ԱՌՕՐԵԱՅ
Յոյները զղջում կը պահանջեն
Թուրքիայէն գաղթելով Յունաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած «Պոլսեցի Յոյներ Տիեզերական Դաշնակցութիւն»ը 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի դէպքերու 60 ամեակին առթիւ պահանջներ յայտնեց Թուրքիոյ պետութեան։
Գունազարդ վազք Երեւան
Ձեր կեանքի ամենաուրախ եւ զուարթ երեք քիլօմեթրերը
Երկիրը դէպի քաօս կ՚երթայ
7 Յունիսի Խորհրդարանի ընտրութիւններու արդիւնքը հիասթափութիւն մը եղաւ նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողանի համար, որ այդ օրէն ի վեր լարուածութիւն կը գրգռէ երկրէն ներս։ ՀՏՓ կուսակցութեան տասը տոկոսի արգելքը յաղթահարելուն արգելք ըլլալու միտումով ընտրութեան նախորդող օրերուն գործադրուած յարձակումները ի վերջոյ 20 Յուլիսին Սուրուչի մէջ 33 կեանքեր խլելով մեկնակէտը հանդիսացան երկիրը պատերազմի դաշտի վերածելու ծրագրին։ Թուրքիոյ մէջ համատարած համոզում մըն է որ այս բոլորը կը կատարուին նախագահի ծրագրին համաձայն։
Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը իր խնդիրներով
Նախորդ տարուայ համեմատ՝ այս տարի Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը փոքրիկ աճ մը կը ներկայացնէ։ 2014-ի երկրորդ եռամսեայի համեմատ՝ Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը այս տարի աճած է 1,8%-ով։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային Վիճակագրութեան Ծառայութիւնը (ՀՀ ԱՎԾ)՝ 2015թ. երկրորդ եռամսեակին Հայաստան այցելած է 256.917 զբօսաշրջիկ։ Անոնց մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն հայրենիքէն դուրս բնակուող հայեր, որոնք ամրան ամիսները կ՚օգտագործեն հայրենի բնաշխարհ այցելելու ու տեսարժան վայրերուն ծանօթանալու համար։
Դարադարձի յաղթական տօնակատարութիւն
Հարցում՝ «Ուրտեղացի՞ ես», պատասխան՝ «դեռ չեմ ամուսնացած»։ Ժողովուրդական այս ծիծաղաշարժ ենթադրութիւնը կ՚արդարացնեմ սրտանց իւրացնելով կնոջս ծննդավայրը։ Դեռ նշանուած էինք, երբ առաջին անգամ այցելեցի Մուսա Լերան լանջին Վաքըֆլը գիւղը։ «Վաքըֆլը գիւղ» անուանումի համեստութեան ետին կար վիթխարի պատմութիւն մը։ Թէեւ հարեւանցիօրէն լսած էի այդ պատմութեան մասին, սակայն 1982 թուականի այդ այցելութիւնով թափանցեցի պատմութեան կենդանի վկաներու յուշերուն։ Ծանօթացայ Մուսա Լերան քառասնօրեայ հերոսական դիմադրութեան ականատես եղած ծերունիներու հետ։ Այդ պատումները զարմանալիօրէն կը համապատասխանէին անուանի վիպագիր Ֆրանց Վէրֆելի վաւերագրական բնոյթ ունեցող «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպին։
Տպաւորութիւններ մշակոյթներու օրրան Միտյաթէն
Ասորական աշխարհագրութեան մէջ «Թուրապտին» կոչուած շրջանի մէջ կը մտնեն Մարտին, Միտյաթ, Մծբին, Կէրճուշ, Հասանքէյֆ, Քերպուրան, Իտիլ, Պաթման քաղաքները։ Ստուգաբանական առումով Թուրապտին կը նշանակէ «Աստուծոյ աղախիններու երկիր»։
Տիյարպէքիրի պետականապատկան եկեղեցիները
Հէվսէլի պարտէզներուն եւ Տիյարպէքիրի պարիսպներուն Համաշխարհային Մշակոյթի Ժառանգի ցանկերուն մէջ գրանցուելէն ետք, քաղաքի մշակութային ժառանգ համարուելու արժանի շինութիւնները դարձեալ օրակարգի վրայ են։ Տիյարպէքիրի պատմամշակութային հարստութիւնը ցանկագրելու աշխատութիւնը աւարտած է։ Քաղաքի թանգարանի տնօրէնութեան եւ քաղաքապետարանի միատեղ ջանքերով գոյացաւ տարածաշրջանի մշակութային քարտէսը։ 2009-էն այս կողմ շարունակուող աշխատութեան հետեւանքով ստուգուած կոթողներու թիւը 664 է։ Անոնց մէջ կան 11 եկեղեցիներ եւ մէկ հրէից աղօթատեղի։ Ցանկագրութեան հետեւանքով պարզուեցաւ թէ ցանկագրուած եկեղեցիներէն եօթը կը պատկանին պետութեան եւ անոնցմէ մէկը ամբողջովին անհետացած է։ Մնացեալ վեց եկեղեցիներն ալ կը գործեն բոլորովին այլ նպատակներով։
Հայաստան-Իրան նոր ելեկտրագիծ
Յուլիս ամսուան ընթացքին ստորագրուած Իրան-Միջազգային վեցեակ պայմանագիրը, բացի ատոմական իր պարունակութենէն, մեծ ազդեցութիւններ կը շարունակէ ունենալ տարածաշրջանի եւ միջազգային հարդակներու վրայ։ Ըստ մէկնաբաններու, Իրանի հետ նոր յարաբերութիւնները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան Սուրիական պատերազմէն մինչեւ Ռուսական-Ամերիկեան յարաբերութիւններ, եւ Եւրոպական ուժանիւթային տարածք։