Խնդրայարոյց որոշում մը՝ «Շտապ պետականացում»

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Նախա­րարաց Խոր­հուրդի որո­շու­մով «շտապ պե­տակա­նացում»ի են­թա­կայ տա­րած­քին մէջ կը գտնուի Մի­ջին Արե­ւել­քի ամե­նամեծ հայ­կա­կան եկե­ղեցին Սուրբ Կի­րակո­սը։ Նոյն որո­շու­մով պե­տակա­նացուած եղան ասո­րի, քաղ­դէացի եւ աւե­տարան­ա­կան եկե­ղեցի­ներն ալ։ Գո­յացած հա­կազ­դե­ցու­թե­նէն ետք կա­ռավա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րը կը պնդեն որ պե­տակա­նաց­ման որո­շու­մը պի­տի չգոր­ծադրուի եկե­ղեցի­ներուն դէմ։ Միւս կող­մէ եկե­ղեցի­ներու խնա­մատա­րու­թեամբ զբա­ղող հիմ­նարկնե­րը կը պատ­րաստուին Նա­խարա­րաց Խոր­հուրդի որո­շու­մը դա­տարան փո­խադ­րել։

Թուրքիոյ պաշ­տօ­նական թեր­թի 25 Մարտ թուակիր հա­մարին մէջ լոյս տես­նող Նա­խարա­րաց Խոր­հուրդի որո­շու­մով Տի­յար­պէ­քիրի Սուր շրջա­նին մէջ տեղ առ­նող 6 հա­զար 300 բա­ժին հո­ղաշեր­տը շու­տով կը պե­տակա­նացուի։ Խոր­հուրդը պե­տակա­նաց­ման վե­րաբե­րեալ 2942 հա­մար օրէն­քի 27-րդ յօ­դուա­ծին հա­մաձայն պե­տակա­նաց­ման գոր­ծընթա­ցի հա­մար պաշ­տօ­նի կո­չեց Շրջա­պատի եւ Քա­ղաքա­շինու­թեան Նա­խարա­րու­թիւնը։ Պե­տակա­նաց­ման վտան­գի են­թարկուած եկե­ղեցի­ներէն ոմանք կը պատ­կա­նին հա­մայնքնե­րու, իսկ ոմանք ալ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան կամ Մշա­կոյ­թի եւ Զբօ­սաշրջու­թեան Նա­խարա­րու­թեան։

Տին­յարպէ­քիրի Սուր թա­ղամա­սին մէջ մօ­տաւ­րա­պէս 7 հա­զար 742 բա­ժին հո­ղատա­րածք կայ եւ այս որո­շու­մով Սու­րի 80 տո­կոսը պե­տակա­նացուած պի­տի ըլ­լայ։

Կա­ռավա­րու­թեան տե­սան­կիւնով

Պե­տակա­նացուած տա­րած­քին մէջ եկե­ղեցի­ներու ալ գո­յու­թիւնը պատ­ճառ եղաւ որ խնդի­րը փո­խան­ցուի Խորհրդա­րան։ Շրջա­պատի եւ Քա­ղաքա­շինու­թեան Նա­խարա­րու­հի Ֆաթ­մա Կիւլտէ­մէթ Սա­րը 29 Մարտ Երեք­շաբթի օր մաս­նակցե­ցաւ Ծրագ­րա­ւոր­ման եւ Ելմտա­կան Յանձնա­խումբի ժո­ղովին։ Յանձնա­խումբի ան­դամնե­րէն ՀՏՓ-ի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան եկե­ղեցի­ներուն ալ պե­տակա­նաց­ման հա­ւանա­կանու­թիւնը հար­ցուց Նա­խարա­րու­հիին։ Ֆաթ­մա Կիւլտէ­մէթ Սա­րը տուաւ հե­տեւալ պա­տաս­խա­նը. «Ինչպէս քա­ղաքա­շինու­թեան վե­րաբե­րեալ բո­լոր աշ­խա­տու­թիւննե­րուն, Սու­րի մէջ ալ որո­շած ենք շտապ պե­տակա­նացում։ Սակայն այս չի նշա­նակեր որ ամ­բողջ տա­րած­քը նոյն պա­հուն պի­տի պե­տակա­նացուի։ Մեր նպա­տակը քա­ղաքա­ցինե­րու հետ հա­մաձայ­նիլ է։ Եթէ այդ հա­մաձայ­նութեան մէջ չյա­ջողինք, իբ­րեւ վեր­ջին մի­ջոց կրնանք դի­մել պե­տականցման»։ Նա­խարա­րու­հին աւել­ցուց որ այս աշ­խա­տութիւ­նը պի­տի ըն­թա­նայ 2012-ին ըն­դունուած քա­ղաքա­շինա­կան ծրագ­րի հի­ման վրայ։ Յանձնա­խումբի ԱՔՓ-ական ան­դամ Թո­քաթի պատ­գա­մաւոր Եու­սուֆ Պէ­յազըթ ալ յայտնեց թէ գրան­ցուած կա­ռոյցնե­րը, ինչպէս որ են եկե­ղեցի­ները, չեն կրնար պե­տական­ցուիլ։

Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Արամ Արք. Աթէ­շեան ըսաւ որ Նա­խարա­րաց Խոր­հուրդը պէտք է սրբագ­րութիւն կա­տարէ իր որո­շու­մին մէջ։ Մինչ այդ Պատ­րիար­քարնի անու­նով ժա­մադրու­թիւն պա­հան­ջուած է Շրջա­պատի եւ Քա­ղաքա­շինու­թեան Նա­խարա­րու­հի Ֆաթ­մա Կիւլտէ­մէթ Սա­րըէն։

Սուրբ Կի­րակոս Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ Վարդգէս Էր­կիւն Այըք ալ կը յայտնէ թէ իրա­ւաբան­նե­րը ար­դէն սկսած են աշ­խա­տու­թեան եւ կը պատրաստուին այս որոշումին դէմ իրաւական գետնի վրայ իրենց առարկութիւնը ներկայացնելու։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ