ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Թռչնոց Բոյ՞նն ալ թռաւ

Հայոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամեակն է։ Հա­մայն հա­յու­թիւնը միաձայն իր բո­ղոքը կ՚ար­տա­յայ­տէ առ Թուրքիա, պա­հան­ջե­լով կա­տարո­ւած ոճի­րի ճա­նաչումն ու հա­տու­ցումը։ Ան­շուշտ իւ­րա­քան­չիւր գա­ղութ իրեն յա­տուկ ձե­ւով կ՚ոգե­կոչէ 100-ամեակը, տար­բեր մի­ջոցա­ռումներ կազ­մա­կեր­պե­լով. հո­գեհանգստեան պաշ­տօն, քայ­լարշաւ, բո­ղոքի ցոյց, մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ, եւայլն։ Այս ծի­րին մէջ, Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոսու­թիւնը ինքն ալ ու­նէր պատ­կա­ռելի մի­ջոցա­ռումնե­րու իր ցան­կը Լի­բանա­նի մէջ, որոնց անդրա­դառ­նալ կա­րելի չէ միայն այս կարճ գրու­թեամբ։ Բայց մաս­նա­ւոր ու­շադրու­թեան կ՚ու­զեմ յանձնել այս ձեռ­նարկնե­րու շղթա­յին մէկ օղա­կը կազ­մող՝ Լի­բանա­նի Ժը­պէյլ քա­ղաքին մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Որ­բե­րու Թան­գա­րանը, որուն բա­ցու­մը կա­տարո­ւեցաւ Շա­բաթ 18 Յու­լիս 2015-ին։
ԱՌՕՐԵԱՅ Անգամ մը որ շբոթէս ծնորքդ...

Այս շաբաթ «Ակօս»ի երեք էջերը կը զբաղեցնեն Մուսթաֆա Քէմալի հոգեզաւակ Սապիհա Կէօքչէնի տոհմածառը, ծանօթ գրող Ալէվ Էրի յայտնաբերելու ոդիսականը։ Սոյն գրութեան համառօտուած տարբերակը կը ներկայացնենք հայերէն էջերու ընթերցողներուն։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ուրախութիւնը կ՚աճի բաժնելով

Անցեալին դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան անցուդարձերուն համար խորհուրդ կը տրուէր աշ­նան ամիս­նե­րը։ Հայ­րե­նի եր­կի­րը հետզհե­տէ ձեր­բա­զատուած է եղա­նակա­յին այդ սահ­մա­նու­մէն եւ կա­րելի է ըսել որ տա­րուայ բո­լոր ամիս­նե­րը ձեռնտու են Հա­յաս­տան այ­ցե­լելու հա­մար։ Այս ար­դիւնքը կա­րելի եղաւ շնոր­հիւ լաւ կազ­մա­կեր­պուած մի­ջոցա­ռումնե­րու։
ԱՌՕՐԵԱՅ Թուրքիա պատերազմի ճիրանին մէջ

20 Յու­­լիս Եր­­կուշաբ­­թի օր ցե­­րեկուայ ժա­­մերուն բո­­վան­­դակ Թուրքիան ցնցուեցաւ Ուրֆա­­­յի Սու­­­րուչ գա­­­ւառէն հաս­­­նող զան­­­գուածա­­­յին սպան­­­դի մը լու­­­րով։ Սո­­­սեալիստ Երի­­­տասարդնե­­­րու Միու­­­թեան ան­­­դամ շուրջ 300 ու­­­սա­­­­­­­նող­­­ներ պա­­­տերազ­­­մով կոր­­­ծա­­­­­­­նած Քո­­­պանիի վե­­­րաշի­­­նու­­­թեան մաս­­­նակցե­­­լու հա­­­մար Թուրքիոյ զա­­­նազան քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րէն ճամ­­­բայ ելած եւ Սու­­­րուչ հա­­­սած էին։ Իրենց հետ ու­­­նէին մա­­­նուկնե­­­րը ու­­­րա­­­­­­­խաց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար հա­­­ւաքած խա­­­ղալիք­­­ներ, գու­­­նա­­­­­­­զարդ գիր­­­քեր, գու­­­նա­­­­­­­ւոր մա­­­տիտ­­­ներ, ջրա­­­ներ­­­կեր եւ այլ գրե­­­նական պի­­­տոյք։
ԱՌՕՐԵԱՅ Դէպի Թոմարզա երթ ու դարձ

Բնաւ մտե­­րիմ չեմ եղած մեծ հօրս, Իս­­մա­­­յիլին հետ։ Ինք մա­­հացած էր, երբ տա­­կաւին միջ­­նա­­­կարգ վար­­ժա­­­րան կը յա­­ճախէի։ Ինք իս­­կա­­­կան իս­­լամ մըն էր Մեր­­սի­­­նէն եւ խիստ հայր մը։ Ան­­կեղծօ­­րէն, չէի սի­­րեր զինք մեծ­­նա­­­լու ըն­­թացքիս, քա­­նի որ կա­­րեկ­­ցութեան եւ զո­­ւար­­ճութեան պա­­կաս կը տես­­նէի իր մէջ։ Հայրս տա­­րիներ ետք ին­­ծի պատ­­մեց ամէն ինչ որ գի­­տէր մեծ հօրս մա­­սին, յատ­­կա­­­պէս որ ծնած էր Թո­­մար­­զա­­­յի մէջ, Կե­­սարիոյ մօտ, եւ երբ իր մայ­­րը վերստին ամուսնա­­ցած է, հե­­ռացած է Թո­­մար­­զա­­­յի իր տու­­նէն եւ եկած Մեր­­սին, երբ տա­­կաւին երա­­խայ էր։ Հայրս չէր թաքցներ իր կաս­­կա­­­ծը թէ Իս­­մա­­­յիլը հայ է ար­­մատնե­­րով –իր կեան­­քին պատ­­մութիւ­­նը պար­­զա­­­պէս տրա­­մաբա­­նական չէր։ Չեմ հե­­տեւած Իս­­մա­­­յիլի կեան­­քի պատ­­մութեան, լաւ յի­­շատակ­­ներ չու­­նիմ իր­­մէ, եւ նա­­խընտրած եմ հե­­տաքրքրու­­թիւնս եւ զգա­­ցական ներդրումս կեդ­­րո­­­նաց­­նել ըն­­տա­­­նիքիս աւե­­լի մտեր­­միկ մա­­սերուն վրայ։ Չէի գի­­տեր որ Հրանդ Տինք հիմ­­նարկի Մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան նա­­խ
ԱՌՕՐԵԱՅ Կեսարիոյ մշակութային ժառանգութիւնը

Հրանդ Տինք հիմ­նարկի Մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան նա­խագի­ծը կը շա­րու­նա­կուի 2014-ի սկիզ­բէն ի վեր։ Այս տա­րի նո­րոգո­ւած ծրա­գիրով մը իր գոր­ծունէու­թիւնը շա­րու­նա­կող նա­խագի­ծը, Յու­նիս ամ­սո­ւան ըն­թացքին կա­տարած է այց մը Կե­սարիոյ նա­հանգ, որուն նպա­տակն էր տեղ­ւոյն վրայ սեր­տել, տե­ղագ­րել ու լու­սանկա­րել յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւ­նը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Երկիրը երկիր է դառնում

Պատմական օրեր ապրեց Հայաստանը այս վերջին եր­կու շա­բաթուայ ըն­թացքում։ Յու­լի­սի 6-ին իր աւար­տին հա­սաւ կա­րեւոր մի փուլ, կա­պուած ժո­ղովուրդ-իշ­խա­նու­թիւն հա­կամար­տութեանը, որը տե­ղի ու­նե­ցաւ Բաղ­րա­մեան պո­ղոտա­յի վրայ։ Չա­փազանց լա­րուած, նոյ­նիսկ տագ­նա­պալի օրեր էին՝ ար­թուն պա­հելով շարժման աք­տի­վիստնե­րին եւ ան­քուն՝ իրենց մի­լիոն­նե­րի հա­մար իշ­խա­նու­թեան գլուխն ան­ցած յան­ցա­ւոր ոհ­մա­կին։ Սա­կայն տագ­նա­պը ու­ղեկցւում էր ինքնա­հիաց­մունքով։ Մի բուռ հայ է մնա­ցել օրէցօր հա­յաթա­փուող Հա­յաս­տա­նում։
ԱՌՕՐԵԱՅ Իֆթարը աւանդական, հարցերը հրատապ

Երկրի քրիս­տո­նեայ եւ հրեայ հա­մայնքնե­րը վեր­ջին տա­րինե­րուն սո­վորու­թեան վե­րածած են Ռա­մազան ամ­սուան առ­թիւ իֆ­թա­րի հիւ­րա­սիրու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պել։ Քա­ղաքիս հայ, յոյն, հայ կա­թողի­կէ, հրեայ, ասո­րի, քաղ­դէացի, պուլղար եւ վրա­ցի հա­մայնքնե­րու այս տա­րուան այդ աւան­դութիւ­նը կա­յացաւ հրեայ հա­մայնքի տան­տէ­րու­թեամբ, Պա­լատի Օր-Ահա­յիմ Հրէից հի­ւան­դա­նոցի պար­տէ­զին մէջ։ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Խոր­հուրդին մօտ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչ՝ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճա­նի ջան­քե­րով այս տա­րի աւե­լի մեծ մաս­նակցու­թիւն մը կա­յացաւ իֆ­թա­րի ընթրի­քին։
ԱՌՕՐԵԱՅ Յեղափոխական հրատարակութեան հազարերորդ յաղթական համարը

Չենք վարանած «յեղափոխական» կոչումը օգտագործելէ, քանի որ թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինք իրաւ յեղափոխական էր։ «Ակօս» անցնող 999 թիւերով ծառայեց Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Պոլսահայոց բարեփոխումներուն։ Յարատեւ պայքար մըն է որ կը շարունակուի աւանդապաշտ յետադիմականութեան դէմ, եւ այդ պայքարը ցարդ արդարացաւ ընկերական կեանքի զարգացումներով։ Երեւոյթ մը՝ որ ուղեցոյց կ՚ըլլայ ապագայի համար ալ։ Յայտարարութիւն մըն է այս, որ կու գայ «Ակօս»ի մերօրեայ խմբագիրներէն, յանուն հաւատարմութեան Հրանդ Տինքի, Սարգիս Սերովբեանի եւ նմաններու աւանդին հանդէպ։