ԱՌՕՐԵԱՅ
Սկուհի Տուտու Գումգափուի Մէջ
Ընթերցողը ներող թող ըլլայ, եթէ սոյն լրատուութիւնը զանց կ՚առնէ լրագրողութեան ամենահիմնական կանոնները։ Ծանօթ իրողութիւն է որ լրագրութեան ասպարէզին մէջ խմբագիրը պէտք է հնազանդի իր փոխանցած լուրի հաւաստիութիւնը երաշխաւորող տուեալներու։ Բայց մեր ասպարէզին համար այդ կանոնը սահմանողները անշուշտ որ չէինք պատկերացուցած թէ ի՞նչ կը նշանակէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանէ լուր մը իմանալ նոյն ինքն այդ Պատրիարքարանի ժողովուրդը հետաքրքրող նիւթի շուրջ։ Եթէ այդ մասին պատկերացում մը ունենային, երբեք այսքան գաղտնապահ չէին ըլլար եւ մենք ալ մեր կարգին չէինք հարկադրուէր Սկուհի Տուտույի փոխանցած տեղեկութիւններով լուր խմբագրելու։ Բայց ընելիք բան չկայ մեր մօտ, գաղտնապահւթիւնը բոլոր արժանիքներէն վեր կը դասուի եւ ոչ ոք կը համարձակի այդ գաղտնապահութիւնը խափանելու։ Ինչ կարելի է ընել, եթէ Պատրիարքական Աթոռը իր ամբողջ ուժով կը մերժէ մեր հարցումներուն պատասխանը տալու։
Երգչախումբին լեզուն
Այսօր, այս պահուն արեւմտահայերէնին ո՞վ պէտք ունի։ Արեւելահայերէնին շատեր պէտք ունին Հայաստանի մէջ, իսկ արեւմտահայերէնին ո՞վ եւ ո՞ւր պէտք ունի։ Ի՞նչ պարագայի է որ պէտք կ՚ունենանք, կարիքը կը զգանք այս լեզուին։ Կարիքը պէտք է ըլլայ այս լեզուին, որ անոր շուրջ զարգանայ անոր շուկան, եւ շուկային շուրջ փողոցը, եւ փողոցին շուրջ կապերը եւ հաղորդակցութիւնը, հաղորդակցութեան շուրջ հաւաքականութիւնը։ Այդպիսով լեզուն ինքնըստինքեան ապրած կ՚ըլլայ, եւ անոր շուրջ գոյացած կ՚ըլլայ իրեն կապուած մշակոյթը։
Եւրոհայերը կը զօրակցին ՀՏՓ-ին
Երբ միայն երկու շաբաթներ մնացած են Թուրքիոյ քաղաքականութեան համար ճակատագրական նշանակութիւն ներկայացնող խորհրդարանի ընտրութիւններուն, քաղաքական դաշտը լրջօրէն սրուած է։ Քանի մը օր առաջ տասը վայրկեանի հետեւութեամբ ռումբեր պայթեցան ՀՏՓ կուսակցութեան Մէրսինի եւ Ատանայի կուսակցական կեդրոններուն մէջ։ Ռումբերը զետեղուած էին թաղարի եւ փոստի մէջ, յանձնուած կուսակցականներուն։
Գերմանիոյ սփիւռքը իր յաջողութիւններով ու հոգսերով
Համաշխարհային օդագնացութեան մէջ շատ կարեւոր խաչմերուկ մըն է Ֆրանգֆուրթի օդակայանը։ Ամէն օր աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկող բազմաթիւ ինքնաթիռներ բիւրաւոր ուղեւորներ կը բերեն հոս, որոնց մեծամասնութիւնը միայն փոխանցման համար քանի մը ժամով կ՚այցելէն օդակայանը, ապա կը շարունակեն իրենց ճամբորդութիւնը դէպի հեռաւոր այլ քաղաքներ։ Այդ իսկ պատճառաւ Ֆրանգֆուրթի օդակայանին մէջ կը հանդիպինք սովորականէն աւելի մեծ տարողութեամբ ճամբորդատար ինքնաթիռներու։ Ի տարբերութիւն մեծամասնութենէ, Ֆրանգֆուրթի օդակայանը մեզի համար անցման կէտ մը չէ, այլ հասանման վայր։ Առանձին չենք Իսթանպուլէն եկող սաւառնակին մէջ։ Երաժիշտներու խումբի մը հետ կը ճամբորդենք, որոնք հրաւիրուած են մեր ալ իբրեւ ատենախօս մասնակցելիք միջոցառման ընթացքին ելոյթ ունենալու համար։
Նէօ-լիպերալ քաղաքը եւ քաղաքս կերտելու իրաւունքը
Սոյն գրութեանս նպատակը ողջոյնի խօսք մը փոխանցել է օր ու գիշեր Քամփ Արմէնի ցուրտ պատերը ջերմացնող երիտասարդութեան։
Ժողովուրդներու բարեկամ Սերովբեանին գնահատանք
Իսթանպուլի մէջ գործող Պաթմանի Հայրենակցական Միութիւն, ՊԱՏԷՐ-ը յատուկ միջոցառումով մը նշեց Պաթման գաւառի «քաղաք» կոչուելու 25 ամեակը։ Միջոցառման հրաւիրուած էին հարեւան քաղաքներու հայրենակցական միութիւներու ներկայացուցիչները։Ապա միութեան ատենապետը յուշանուէրներ յանձնեց մեծարեալներուն։ Սարգիս Սերովբեանի յուշանուէրը յանձնուեցաւ իր որդիին՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանին։
Մշակութային Ժառանգութիւն՝ եզրեր եւ հարցադրումներ
Հրանդ Տինք Հիմնարկի 2014-էն շարունակուող Մշակութային Ժառանգութեան ծրագիրը այս շաբաթ պիտի իրականացնէ իր առաջին աշխատանոցը, խորագրուած՝ «Մշակութային Ժառանգութիւն՝ եզրեր, հարցադրումներ եւ Թուրքիայէն օրինակներ»։ Աշխատանոցը կը ձգտի երեք հարցադրումներու շուրջ արծարծումներ կատարել։ Ի՞նչ է մշակութային ժառանգութիւնը տարբեր գիտական ճիւղերու համար։ Մշակութային ժառանգութիւնը ի՞նչ հիմունքներու վրայ կարելի է պահպանել եւ սեփականացնել։ Ի՞նչ է Թուրքիոյ տարածքին մշակութային ժառանգութեան աշխատանքներուն տարողութիւնը եւ ի՞նչ են մարտահրաւէրները։
Բռնակալին թաղումը
Հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան 1980-ական թուականներուն իր դրոշմը դրած չարագործ բռնակալ Քենան Էվրէն 9 Մայիսի գիշերուայ ժամերուն 98 տարեկանին կնքեց իր մահկանացուն։ Էվրէն միջոցէ մը ի վեր կը խնամուէր զինուորական «ԿԱԹԱ» հիւանդանոցի մէջ։