Թուրքիոյ դատարանները անգամ մը եւս անիմաստ դարձուցին Կրթութեան Նախարարութեան պաշտօնեաներու յամառօրէն հետապնդած ցեղային գաղտնագիրը։ Հակառակ որ ՀՏՓ-ի Իսթանպուլի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի ջանքերուն շնորհիւ Կրթութեան Նախարարը յայտարարած էր, որ փոքրամասնութիւններու դպրոցներու արձանագրութեան իրաւասնութիւնը կը պատկանի տուեալ դպրոցի տնօրէնութեան, Նախարարութեան Շրջանային Գրասենեակները կը յամառին հին կանոնին։ Այսպէս վերջին անգամ Գարակէօզեան եւ Պէզճեան վարժարաններու մէջ ուսանող աշակերտներու արձանագրութիւնը չեղեալ համարող միջամտութիւնը, այդ աշակերտներու ծնողներուն կողմէ փոխադրուեցաւ իրաւական դաշտ։
Վարչական Ատեանը բաւարարուեցաւ ծնողաց յայտարարութիւնով եւ որոշում կայացուց, թէ աշակերտները շարունակեն յաճախել իրենց արձանագրուած դպրոցները։
Նաեւ ՎԱՏԻՓ-ի Կրթական Յանձնախումբի անդամ՝ Կարօ Փայլան չմկրտուած աշակերտին հայկական դպրոց յաճախելու մասին տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը։ «Ցեղային գաղտնագիրի կիրարկումին ջնջուելէն ետք այս նիւթը հայ հասարակութեան ներքին խնդիրը դարձած է։ Մենք է, որ որոշ սկզբունքներ պիտի ձեւաւորենք։ Այս մասին տակաւին եզրակացութեան մը չենք յանգած։ Միայն մէկ ժողով գումարեցինք եւ հոն առաջարկեցինք որ այս մասին յանձնախումբ մը կազմուի։ Նիւթին շուրջ վիճաբանութիւնները կը շարունակուին։ Հայութիւնը հարիւր տարուան ցրուածութիւն մը կ՚ապրի։ Այս պայմաններու տակ զգոյշ ըլլալ պէտք է –ո՞վ հայ է, ո՞վ հայ չէ- որոշումի մը յանգելու պարագային։ Յատկապէս ալ կորսուած ինքնութիւնը վերագտնելու աշխատող մարդկանց նկատմամբ աւելի հոգատար պէտք է վարուինք»։