Պատերազմը փոխանցուեցաւ Պէլկիա

Հետզհետէ հասած ենք այն փուլին, ուր բազմաթիւ փորձագէտներ ներկայ ժամանակները կը բնութագրեն որպէս «Համաշխար­հա­յին Գ. Պա­տերազմ»։ Այ­սօ­րուայ դրու­թեամբ ան­տե­ղի է նա­խորդ պա­տերազմնե­րու նման երե­ւոյթ մը ակնկա­լել։ Վեր­ջա­պէս փո­խան­ցուած պա­տերազմնե­րու շրջան մըն է այս։ Սոյն երե­ւոյ­թը նախ տե­սանք Մի­ջին Արե­ւել­քի տա­րած­քին, իսկ այ­սօր ակա­նատես կ՚ըլ­լանք այդ կեղ­տոտ հա­շիւին Եւ­րո­պայի մէջ տես­նուելու երե­ւոյթնե­րուն։

Ար­դա­րեւ 22 Մարտ առա­ւօտուն Պէլ­կիոյ մայ­րա­քաղաք Պրիւքսէ­լի օդա­կայա­նին մէջ պայ­թող եր­կու ռումբե­րուն հե­տեւե­ցաւ եր­րորդ մը, այս ան­գամ քա­ղաքի կեդ­րո­նական հա­տուա­ծի մեթ­րօ­կայան­նե­րէն մէ­կուն մէջ։ Յա­ջոր­դող քա­նի մը ժա­մերու ըն­թացքին յայ­տա­րարուեցաւ յար­ձա­կու­մի հա­շուեկ­շի­ռը՝ 34 մե­ռեալ­ներ եւ մօտ 200 վի­րաւոր­ներ։ Այս պայ­թումէն միայն երեք օր առաջ Պոլ­սոյ կեդ­րո­նական թա­ղամա­սին մէջ մա­հապար­տի մը գոր­ծած ոճի­րով մա­հացած էին չորս զբօ­սաշրջիկ­ներ եւ 36 հոգի ալ վիրաւորուած։ Պայ­թումնե­րը հա­մատա­րած սար­սափ կը պատ­ճա­ռեն, որու հե­տեւան­քով նոյ­նիսկ ծնող­ներ կը խու­սա­փին իրենց զա­ւակ­նե­րը դպրոց ղրկե­լու։

Միւս կող­մէն զա­նազան թեր­թե­րու մէջ յօ­դուա­ծագիր­ներ եղե­լու­թիւնը դա­տապար­տե­լով հան­դերձ կը յի­շեն ԵՄ-ի ան­դամ եր­կիրնե­րու, անոնց հետ միասին Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւննե­րուն Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ գոր­ծադրած դե­րակատ­րութիւ­նը։ Երբ «քա­ղաքա­կիրթ» աշ­խարհի եր­կիրնե­րը իրենց մայ­րա­քաղաք­նե­րուն մէջ չէին վա­րաներ «Սու­րիոյ Բա­րեկամ­նե­րը» անուանու­մով ժո­ղով­ներ գու­մա­րելու նոյն Սու­րիան կոր­ծա­նելու հա­մար, բնա­կանա­բար այդ կրա­կը պի­տի հաս­նէր նաեւ իրենց եր­կիրնե­րը։ Ցա­ւալին այն է ,որ այս հա­շուե­յար­դա­րին զոհ կը դառ­նայ ան­մեղ հա­սարա­կու­թիւնը։

Վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րը, մա­նաւանդ ալ պա­տերազ­մի սար­սա­փէն փա­խէլով Եւ­րո­պայ ապաս­տա­նիլ փոր­ձած գաղ­թա­կան­նե­րու հո­սան­քը, տակն ու վրայ ըրած է եւ­րո­պական ժո­ղովրդա­վարա­կան բազ­մա­թիւ սկզբունքներ։ Աճած է ազ­գայնա­կան հո­սանքնե­րը եւ հան­դուրժո­ղու­թիւնը նուազած օտար­նե­րու հան­դէպ։ Եւ­րո­պացի­ներու մէկ մա­սը, եկող գաղ­թա­կան­նե­րը տա­կաւին սահ­մա­նամու­տին կ՚ող­ջունեն «Բա­րի Գա­լուստ» գրուած վեր­տա­ռու­թիւննե­րով, իսկ մէկ մասն ալ իշ­խա­նու­թիւննե­րուն կոչ կ՚ուղղեն նա­ւը խոր­տա­կուած եւ ծով թա­փած գաղ­թա­կան­նե­րուն չօգ­նե­լու հա­մար։

Պատ­կե­րը դի­տելով կրնանք հա­մոզուիլ, որ «մարդկու­թիւն» հա­մարուած ամէն ինչ ծանր սպառ­նա­լիքի մատ­նուած է եւ մօտ ապա­գային հա­մար յստակ լու­ծում մըն ալ չե­րեւիր։

1789-ի Պաս­տի­լեան ապստամ­բութե­նէն, 1848-ի յե­ղափո­խու­թեան փոր­ձե­րէն, «Փա­րիզի Կո­միւն»էն ետք մարդկու­թիւնը հին աշ­խարհի տա­րած­քին ան­գամ մը եւս նոր փոր­ձա­դաշ­տի վրայ յայտնուած է 2016 թուին եւ ապա­գան կան­խա­տեսե­լու հա­մար ոչինչ կայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ