըմ Հիքմէթ։ Ինչն էր որ պատճառ պիտի դառնար Նէրուտային «Աշնան ծաղիկներով պսակ մը Նազըմին» ոտանաւորին մէջ «Եղբայրս» կոչէր Հիքմէթը։
Քաղաքի մայթերուն վրայ
Գարին Գարագաշլը «Անբաւարար Մնացորդ»ը կարծես գրած ըլլար քաղաքի մայթերուն վրայ։ Ո՛չ թէ գրիչով, այլ քայլերով գրածի նման։ Կեանքին, ապրելու իրաւունքին, նոյնիսկ որեւէ մէկը, որեւէ պատճառով սիրելու իրաւունքին էութեան միջամտող գիրք մըն է այս։ Հեղինակի դիտողութեան կարողութիւնը անվիճելի է։ Թերեւս ալ բոլոր այս գրուածներու կախարդը խորագրին մէջ թաքնուած է։ Այս երկրի մէջ մեր իրարու նկատմամբ անբաւարար մնալու պատմութիւնը…
«Անբաւարար մնացորդ»
Գարին Գարագաշլը
«Ճան» հրատարակչութիւն
Իսթանպուլ/ 120 էջ