ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԵԱՆ
vardbalian@gmail.com
Վերջերս Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգի վրայ յաճախակի տեղ կը գտնեն մանկապղծութեան զանազան երեւոյթներ։ Յատկապէս կառավարութեան մօտ գործող եւ այդ իսկ պատճառաւ ալ պետական առիթներէն լաւագոյնս օգտուող Էնսար Հիմնադրամի հսկողութեան տակ գործող զանազան հաստատութիւններէ ներս ամէն օր մանկապղծութեան նոր պնդումներ կը յայտնուին։ Զարմանալի զուգադիպութեամբ նման պնդումներ կը հասնին նաեւ հայկական միջավայրներէ կրկին մեծ ցնցում եւ զայրոյթ յառաջացնելով հասարակութեան մօտ։ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանէ ներս 1990-ական տարեթիւերուն ապրուած մանկապղծութեան երեւոյթները հրապարակ ելան Իսրայէլի Տասներորդ հեռուստակայանի մէջ սփռուող անցեալի հսկաները վաւերագրական ժապաւէնի միջոցաւ։ Այստեղ Հրայր Եզէկէլեան կը պատմէ մանկութեան տարիներուն զինք բռնաբարող հոգեւորականի մը մասին։ Եզէկէլեան կը յիշէ Խադ Չուլտուրեան, Տիմիթրիոս Աթարիան եւ Դաւիթ Սահակեան անունները, իբրեւ զինք բռնաբարող հոգեւորականներ։ Ան իր ոդիսականը կը պատմէ հետեւալ կերպով՝ «Ծնած եմ 1977-ին Լիբանան, Պուրճ Համուտ։ 89-ին, 11 տարեկան հասակիս Երուսաղէմ գացի եւ երեք տարի ուսանեցայ Ժառանգաւորաց Վարժարանի մէջ։ Աւելի ետք ընտանիքս ալ Երուսաղէմ եկան։ Հայրս ատաղձագործ էր եւ աշխատանք գտաւ վանքին մէջ։ Քոյրս եւ եղբայրս ամուսնացան Երուսաղէմցի հայերու հետ, իսկ ես ապրածներուս հետեւանքով ամուրի եմ»։ Հրայր Եզէկէլեան եւս մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ ըսելով որ այս բռնաբարումներուն կը մասնակցին վերատեսուչի, վերահսկիչի կամ հսկիչի դիրքին մէջ գտնուողները։ Այս վկայութիւնները իսկապէս ալ զգայացունց են, քանի որ Եզէկէլեան չի վարանիր մանկապղծութիւն ընողներուն անունները հրապարակելէ։ Աւելին ան կը յայտնէ թէ ամէն անգամ որ փորձած է այս խայտառակութիւնները բողոքել, ինք է որ տուժած է, յանդիմանութիւններու ենթարկուած եւ սպառնալիքներու մատնուած։
Եզէկէլեան կը յայտնէ թէ ի վերջոյ յաջողած է Ֆրանսա երթալ եւ զինք բռնաբարող Դաւիթ Սահակեանի հետ խօսելով անոր խոստովանութիւնը ձայնագրել։ «Ներողութիւն խնդրեց։ Իրմէ լսեցի որ ուրիշ երախաներուն ալ նոյնը ըրած է։ Ըսաւ որ Ֆրանսա գտնուած ժամանակ նման դէպքեր չեն եղած, քանի որ հոն կիներու հետ շփում ունենալ կարելի էր։ Սահակեան Արքեպիսկոպոս այս բռնաբարութիւնները կը տեսնէր, իբրեւ հայրական խնամք։ Ֆրանսական դատարանը խիստ վտանգաւոր գտած է անոր ըրածներուն, որպէս յանցանք չի գիտակցիլը։ Ըսելով որ որքան ատեն որ չի գիտակցիր ըրածին կրկնելու հաւանականութիւնը միշտ առկայ է»։ Սրբազան Սահակեան 16 Մարտ 2016-ին մահացաւ Ֆրանսայի մէջ։ Այս մասին ուղղուած հարցումներուն չէ պատասխանած նաեւ Երուսաղէմի Նուրհան Պատրիարքը։ «Ինք յաճախ Իսթանպուլ կ՚այցելէ։ Փորձեցի իջեւանած հիւրանոցին մէջ իրեն հանդիպել, բայց զիս մերժեց։ Նոյնպէս մերժեց նաեւ փաստաբանիս հարցումներուն պատասխանել»։ Ես ալ իմ կարգին փորձած եմ Երուսաղէմի Պատրիարքարանին հետ կապ հաստատել այս մասին Պատրիարքարանի կարծիքը իմանալու համար։ Սակայն պաշտօնէութիւնը յայտնած է թէ այս մասին ոչ ոք կ՚ուզէ խօսիլ։