Զատիկը վերածնունդ է

Այս շաբաթ կ՚աւարտի Մեծ Պահքի եօթը շաբաթները եւ հայ քրիստոնեաներ կը դիմաւորեն Սուրբ Զատիկը։ Քրիստոնէութեան երկու մեծ տօներն են Յիսուս մանուկի ծնունդը խորհրդանշող Սուրբ Ծնունդեան Տօնը եւ մեռելներու մէջէն յարութիւն առնելը խորհրդանշող՝ Սուրբ Զատիկը։ Աստուածաշունչը որքան ալ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան հետ բացատրէ, յարութեան խորհուրդը միշտ տեղ ունեցած է նախաքրիստոնէական հաւատքներուն մէջ։ Պարզ է պատճառը՝ մարդիկ կը դժուարանան մահուան իրողութեան համակերպելու։ Փաստացի, աչքով տեսանելի երեւոյթ է անշնչացող մարմնի նեխումը։ Ուրեմն այս անխուսափելի փաստը ուրանալու համար մարդկային միտքը գտաւ մարմին ու հոգին իրարմէ տարանջատելու եւ մահկանացու մարմնի փոխարէն հոգւոյն անմահութեան հաւատալու մխիթարիչ միտքը։ Սակայն Զատկին աւելի մեծ խորհուրդը առկայ կը մնայ վերակենդանացման գաղափարին մէջ։ Չէ որ ան ժամանակագրական առումով կը զուգադիպի բնութեան վերակենդանացման ժամանակահատուածին։ Այս իմաստով Սուրբ Զատկի խորհուրդը մեզ զերծ կը պահէ վհատելէ։ Աշուղ Ճիւանի յորդորած էր. ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան»։ Այս հաւատքով կ՚ողջունենք մեր բոլոր ընթերցողներուն Սուրբ Զատիկը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ