Նախորդ շաբաթուայ համայնքային կարեւոր անցուդարձերէն մէկն էրՄեսրոպ Բ. Պատրիարքի համար դատական որոշումով խնամատար մը նշանակելու խնդիրը։ Այս զարգացումով կրկին օրակարգի եկաւ պատրիարքական ընտրութեան հարցը։ Վերջին զարգացումներու լոյսին տակ դիմեցինք նախապէս այս աթոռին համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած երկու հոգեւորականներու՝ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գարեգին Արք. Պէքճեանի եւ Հայաստանէն Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Սեպուհ Արք. Չուլճեանի։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Իսթանպուլի Պատրիարքութեան երկու թեկնածուներուն «Ակօս»ին փոխանցած պատասխանները։
ՊԱՐՈՅՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
baruyr@agos.com.tr
«Կարեւորը ժողովուրդին ցանկութիւնն է»
Պարոյր Գույումճեան- Մեսրոպ Պատրիարքի համար խնամատարի մը նշանակումը կարեւոր զարգացում մը ըլլալով կը դիտուի։ Ըստ ձեզ այս զարգացումը պատրիարքական ընտրութեան համար խթան մը կրնա՞յ ըլլալ։
Գարեգին Սրբազան- Խնամատարի նշանակումը եւ պատրիարքական ընտրութիւնը իրարու հետ կապ չունին։ Սակայն խնամատարի նշանակումով ընտրութեան խնդիրը դարձեալ օրակարգի եկաւ։ Քանի մը տարի առաջ մենք առաջադրած էինք մեր թեկնածութիւնը։ Այդ նիւթին մէջ փոփոխութիւն մը չկայ։ Միւս թեկնածուներն ալ կը մնան նոյն դիրքի վրայ։ Անցեալին նայելով կրնամ ըսել որ բազմաթիւ սխալներ գործուեցան։ Անոնցմէ մեծագոյնն ալ պետութեան թելադրանքին ընդառաջելով Հոգեւոր Խորհուրդի իսկոյն գումարուիլը եւ շուտով պատրիարքական փոխանորդ մը ընտրելն է։ Ես եւ Սեպուհ Սրբազան Պատրիարքարանէն թեկնածութեան մասին նամակ ստանալով յստակօրէն առաջադրած էինք մեր թեկնածութիւնը։ Սակայն փոխանորդի ընտրութենէն տեղեակ չենք պահուած։ Ես անձամբ այս մասին առարկութիւնս յայտնեցի եւ տասը հարցումներ ուղղեցի Պատրիարքարանին։ Մէկ հարցումիս իսկ պատասխան չեմ ստացած։ Անշուշտ պէտք չէր որ սպասէի, որովհետեւ պատասխանելու համար պէտք է արդար գործել։
Աւանդութիւնը «Պատրիարքի Ընտրութիւն» կ՚ըսէ
Մարդիկ ինձմէ խորհուրդ հարցուցին «պատրիարքական ընտրութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք ապահովել» ըսելով։ Յանձնարարեցի պատրիարքի առողջութեան մասին տեղեկագիր մը ապահովել եւ այդ տեղեկագիրով պետական մարմիններուն ընտրութեան համար դիմում կատարել։ Ազգային Սահմանադրութեան երկրորդ յօդուածը բացայայտօրէն կ՚ըսէ՝ «եթէ պատրիարքը որեւէ պատճառով չկրնար կատարել իր պաշտօնը, տեղապահ կ՚ընտրուի, որ կը կազմակերպէ ընտրութիւնը»։ Աթոռակից պատրիարքի մը խնդիրն ալ բաւական վիճելի է։ Եթէ պիտի հետեւինք աւանդութեան, սահմանադրութիւնը յստակ կերպով պատրիարքի ընտրութիւն կ՚ըսէ։ Աթոռակիցի խնդիրը առաջին անգամ օրակարգի բերող Ռոպէր Հատտէճեան «Ազգապատում»էն օրինակներ բերած էր։ Բոլորն ալ ուսումնասիրեցի։ Այնտեղ նշուած աթոռակիցը միայն պատրիարքի երկրէն բացակայելու պարագային փոխանորդի պաշտօն ստաձողն է, որուն այդ կոչումն ալ կ՚աւարտի պատրիարքի վերադարձով։ Հետեւաբար կ՚ուզեմ ընդգծել որ աթոռակից պատրիարքի խնդիրը անգամ մը եւս քննարկելու անարժան նիւթ մըն է։ Դժբախտաբար Իսթանպուլի մէջ չեմ տեսներ այն քաջ մարդիկը, որոնք պիտի կրնան Աթէշեանի դէմ ճնշում բանեցնել եւ զայն պատրիարքի ընտրութեան ստիպել։ Խնդրեմ զգոյշ լսեցէք, «որակ» չեմ ըսած, այլ քաջութեան բացակայութիւնը կը շեշտեմ։ Կարծեմ ոմանք շահեր ունին իսկ ուրիշներ ալ «ինծի ինչ» կ՚ըսեն։
Պ.Գ.- Դատական գործընթացով հրապարակուեցաւ Դատական Բժշկութեան Մեսրոպ Պատրիարքի մասին տեղեկագիրը։ Այս արդիւնքը ապահովողները ծանրօրէն քննադատուեցան Աթէշեան Սրբազանի կողմէ։ Ի՞նչ կը խորհիք այս մասին։
Գ.Ս.- Նախ եւ առաջ, Արամ Սրբազան բնաւ իրաւունք չունի ծանր խօսքեր ըսելու։ Պահանջ մը կայ եւ ինք ալ գիտէ։ Մնաց որ ինք կ՚ըսէ որ ընտրութեան համար դիմում կատարած է։ Նախորդ տարուայ Սեպտեմբերին Էջմիածնի Եպիսկոպոսաց Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովի ընթացքին իրեն հարցուցի թէ ինչո՞ւ չի հրապարակեր կատարած դիմումին մանրամասնութիւնները։ Իմ լսումներուս համաձայն աղերսագիրը պատրաստուած է 1863 թուակիր սահմանադրութեան հիման վրայ։ Այդ սահմանադրութիւնը ուժի մէջ չէ։ Մինչեւ 1960 ունեցած ենք Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւն, որ ան ալ այլեւս գոյութիւն չունի։ Պատրիարքական ընտրութիւնները կատարուած են շրջաբերականներով։ Այս բոլորով հանդերձ Աթէշեան Սրբազան «ձեզ չի հետաքրքրեր, այս մեր ներքին հարցն է» ըսաւ։ Ժողովը կը նախագահէր կաթողիկոսը։ «Երկու իմաստով կը սխալիք» ըսի եւ յիշեցուցի որ ես ինքս Իսթանպուլի Միաբանութեան հոգեւորական եմ, անունս կը նշուի եկեղեցւոյ օրացոյցին մէջ եւ երկրորդ՝ իբրեւ թեկնածու ուղղակի կը հետաքրքրէ զիս։ Մնաց որ Պատրիարքական Աթոռը համայն եկեղեցւոյ խնդիր է եւ չկրնար «ներքին հարց» պիտակովուշադրութիւններէ հեռու պահուիլ։ Ոտքի ելաւ, բարկացաւ պոռաց կանչեց եւ կաթողիկոսին համար ալ անհանդուրժելի երեւոյթ մը պարզեց։ Զգուշացուցի զինք հանդարտ մնալու, հարցումին յստակ պատասխան մը տալու համար։ Այս անգամ ալ «Պատրիարքարանի պաշտօնական հաղորդակցութիւնները չենք հրապարակեր» ըսաւ։ Այս ալ անընդունելի է, քանի որ ամբողջ հասարակութիւնը հետաքրքրող պաշտօնական նամակները պէտք է կիսուին ժողովուրդին հետ։
Հակասական յայտարարութիւններով, բարկութիւնով եւ յանդիմանելով դժբախտաբար մինչեւ օրս կրցաւ շարունակել։
Պ.Գ.- Ո՞ր շրջանակներէ կ՚ակնկալէք քաջութիւնը։ Պատրիարքական ընտրութիւնը ապահովելու համար համայնքը ի՞նչ պէտք է ընէ։
Գ.Ս.- Թէեւ 2009-ի չափ տեսանելի չէ, բայց հասարակութիւնը ընտրութիւն կը պահանջէ։ Այստեղ պարտականութիւն կը վիճակի խնամակալ եւ թաղական խորհուրդներու։ Վերջապէս պետութիւնը պաշտօնապէս երկու խօսակիցներ ունի, Պատրիարքարանը եւ թաղականութիւնները։ Հետեւաբար մեր հաստատութիւններու վարիչները այս խնդրին մէջ պահանջելու իրաւասու են։ Անոնք կրնան ժամկէտ մը որոշել եւ մինչեւ այդ լուծում պահանջել։ Սակայն մինչեւ օրս նման կամք դրսեւորելու քաջութիւնը չեն ունեցած։
Պ.Գ.- Ութը տարի է որ Պատրիարքարանը մնացած է առանց պատրիարքի, ո՞վ է պատասխանատուն։
Գ.Ս.- Այս երեւոյթի միակ պատճառը Արամ Սրբազանին առիթէն օգտուելով պատրիարքութիւն խաղալու ցանկութիւնն է։ Անշուշտ որ պետութիւնը կ՚ուզէ իրեն հետ համերաշխ մէկը ունենալ։ Սակայն կարեւորը ժողովուրդին ցանկութինն է։ Մեսրոպ Մութաֆեան Պատրիարքի ընտրութեան ժամանակ ալ պետութիւնը զինք չէր նախընտրած, կամ ալ այդպէս ձեւացուցած էր։ Բայց ժողովուրդը իր կամքը պարտադրեց եւ Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք ընտրուեցաւ։ Այդ ժամանակ ալ պետութիւնը փորձած էր ընտրութեան գործընթացը շեղել, բայց գոյացած հակազդեցութիւնով չէր յաջողած, եւ ընտրութիւնը կայացած էր մեր աւանդութիւններու հիման վրայ։ «Պետութիւնը չէ արտօնած, այդ պատճառով ընտրութիւն չենք ըներ» նախադասութիւնը պատրուակ մըն է միայն։ Կարեւորը կամքի դրսեւորումն է։