ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Բացում՝ Սեբաստահայերու նոր հաւաքատեղիի

Սեբաս­տա­հայոց Հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան նոր հա­ւաքա­տեղիի հան­դի­սաւոր բա­ցու­մը կա­տարուեցաւ 13 Յու­նիս Շա­բաթ օր։ Փան­կալթի թա­ղի, Թիւրքպէյ փո­ղոցի 40 թիւ շէն­քի մէջ գտնուող նոր հա­ւաքա­տեղին միու­թեան ան­դամնե­րուն հան­գա­նակու­թեամբ առ­նուած էր ան­ցեալ ամիս­նե­րուն։
ԱՌՕՐԵԱՅ Քեզ ի՛նչ եղաւ, Թիֆլի՛ս

Թիֆ­լի­սը Քուր գե­տի ափին է, բայց այն, ինչ տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ լոյս Կի­րակի գի­շեր Յու­նի­սի 14-ին, Քուրի պատ­ճա­ռով չե­ղաւ։ Ժա­մեր շա­րու­նակ յոր­դա­ռատ անձրեւ­ներ տե­ղացին եւ ջրհե­ղեղեց Վե­րէ գե­տակը, որը հո­սում էր իր հա­մար գե­ղատե­սիլ մի կիր­ճում, որ­տեղ վեր­ջին տա­րինե­րին գե­տակով հրա­պուրուած քա­ղաքա­ցինե­րը կա­ռու­ցել էին մէկ-եր­կու յար­կա­նի տներ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Կէյպուլլայէվա քաղաքական ճնշումներու տակ

«Ակօս»ի մէջ Ատրպէյճանի վերաբերեալ լուրեր խմբագրող լրագրող Արզու Կէյպուլլայէվա ենթարկուած ծանր սպառնալիքներու բերումով հարկադրուեցաւ արտասահման մեկնելու։ Վերջերս Թուրքիա եկած մեր ընկերոջ հետ զրուցեցինք իր ներկայ պայմաններուն մասին։ Արզու Կէյպուլլայէվա տակաւին չէ թօթափած ենթարկուած ճնշումը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Յամառ պայքար մնացածը փրկելու

Թուրքիոյ տա­րած­քին գտնուող հա­յոց մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գը անխնա­մութեան եւ տրուած վնաս­նե­րու պատ­ճա­ռաւ ոչնչա­նալու վտան­գի հետ դէմ յան­դի­ման կը գտնուի։ Միւս կող­մէ կարգ մը դրա­կան զար­գա­ցումներ ալ կ՚ար­ձա­նագ­րուին։ Մշա­կոյ­թի Նա­խարա­րու­թիւնը թէեւ կարգ մը պատ­մա­կան հնու­թիւննե­րը նո­րոգած է, բայց անոնք հա­զարա­ւոր­նե­րու չնչին մէկ մասն են։ Հայ մշա­կոյ­թի ժա­ռան­գը փրկե­լու հա­մար ար­տա­սահ­մա­նի եւ Թուրքիոյ մէջ զա­նազան կազ­մա­կեր­պութիւններ աշ­խա­տան­ք կը տա­նին։
ԱՌՕՐԵԱՅ Աւօ-Մոնթէ

Նոյեմ­բե­­րի 25, 1957, Վայ­­­սե­­­­­­­լիա ԱՄՆ- Յու­­­­նիս 12, 1993, Մար­­­­տունի Ար­­­­ցախ Այս ակ­­­­նարկը ինձ հա­­­­մար շատ թանկ է. 1991-ին ես ան­­­­ձամբ հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պել էի Մոն­­­­թէ Մել­­­­քո­­­­­­­­­­­­­­­նեանին մի ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րական շրջա­­­­պատում, իսկ 2000-ին ես այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լել էի Մար­­­­տունին եւ հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պելով ար­­­­դէն Մոն­­­­թէ Մել­­­­քո­­­­­­­­­­­­­­­նեանին մօ­­­­տիկից ճա­­­­նաչող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րին, կազ­­­­մել էի ինձ հա­­­­մար նրա հա­­­­զուա­­­­դէպ մարդկա­­­­յին նկա­­­­րագի­­­­րը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Խորհրդածութիւններ ընտրութեան մասին

7 Յունիս Կիրակի օր կայացող Խորհրդա­րանի ընտրու­թիւննե­րով Թուրքիա թե­ւակո­խած կ՚ըլ­լայ բո­լորո­վին նոր շրջա­նի մը։ Ընտրու­թիւննե­րը վերջ տուին գոր­ծող ԱՔՓ կու­սակցու­թեան իշ­խա­նու­թեան։ Վեր­ջին 13 տա­րինե­րու ըն­թա­ցիքն այս կու­սակցու­թիւնը առա­ջին ան­գամ զրկուեցաւ առան­ձին կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու իրա­ւունքէն։ Աւե­լի քան 53 մի­լիոն ընտրող­նե­րու գոր­ծա­ծած քուէնե­րով, թէեւ ԱՔՓ կրկին ստա­ցաւ ձայ­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը, սա­կայն 255 պատ­գա­մաւոր­նե­րը բա­ւարար չեն առան­ձին կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու հա­մար։ Ընտրու­թեան մէջ բախ­տո­րոշիչ դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցաւ Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թիւնը։ Այս շար­ժումը 80 պատ­գա­մաւոր­նե­րով մաս կը կազ­մէ խորհրդա­րանին եւ ճա­կատագ­րա­կան դեր կը խա­ղայ այ­լա­խոհա­կան կա­ռավա­րու­թեան մը կազ­մուելու գոր­ծընթա­ցին մէջ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Տակաւին 10 երկար օրեր Քամփ Արմէնի համար

Քամփ Ար­մէ­նի հետ Զօ­րակ­ցութիւն» խմբա­կը նա­խորդ Ուրբաթ, Մա­յիս 22-ի երե­կոյեան երթ մը կազ­մա­կեր­պած է, Իս­թիքլալ պո­ղոտա­յի վրայ, Թիւ­նէ­լէն մին­չեւ Կա­լաթա­սարա­յի հրա­պարակ։ Եր­թի ըն­թացքին զա­նազան հա­յերէն եւ թրքե­րէն կար­գա­խօսե­րու շար­քին, կը հնչէր նաեւ «Դի­մադ­րե­լով է որ պի­տի յաղ­թենք» բա­ցագան­չութիւ­նը։ Հա­րիւ­րա­ւոր մաս­նա­կից­նե­րէ բաղ­կա­ցած ամ­բո­խը երբ հա­սաւ Կա­լաթա­սարա­յի հրա­պարակ, այնտեղ, քա­նի մը հա­յերէն եր­գե­րու կող­քին, կ՚ար­տա­սանուի նաեւ զօ­րակ­ցութեան խօս­քը, Նոր Զար­թօնքի ներ­կա­յացու­ցիչ Սա­յաթ Թե­քիրի կող­մէ։