Անիմաստ վերլուծումներ Թրամբի որոշումին մասին

ԱՄՆ նա­խագահ Թրամ­բի քա­րոզար­շա­ւի խոս­տումնե­րէն մէկն ալ Միացեալ Նա­հանգնե­րու բար­գա­ւաճու­մը ապա­հովելն էր։ Յա­ճախ դժգո­հու­թիւն կը յայտնէր ամե­րիկեան շու­կա­յին, Հե­ռաւոր Ասիական կամ Եւ­րո­պական ար­տադրու­թիւննե­րով յա­գեցու­մէն։ Իր այդ խոս­տումնե­րուն իբ­րեւ գոր­ծադրու­թիւն վեր­ջերս հրա­պարա­կեց մաք­սա­յին բարձր տուրքեր զա­նազան եր­կիրնե­րու հա­մար։ Իսկ կարգ մը եր­կիրներ, օրի­նակի հա­մար Գա­նատա այս հրա­պարա­կու­մէն ամիս­ներ առաջ ար­դէն սկսած էր պոյ­քո­թել ամե­րիկեան ար­տադրու­թիւննե­րը։

Սա­կայն հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րը ինչ որ ալ ըլ­լան Թրամ­բի այս քայլն ալ ալե­կոծեց հա­մաշ­խարհա­յին շու­կան։ Շա­տեր մա­կերե­սային մեկ­նա­բանու­թիւնով մը եղե­լու­թիւնը կը վե­րագ­րեն Թրամ­բի սո­վորա­կան ան­հե­թեթու­թեան։ Իսկ ու­րիշներ աւե­լի խոր­քա­յին քննար­կումով կ՚ակ­նարկեն դրա­մապաշտ հա­մակարգ մատ­նո­ւած ճգնա­ժամին։ Այս ճգնա­ժամը իբ­րեւ լու­ծում կը բոր­բո­քէ ռազ­մարդիւ­նա­բերու­թիւնը։ Ար­դիւնա­բերու­թեան տե­սակ՝ որ կը սնա­նի պա­տերազմնե­րէ, այ­սինքն զան­գո­ւածա­յին մար­դասպա­նու­թե­նէ։

Ի. դա­րու հա­մաշ­խարհա­յին կրկնա­կի պա­տերազմնե­րը յստակ փոր­ձեր են դրա­մապաշտ հա­մակար­գի ճգնա­ժամէն դուրս գա­լու եղա­նակ­նե­րուն գի­տակ­ցե­լու հա­մար։ Սա­կայն այս պարզ իրո­ղու­թիւնը ու­րա­նալու, յստա­կօրէն տես­նո­ւողը ան­տե­սելու մար­մա­ջով տա­ռապող­ներ ընդհան­րա­պէս իմաս­տա­զուրկ քննար­կումնե­րով կը փոր­ձեն իմաս­տա­ւորել Թրամ­բի տնտե­սական ռազ­մա­վարու­թիւնը։

Նոյ­նիսկ Թուրքիոյ մէջ իշ­խա­նամէտ տնտե­սագէտ­ներ առիթ կը հա­մարեն Թրամ­բի թո­ղար­կած մաք­սա­յին տուրքե­րը՝ պնդե­լով որ այս որո­շու­մը պի­տի նպաս­տէ սե­փական երկրի ար­տա­ծումներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ