13Նոյեմբեր թուականը այժմէն կը համարուի «Ֆրանսայի 11 Սեպտեմբերը»։ Արդարեւ նախորդ Ուրբաթ երեկոյ Փարիզի իրարմէ ոչ հեռու եօթ անջատ կէտերու վրայ գործադրուած ահաբեկչական յարձակումը խլեց աւելի քան 129 զոհեր։
13Նոյեմբեր թուականը այժմէն կը համարուի «Ֆրանսայի 11 Սեպտեմբերը»։ Արդարեւ նախորդ Ուրբաթ երեկոյ Փարիզի իրարմէ ոչ հեռու եօթ անջատ կէտերու վրայ գործադրուած ահաբեկչական յարձակումը խլեց աւելի քան 129 զոհեր։ «Աւելի քան» շեշտադրութիւնը կը բխի մեծ թիւով ծանր վիրաւորեալներու գոյութենէն։ Թէեւ Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթոնի մէջ գործադրուած 11 Սեպտեմբերի ահաբեկչական արարքի զոհերու թիւը շատ աւելի բարձր էր, բայց նմանութիւնը կու գայ ահաբեկիչներէն։ Երկու յարձակումներու հեղինակներն ալ արմատական իսլամներ էին, որոնք ատելութեամբ լեցուն էին արեւմտեան բարքերու եւ կենցաղի նկատմամբ։ Փարիզեան յարձակումը զուգադիպեցաւ այնպիսի ժամանակահատուածի մը, ուր Եւրոպական Միութեան երկիրները կը պատրաստուէին Միջին Արեւելքէն փախչող աւելի մեծ քանակութեամբ գաղթականներ ընդունիլ։ Ինչպէս պիտի յիշուի Պոտրումի ծովափին յայտնուած Ալան Քուրտի անուն մանուկի դիակը խղճի մեծ գրգռութիւն մը յառաջացուցած էր Եւրոպական հասարակութեան մօտ, որու հետեւանքով կառավարութիւններն ալ հարկադրուած էին սահմանները ամուր փակելու իրենց ռազմավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկել։
Անցնող քանի մը օրերու ընթացքին չէ հանգած Փարիզի հասարակութեան ենթարկուած սարսափը։ Չէ՛ հանգած, քանի որ ոստիկանութիւնը կը շարունակէ խուզարկումներուն, մերթ ընդ մերթ ալ կը դիմէ գործողութիւններու։ 18 Նոյեմբեր առաւօտուան վաղ ժամերուն Փարիզի հիւսիսային հատուածը, Սէն Տէնի թաղամասի մէջ ոստիկանութիւնը բախում ունեցաւ ահաբեկիչներու հետ, որու ընթացքին պատահեցաւ երկու սպանութիւն եւ մէկ անձնասպանութիւն։ Ոստիկանները կը խուսափին լրացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցելէ, մինչեւ որ ամբողջովին չհաստատուի պատահարի մանրամասնութիւնները։
Ինչպէս 11 Սեպտեմբերէն ետք պատահեցաւ, 13 Նոյեմբերի Փարիզեան յարձակումն ալ կ՚ունենայ իր հետեւանքները։ Արդարեւ դէպքին յաջորդող օր իսկ ֆրանսական օդային ուժերու պատկանող ինքնաթիռներ ռմբակոծեցին Ռաքքա քաղաքը, որ ՏԱԻՇ-ի կեդրոնը կը համարուի։
Ֆրանսայի սրտին ուղղուած այս յարձակումը ազդեց բովանդակ Եւրոպայի հասարակութեան վրայ։ Ահաբեկչական յաջորդ յարձակումի հաւանականութիւնը տարածուած է ամբողջ ցամաքամասով։ Այդ իսկ պատճառաւ 17 Նոյեմբերին ջնջուեցաւ Գերմանիոյ Հաննովեր քաղաքի մէջ կայանալիք ֆուտպոլային մրցումը։
Համաշխարհային զարգացած քսան երկիրներու Անթալիոյ մէկտեղումն ալ մնաց Փարիզեան յարձակումի ազդեցութեան տակ։ Օրակարգը շեղեցաւ իր նախատեսուած հունէն եւ աշխարհի գերպետութիւններու ղեկավարները ստիպուեցան ահաբեկչութեան նիւթը քննարկել։ Երկօրեայ ժողովի աւարտին Ռուսիոյ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի յայտարարութիւնը պաղ ցնցուղի ազդեցութիւն գործեց բոլոր կողմերուն վրայ։ «ՏԱԻՇ կը մատակարարուի քառասուն տարբեր երկիրներու կողմէ, որոնց մէկ մասը կը ներկայանան նաեւ Անթալիոյ ժողովին» ըսաւ Փութին։ Ան տակաւին աւելցուց, թէ արբանեակէն առնուած լուսանկարներ կը փաստեն թէ, ՏԱԻՇ-ի հսկած տարածքէն արտահանուած քարիւղը որ ճանապարհով, որ երկիրը կը հասնի։
Համաշխարհային հանրային կարծիքը մէկ կողմէն կը լսէ արեւմտեան երկիրներու կառավարութիւններու ՏԱԻՇ-ը ոչնչացնելու մասին յայտարարութիւնները, իսկ միւս կողմէ այս սարսափազդու կազմակերպութեան դէպի արեւմուտք արձակած սպառնալիքները։
Բոլոր այս անցուդարձերու կողքին, երբ Թուրքիոյ մամուլը կ՚անդրադառնար դէպքերու պահուն զոհուած թրքուհի Էլիֆ Տողանին, հայ մամուլն ալ կը հետեւէր 17 ամեայ Լոլա Ուզունեանի մասին լուրերուն։ Դէպքէն երկու օր ետք Ուզունեանի հարազատները եւ ընկերները կը փորձէին լուր մը ստանալ անյայտ կորած մանկամարդուհիէն։ Ափսոս որ այդ լուրը յաջորդ օր հասաւ եւ պարզուեցաւ որ երիտասարդ հայուհին ալ կը գտնուի զոհուածներու կարգին։