Ամբաստանագիրը վերջապէս դատարան հասաւ

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Հարնդ Տին­­քի սպա­­նու­­թեան դա­­տավա­­րու­­թեան մէջ հերթը հա­­սած էր պե­­տական պաշ­­տօ­­­նեանե­­րու դատավարութեան։ Սա­­կայն այս մա­­սին դա­­տախա­­զի պատ­­րաստած ամ­­բաստա­­նագի­­րը զա­­նազան պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւննե­­րով ետ ղրկուած էր եւ հա­­զիւ 9 Դեկ­­տեմբե­­րին պաշ­­տօ­­­նապէս յանձնուեցաւ Իս­­թանպու­­լի 14-րդ Եղեռ­­նա­­­դատ Ատեան։ Դա­­տախա­­զը իր պատ­­րաստած ամ­­բաստա­­նագ­­րին մէջ կը մե­­ղադ­­րէ զա­­նազան պե­­տական պաշ­­տօ­­­նեաներ «պար­­տա­­­կանու­­թեան մէջ թե­­րանա­­լով մա­­հուան պատ­­ճառ դար­­ձած» ըլ­­լա­­­լու յան­­ցանքով։ Այսպէս բարձրաս­­տի­­­ճան ոս­­տի­­­կան­­ներ Էն­­կին Տինչ, Ահ­­մէտ Իլ­­հան Կիւ­­լէր, Ճէ­­լալէտ­­տին Ճէր­­րահ, Ռէ­­շատ Ալ­­թայ եւ այլ 26 ամ­­բաստա­­նեալ­­ներ պի­­տի դա­­տուին այս մե­­ղադ­­րանքով։ Դա­­տախազ Կէօքալփ Քէօք­­չիւ վեր­­ջին պա­­հուն ամ­­բաստա­­նագ­­րին մէջ աւել­­ցուց նաեւ պե­­տական քննիչ Շիւքրիւ Եըլ­­տը­­­զի անունը։ Լսումնե­­րու հա­­մաձայն դա­­տախա­­զը բա­­ւական խիստ ոճով պա­­տաս­­խա­­­նած է գլխա­­ւոր դա­­տախա­­զին իր պատ­­րաստած ամ­­բաստա­­նագի­­րը ետ վե­­րադարձնե­­լուն դէմ։

«Սա­­պահ» թեր­­թի լրա­­տուու­­թեան հա­­մաձայն, Քէօք­­չիւ գլխա­­ւոր դա­­տախա­­զի փո­­խանոր­­դին հետ հա­­մաձայ­­նութիւն հաս­­տա­­­տուած նիւ­­թի մը պատ­­ճա­­­ռաբա­­նական գրու­­թեան մէջ թե­­րու­­թիւն հա­­մարուելով վե­­րադար­­ձուելու պատ­­ճառ ցոյց տրուիլը անըն­­դունե­­լի գտած է։ Դա­­տախա­­զը հա­­մոզուած է որ թղթած­­րա­­­րին վե­­րադար­­ձուելուն ետին Ոս­­տի­­­կանու­­թեան Լրա­­քաղու­­թեան Բաժ­­նի Պետ Էն­­կին Տին­­չի եւ ան­­ցեալին Իս­­թանպու­­լի Լրա­­քաղու­­թեան Բաժ­­նի Տնօ­­րէն՝ Ահ­­մէտ Իլ­­հան Կիւ­­լէ­­­րի թղթած­­րա­­­րէն դուրս հա­­նուե­­լուն մա­­սին ճնշումնե­­րը դեր ու­­նե­­­ցած են։

Տինք ըն­­տա­­­նիքի իրա­­ւապաշտպան Հա­­քան Պա­­քըր­­ճըօղ­­լու իր կար­­գին բո­­ղոքած էր թղթած­­րա­­­րի վե­­րադար­­ձուելու որո­­շու­­մին դէմ։ Պնդե­­լով որ Գլխա­­ւոր Դա­­տախա­­զու­­թիւնը իրա­­ւասու չէ թղթած­­րա­­­րը վե­­րադարձնե­­լու։ Պատ­­րաստուած թղթած­­րա­­­րը մե­­ղադ­­րեալ­­նե­­­րու հա­­մար կը պա­­հան­­ջէ 25 տա­­րուայ բան­տարկութիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ