Պատրիարք Սրբազանի հակազդեցութիւնը

Թուրքիոյ մէջ ատե­լու­թեան պատ­գա­մի նմուշնե­րը շատ ան­գամ կը ներ­կա­յանան հա­յատեացու­թեամբ։ Այս բնոյ­թով վեր­ջին ելոյ­թը եկաւ Պո­լուի քա­ղաքա­պետ Թան­ժու Էօզ­ճա­նէն։ Այս վեր­ջինս ար­դէն ծա­նօթ է ժո­ղովուրդնե­րու հան­դէպ սնու­ցած ատե­լու­թիւնով։ Ան մօտ ան­ցեալին բա­զում ան­գամներ ատե­լու­թեամբ ար­տա­յայ­տո­ւած էր սու­րիացի գաղ­թա­կան­նե­րու հան­դէպ։

Ար­դա­րեւ Թուրքիոյ Հա­յոց Սա­հակ Բ. Պատ­րիար­քը քննա­դատեց Պո­լուի քա­ղաքա­պետի վար­քը, յա­տուկ յայ­տա­րարու­թիւնով մը։

«Հայ հա­մայնքը, որ դա­րեր շա­րու­նակ ապ­րած է այս հո­ղերուն վրայ, այս երկրին ար­մա­տական եւ ան­բա­ժանե­լի մասն է։ Այս հնա­գոյն ժո­ղովուրդը պատ­մութեան ըն­թացքին նշա­նակա­լի ներդրում ու­նե­ցած է այս հո­ղերուն մէջ մշա­կու­թա­յին, տնտե­սական եւ ըն­կե­րային առումնե­րով, եւ այ­սօր ալ նոյն վճռա­կամու­թեամբ կը շա­րու­նա­կէ իր գո­յու­թիւնը։

Վեր­ջերս հան­րութեան ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացած, Պո­լու քա­ղաքա­պետ Թան­ժու Էօզ­ճա­նի հայ­կա­կան ինքնու­թեան դէմ ուղղո­ւած ատե­լու­թեան խօս­քե­րը ոչ միայն ժո­ղովուրդ մը կը թի­րախա­ւորեն, այ­լեւ բա­ցայայ­տօ­րէն կը թի­րախա­ւորեն մեր հա­սարա­կաց ան­ցեալն ու միասին ապ­րե­լու մեր կամ­քը։

Այսպի­սի խօս­քե­րը ո՛չ երէկ ո՛չ ալ այ­սօր ծա­ռայած են եղ­բայրու­թեան, միու­թեան եւ հա­սարա­կական խա­ղաղու­թեան, եւ յե­տայ­սու ալ պի­տի չծա­ռայեն։ Ատե­լու­թեան լե­զուի օրի­նակա­նացու­մը, հա­սարա­կական խա­ղաղու­թիւնը սպառ­նա­ցող խտրա­կան ար­տա­յայ­տութիւննե­րու ան­տե­սու­մը բնաւ հան­դուրժե­լի չեն։

Այս առի­թով, իշ­խա­նու­թիւննե­րուն եւ հան­րութեան կը հրա­ւիրենք աւե­լի պա­տաս­խա­նատու լե­զու գոր­ծա­ծելու, եւ հայ հա­մայնքը, որե­ւէ ազգ կամ ցեղ թի­րախա­ւորող ամէն տե­սակի խտրա­կան եւ մե­կու­սացնող խօս­քը ամե­նէն ու­ժեղ կեր­պով կը դա­տապար­տենք։ Հա­սարա­կու­թիւննե­րու միասին ապ­րե­լու հիմ­քը հա­ւասա­րու­թիւնը, յար­գանքն ու հա­սարա­կաց ար­ժէքնե­րու մէջ հան­դի­պիլն է։ Այս սկզբունքնե­րը վնա­սող իւ­րա­քան­չիւր մօ­տեցում ոչ միայն փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը, այ­լեւ ամ­բողջ հա­սարա­կու­թիւնը կը վի­րաւո­րէ»։

Նշենք որ Ասո­րի Կա­թողի­կէ հա­մայնքի առաջ­նորդ Օր­հան Չան­լըն ալ նման տո­ղերով մե­ղադ­րած է Թան­ժու Էօզ­ճա­նը։

Պար­տինք նշել թէ տխրահռչակ քա­ղաքա­պետի ան­դա­մակ­ցած Ժո­ղովրդա­հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան շար­քե­րէն ալ ցարդ ոչ մէկ դժգո­հու­թեան ար­ձա­գանգ հնչած է այս գայ­թակղու­թեան դի­մաց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ