ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Բռնակալին թաղումը

Հանրապե­տական Թուրքիոյ պատ­մութեան 1980-ական թուական­նե­րուն իր դրոշ­մը դրած չա­րագործ բռնա­կալ Քե­նան Էվ­րէն 9 Մա­յիսի գիշերուայ ժա­մերուն 98 տա­րեկա­նին կնքեց իր մահ­կա­նացուն։ Էվ­րէն մի­ջոցէ մը ի վեր կը խնա­մուէր զի­նուո­րական «ԿԱ­ԹԱ» հի­ւան­դա­նոցի մէջ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Կոչ՝ դիմադրողները գօտեպնդալու համար

Նախորդ Չորեքշաբթի օր լուրը ռումբի մը նման ինկած էր «Ակօս»ի խմբագրատունը։ Քանդիչ սարքեր սկսած էին փլել Թուզլա­յի Ման­կա­կան Ճամ­բա­րի, այլ խօս­քով Գամփ Ար­մե­նի շէն­քե­րը։ Առա­ջին լու­րե­րուն յա­ջոր­դե­ցին դրա­կան զար­գա­ցումներ։ ՀՏՓ կու­սակցու­թեան Թուզլա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի գոր­ծիչնե­րը փլուզման լու­րը լսե­լով փու­թա­ցած էին ճամ­բար։ Շու­տով անոնց միացան ՃՀՓ կու­սակցու­թեան ան­դամները։
ԱՌՕՐԵԱՅ Անմոռուկը կը ծաղկի Թուրքիոյ տարածքին

Ապրիլ 24-ի ձօ­նուած մի­ջոցա­ռումնե­րը տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուին բո­վան­դակ երկրի տա­րած­քին։ Թեր­թիս նա­խորդ թի­ւի էջե­րուն վրայ կա­րելի եղած չա­փով ար­ձա­գան­գած էինք կա­տարո­ւած նա­խաձեռ­նութիւննե­րուն։ Բնա­կանա­բար զա­նազան հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ առա­ջին հեր­թին նպա­տակադ­րած էին ոգե­կոչումներ կա­տարել օրը օրին։ Բայց յատ­կա­պէս մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ խա­չաձե­ւումնե­րէ խու­սա­փելու մի­տու­մով շա­տեր իրենց կազ­մա­կեր­պած մի­ջոցա­ռու­մը յե­տաձ­գե­ցին յա­ջոր­դող օրե­րուն։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ահազանգ, հասէ՛ք կը փլեն Քամփ Արմենը

Թրքահայոց պատկա­նող եւ պե­տու­թեան կող­մէ գրա­ւուած կա­լուած­նե­րու մէջ ամե­նախորհրդան­շա­կան օրի­նակը կը կազ­մէ Քամփ Ար­մեն անու­նով ծա­նօթ Թուզլա­յի Ման­կա­կան Ճամ­բա­րը։ 6 Մա­յիս Չո­րեք­շաբթի առա­ւօտ քան­դիչ մե­քենա­ներ ճամ­բար մտնե­լով սկսան փլել ճամ­բա­րի եր­կա­րամեայ տնօ­րէն Հրանդ Կիւ­զէ­լեանի սե­նեակը, որպէս տղոց եւ աղջկանց ննջա­րան գոր­ծա­ծուող հինգ սե­նեակ­ներ եւ մա­տու­ռը։ Երբ լու­րը լսո­ւեցաւ, կայ­ծակնա­յին արա­գու­թեամբ վայր փու­թա­ցին ՀՏՓ եւ ՃՀՓ կու­սակցու­թիւննե­րու շրջա­նային վար­չութիւննե­րը, երես­փո­խանու­թեան թեկ­նա­ծու Կա­րօ Փայ­լան եւ Նոր Զար­թօնքի երի­տասարդ գոր­ծիչներ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ո՞ւր է մեր քաղաքը

Մեր քաղաքները երկնաքերներով չեն յատկանշուիր։ Մեր քաղաքները ոլոր մոլոր պողոտաները չեն, ոչ իսկ քաղաքային պարտէզները, թաղամասերը կամ նաւահանգիստները։ Շուկաները չեն մեր քաղաքները, եւ կամ տուները։ Մեր քաղաքներուն մէջ մարդիկ չեն հեծիր սրընթաց գնացքներուն, կառքերուն, հանրակառքերուն։ Մայթեր ալ չկան հոն, հետիոտն անցորդներն ալ չկան։ Թատրոն եւ սինեմա ալ չկայ մեր քաղաքներուն մէջ։ Ազդանշաններ չկան, ազդատախտակներ չկան։ Եկեղեցի ու դպրոց ալ չկայ։ Գերեզմանատուն իսկ անկարելի է գտնել։ Մեր քաղաքներուն մէջ հրապարակներ չկան, եւ հրապարակներուն մէջտեղը կանգնեցուած արձաններ ու աշտարակներ չկան։
ԱՌՕՐԵԱՅ Դատ հարիւրամեայ գրաւումի դէմ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներու աստիճանակարգին մէջ երկորդը կը կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Աթոռը։ Պատմութեան մէջ ան կը յիշուի նաեւ Կիլիկիոյ հայոց կամ Սիսի Կաթողիկոսութիւն անուններով։ Արդարեւ այս պատմական աթոռի կեդրոնը եղած է Սիս քաղաքը, որ այժմ Թուրքիոյ քարտէսին վրայ ծանօթ է Ատանայի կապուած Քոզան գաւառով։
ԱՌՕՐԵԱՅ Վերջին ճիգ Քամփ Արմենը փրկելու համար

Հանրապետու­թեան շրջա­նին, յատ­կա­պէս 1974 թուակա­նէն ետք պե­տական եւ դա­տական դա­ւադ­րութիւ­նով գրա­ւուած փոք­րա­մաս­նութեանց ազ­գա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու մէջ յա­տուկ նշա­նակու­թիւն ու­նին եր­կու օրի­նակ­ներ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Փաստեր, յուշեր, վկայութիւններ

Ասում են մէկ հո­գու ող­բերգու­թիւնը ող­բերգու­թիւն է, իսկ մի­լիոն­նե­րի՝ վի­ճակագ­րութիւն։ Ան­շի­րիմ մնա­ցած զո­հերի առ­ջեւ մենք պար­տա­ւորու­թիւն ու­նենք. փա­ռատել վի­ճակագ­րութիւ­նը եւ մէկ առ մէկ անցնել զո­հերի հետ իրենց Գող­գո­թայի ճամ­բան։ Եղեռ­նին իր 5 զա­ւակ­նե­րին կորցրած Մա­րիցա Եղո­յեանի յու­շա­տետ­րը Կիւմրի քա­ղաքի «Կու­մայրի» թեր­թին տրա­մադ­րել էր նրա որ­դի՝ Զի­դալ Եղոյեանը (ծն. 1934-ին), եւ այս յու­շե­րը լոյս տե­սան 1995-ի Ապ­րի­լեան թի­ւի մէջ, իսկ ինձ հա­սան դրանք Եղո­յեանի փե­սայի՝ դստեր ամուսնու, Յով­հաննէս Դուրգա­րեանի մի­ջոցով։ Հա­զարա­ւոր վկայու­թիւննե­րի մէջ ես զա­տեցի այս մէ­կը, որ­տեղ ցայ­տուն կեր­պով ար­տա­յայ­տուած է ոչ միայն ող­բերգու­թեան խե­լակո­րու­սութիւ­նը, այլ այդ ող­բերգու­թեանը դի­մադ­րո­ղակա­նու­թեան զօ­րաւոր ու­ժը, որի շնոր­հիւ մենք որ­պէս ազգ այ­սօր կանք։ Ահա­ւասիկ Մա­րիցա Եղո­յեանի վշտա­պատու­մը։