ԱՌՕՐԵԱՅ
Կոչ՝ դիմադրողները գօտեպնդալու համար
Նախորդ Չորեքշաբթի օր լուրը ռումբի մը նման ինկած էր «Ակօս»ի խմբագրատունը։ Քանդիչ սարքեր սկսած էին փլել Թուզլայի Մանկական Ճամբարի, այլ խօսքով Գամփ Արմենի շէնքերը։ Առաջին լուրերուն յաջորդեցին դրական զարգացումներ։ ՀՏՓ կուսակցութեան Թուզլայի մասնաճիւղի գործիչները փլուզման լուրը լսելով փութացած էին ճամբար։ Շուտով անոնց միացան ՃՀՓ կուսակցութեան անդամները։
Անմոռուկը կը ծաղկի Թուրքիոյ տարածքին
Ապրիլ 24-ի ձօնուած միջոցառումները տակաւին կը շարունակուին բովանդակ երկրի տարածքին։ Թերթիս նախորդ թիւի էջերուն վրայ կարելի եղած չափով արձագանգած էինք կատարուած նախաձեռնութիւններուն։ Բնականաբար զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ առաջին հերթին նպատակադրած էին ոգեկոչումներ կատարել օրը օրին։ Բայց յատկապէս մեծ քաղաքներու մէջ խաչաձեւումներէ խուսափելու միտումով շատեր իրենց կազմակերպած միջոցառումը յետաձգեցին յաջորդող օրերուն։
Ահազանգ, հասէ՛ք կը փլեն Քամփ Արմենը
Թրքահայոց պատկանող եւ պետութեան կողմէ գրաւուած կալուածներու մէջ ամենախորհրդանշական օրինակը կը կազմէ Քամփ Արմեն անունով ծանօթ Թուզլայի Մանկական Ճամբարը։ 6 Մայիս Չորեքշաբթի առաւօտ քանդիչ մեքենաներ ճամբար մտնելով սկսան փլել ճամբարի երկարամեայ տնօրէն Հրանդ Կիւզէլեանի սենեակը, որպէս տղոց եւ աղջկանց ննջարան գործածուող հինգ սենեակներ եւ մատուռը։ Երբ լուրը լսուեցաւ, կայծակնային արագութեամբ վայր փութացին ՀՏՓ եւ ՃՀՓ կուսակցութիւններու շրջանային վարչութիւնները, երեսփոխանութեան թեկնածու Կարօ Փայլան եւ Նոր Զարթօնքի երիտասարդ գործիչներ։
Ո՞ւր է մեր քաղաքը
Մեր քաղաքները երկնաքերներով չեն յատկանշուիր։ Մեր քաղաքները ոլոր մոլոր պողոտաները չեն, ոչ իսկ քաղաքային պարտէզները, թաղամասերը կամ նաւահանգիստները։ Շուկաները չեն մեր քաղաքները, եւ կամ տուները։ Մեր քաղաքներուն մէջ մարդիկ չեն հեծիր սրընթաց գնացքներուն, կառքերուն, հանրակառքերուն։ Մայթեր ալ չկան հոն, հետիոտն անցորդներն ալ չկան։ Թատրոն եւ սինեմա ալ չկայ մեր քաղաքներուն մէջ։ Ազդանշաններ չկան, ազդատախտակներ չկան։ Եկեղեցի ու դպրոց ալ չկայ։ Գերեզմանատուն իսկ անկարելի է գտնել։ Մեր քաղաքներուն մէջ հրապարակներ չկան, եւ հրապարակներուն մէջտեղը կանգնեցուած արձաններ ու աշտարակներ չկան։
Դատ հարիւրամեայ գրաւումի դէմ
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներու աստիճանակարգին մէջ երկորդը կը կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Աթոռը։ Պատմութեան մէջ ան կը յիշուի նաեւ Կիլիկիոյ հայոց կամ Սիսի Կաթողիկոսութիւն անուններով։ Արդարեւ այս պատմական աթոռի կեդրոնը եղած է Սիս քաղաքը, որ այժմ Թուրքիոյ քարտէսին վրայ ծանօթ է Ատանայի կապուած Քոզան գաւառով։
Վերջին ճիգ Քամփ Արմենը փրկելու համար
Հանրապետութեան շրջանին, յատկապէս 1974 թուականէն ետք պետական եւ դատական դաւադրութիւնով գրաւուած փոքրամասնութեանց ազգապատկան կալուածներու մէջ յատուկ նշանակութիւն ունին երկու օրինակներ։
Փաստեր, յուշեր, վկայութիւններ
Ասում են մէկ հոգու ողբերգութիւնը ողբերգութիւն է, իսկ միլիոնների՝ վիճակագրութիւն։ Անշիրիմ մնացած զոհերի առջեւ մենք պարտաւորութիւն ունենք. փառատել վիճակագրութիւնը եւ մէկ առ մէկ անցնել զոհերի հետ իրենց Գողգոթայի ճամբան։ Եղեռնին իր 5 զաւակներին կորցրած Մարիցա Եղոյեանի յուշատետրը Կիւմրի քաղաքի «Կումայրի» թերթին տրամադրել էր նրա որդի՝ Զիդալ Եղոյեանը (ծն. 1934-ին), եւ այս յուշերը լոյս տեսան 1995-ի Ապրիլեան թիւի մէջ, իսկ ինձ հասան դրանք Եղոյեանի փեսայի՝ դստեր ամուսնու, Յովհաննէս Դուրգարեանի միջոցով։ Հազարաւոր վկայութիւնների մէջ ես զատեցի այս մէկը, որտեղ ցայտուն կերպով արտայայտուած է ոչ միայն ողբերգութեան խելակորուսութիւնը, այլ այդ ողբերգութեանը դիմադրողականութեան զօրաւոր ուժը, որի շնորհիւ մենք որպէս ազգ այսօր կանք։ Ահաւասիկ Մարիցա Եղոյեանի վշտապատումը։
Զիւրիխի ալէվիներու անմիջականութեան մէջ
Եթէ գիշերուայ մութին մէջ հաճոյքով սլքտացած, փողոցները տեսած չըլլայի, Զուիցերիոյ մայրաքաղաքէն վերադարձիս խիստ համառօտ պիտի պատմէի «Զիւրիխը ինչպէ՞ս գտար» հարցնողներուն։