Նախորդ շաբաթուայ համայնքային կարեւոր անցուդարձերէն մէկն էրՄեսրոպ Բ. Պատրիարքի համար դատական որոշումով խնամատար մը նշանակելու խնդիրը։ Այս զարգացումով կրկին օրակարգի եկաւ պատրիարքական ընտրութեան հարցը։ Վերջին զարգացումներու լոյսին տակ դիմեցինք նախապէս այս աթոռին համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած երկու հոգեւորականներու՝ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գարեգին Արք. Պէքճեանի եւ Հայաստանէն Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Սեպուհ Արք. Չուլճեանի։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Իսթանպուլի Պատրիարքութեան երկու թեկնածուներուն «Ակօս»ին փոխանցած պատասխանները։
ՊԱՐՈՅՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
baruyr@agos.com.tr
«Պէտք է տեսնել համայնքի վատթարացող վիճակը»
Պարոյր Գույումճեան- Մեսրոպ Պատրիարքի համար Խնամատարի մը նշանակումը կարեւոր զարգացում մը ըլլալով կը դիտուի։ Ըստ ձեզ այս զարգացումը պատրիարքական ընտրութեան համար խթան մը կրնա՞յ ըլլալ։
Սեպուհ Սրբազան- Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարքի խնամատար նշանակելու խնդրի բացայայտումը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական ընտրութեան տանող ճանապարհներէն մէկն է։ Թէեւ այս վիճակէն դուրս գալու բազմաթիւ այլ ճանապարհներ արդէն կային, որոնց սակայն համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատուները չդիմեցին։ Փաստօրէն, ցաւօք սրտի, դատական կարգով հաստատուեցաւ իմ Սրբազան եղբօր՝ Մեսրոպ Պատրիարքի անգործունեայ վիճակը։
Սակայն արհեստականօրէն ստեղծուած, մեր իսկ անմիաբանութեան պատճառով ձգձգուած պատրիարքական ընտրութիւններու համար կրնանք այս տարբերակը եւս ելք համարել, անշուշտ եթէ համայնքին մէջ հեղինակութիւն ունեցող ներկայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատուները լսեն պոլսահայերուն ձայնը եւ տեսնեն համայնքի վատթարացող վիճակը։
Պ.Գ.- Դատական գործընթացով հրապարակուեցաւ Դատական Բժշկութեան Մեսրոպ Պատրիարքի մասին տեղեկագիրը։ Այս արդիւնքը ապահովողները ծանրօրէն քննադատուեցան Աթէշեան Սրբազանի կողմէ։ Ի՞նչ կը խորհիք այս մասին։
Ս.Ս.- Մեսրոպ Սրբազանի առողջութեան վերաբերեալ բժիշկները վաղուց տուած են իրենց գրաւոր եզրակացութիւնները։ Այս նորութիւն չէր։ Կը կարծեմ, որ մեր բոլորիս համար ամօթալի է, որ այդ խնդիրը հասած էր դատական համակարգ, քանի որ այն դատական հաստատման կարիք չունէր։ Սակայն ով եւ ինչու տարիներ շարունակ ժողովրդէն թաքցուց անոր հիւանդութեան մասին վկայող փաստաթղթերը, չեմ գիտեր։ Այնուամենայնիւ ես անձամբ կը գնահատեմ եւ կ՚օրհնեմ պոլսահայ բարեպաշտ մեր այն հայրենակիցները, որոնք համայնքի պատիւը բարձր պահելով, ելքի միջոցներ փնտռեցին դուրս գալու այս խայտառակ վիճակէն եւ դիմեցին դատարան։ Արամ Սրբազանի զայրոյթը անկեղծ ըսած, ինձ համար հասկնալի չէ…
Պ.Գ.- Ութը տարի է որ Պատրիարքարանը մնացած է առանց պատրիարքի, ո՞վ է պատասխանատուն։
Ս.Ս.- Պատրիարքի ընտրութեան շուրջ ձեւաւորուած այս քննադատելի վիճակը անշուշտ ունի մեղաւորներ եւ պատասխանատուներ։ Անոնք յայտնի են բոլոր անոնց, որոնք քիչ թէ շատ այդ թեմային ծանօթ են։ Աւելին ըսեմ, անգամ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ այդ խնդիրը շատերուն համար պարզ է։ Ամենամեծ պատասխանատուութիւնը անշուշտ կը կրեն անոնք, որոնք այս տարիներու ընթացքին անտրամաբանական տարբեր եղանակներով կը յետաձգեն այս հարցը, երբեմն դիմելով անգամ սուտ խօսելու։ Սակայն, ի վերջոյ անոնց ամենամեծ պատասխանատուութիւնը եւ մեղքը Աստուծոյ, հայ համայնքի եւ Պոլսոյ Սուրբ Աթոռին առջեւ է, քանի որ այդ ամէնը ամենաշատ կը վնասեն համայնքին ու աթոռին։ Անցնող ութը տարիներուն համայնքը շատ-շատ բան կորսնցուց, երիտասարդ սերունդ հասունցաւ առանց պատրիարքական շնչի ու հովուապետի հայրական խնամքին։
Պատմութիւնը անշուշտ արդար դատաւոր կ՚ըլլայ այդ ամենուն, մանաւանդ որ նման նախադէպքեր 1923-1927 եւ 1944-1950 թթ. արդէն իսկ Պոլսոյ Պատրիարքութեան պարագային արձանագրուած են։ Սակայն բացի պատմութենէն, մեր խնդիրն է ոչ թէ դատապարտել այն բոլոր մարդկանց, որոնք ունին դիրք, պաշտօն, լիազօրութիւն եւ կոչուած են այդ խնդիրը լուծելու, սակայն կ՚ընեն ճիշդ հակառակը, ա՛յլ շարունակել յորդորել անոնք, համայնքի շահը գերադասել նեղ անձնական շահերէն։
Պ.Գ.- Ի՞նչ կը թելադրէ աւանդութիւնը։
Ս.Ս.- Մենք վաղուց պէտք է ընտրած ըլլայինք մեր պատրիարքը։ Բոլոր հիմքերն ու պատճառները ունէինք աթոռակից եւ կամ նոր պատրիարք ընտրելու։ Շատ մեծ բան չէր պահանջուածը, իհարկէ, եթէ այդ ամենուն մէջ չըլլար անթաքոյց անձնական շահախնդրութիւնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գերագոյն հոգեւոր խորհրդի ժողովներուն մէջ բազմիցս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յորդորած է Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանին՝ իբրեւ փոխանորդի, որ պէտք է պատրիարքական ընտրութեան կազմակերպման համար տանիլ համապատասխան աշխատանքներ։ Սակայն ձայն բարբառոյ անապատի…
Պ.Գ.- Պատրիարքական ընտրութիւնը ապահովելու համար համայնքը ի՞նչ պէտք է ընէ։
Ս.Ս.- Սթափիլ պէտք է։ Մէկ կողմ թողուլ նեղ անձնական շահերը։ Պատրիարքութեան ընտրութեան հարցը Թուրքիոյ հայ համայնքի լինել-չլինելու հարց է։ Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր այս Սուրբ Աթոռի փրկութեան համար պէտք է իւրաքանչիւր բարեպաշտ հայ իր արդար ձայնը բարձրացնէ այս անորոշ եւ կործանարար դաւադիր լռութեան դէմ։ Ես կ՚ողջունեմ հայ համայնքի բոլոր ազնիւ ջանքերը, որոնք ուղղուած են իրենց պատրիարքը ընտրելու, քանի որ ասիկա անոնց իրաւունքն է ե՛ւ որպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդներ, ե՛ւ որպէս Թուրքիայի քաղաքացիներ։
Պ.Գ.- 2009-ին առաջադրած էիք ձեր թեկնածութիւնը։ Հաւանական ընտրութեան մը պարագային կրկին թեկնածու պիտի ըլլա՞ք։
Ս.Ս.- Ինչպէս յայտնի է, ես՝ որպէս Թուրքիոյ մէջ ծնած հոգեւորական, ունիմ պատրիարքի թեկնածու առաջադրուելու իրաւունք։ Արդէն նախկին ընտրութիւններէն մէկուն մէջ կիրառած եմ այդ իրաւունքը։ Այսինքն՝ կայ նախադէպ եւ որեւէ արգելք հիմա ալ չկայ թեկնածութիւնս առաջադրելու համար։ Ես վճռական եմ Պոլսոյ հայ համայնքի եւ Պոլսոյ պատրիարքութեան խնդիրներուն լուծման ճանապարհին իմ անմնացորդ ներդրումը ունենալ եւ ծառայել այդ աթոռին ու համայնքին եւ եթէ համայնքը յարմար գտնէ իմ անձը, ապա այդ համարելով բարձր առաքելութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնելով Աստծուն՝ ես պատրաստ եմ ծառայել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյն ու համայնքին այդ պատասխանատու պաշտօնին եւս։