ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք մարդուն մէկը «Քաղաքակրթութիւններու Բախումը» անոնով գիրք մը գրեց։
Շատեր չափազանցութիւն համարեցին այդտեղ գրուածները։ Ուրիշներ դաւադրութեան փորձ կոչեցին։
Իրողութիւն է սակայն որ այսօր եթէ ոչ քաղաքակրթութիւններու, բայց կրօններու միջեւ պատերազմ մը կ՚ապրինք։ Որդի Պուշ երբ անիմաստ կերպով սկիզբ կը դնէր Իրաքեան Բ. պատերազմին, զայն կը կոչէր «Խաչակիրներու Արշաւանք»։ Թէեւ աւելի ետք փորձեց այդ կոչումը մեղմացնել, բայց եղածը լեզուի պարզ սայթաքում մը չէր երբեք: Պատմութեան մէջ խաչակիր արշաւանքներու հակազդեցութիւնը «Ճիհատ» եղած է, այսինքն պատերազմ կրօնի համար։
Ճիհատի համաշխարհային արդի քաղաքականութեան վերադարձը կը զուգադիպի գաղութատիրութեան զարգացման շրջանին։ Իսկ այս գործօնէն օգտուողները շատ անգամ իսլամ կրօնին չեն պատկանած։
Տակաւին ԺԹ. դարուն գաղութատիրութեան ծաւալման դիմաց սկսած էին ծաղկիլ համաիսլամական գաղափարներ։ Ապտուլհամիտ ալ, Օսմանեան երկրէ ներս քրիստոնեայ ժողովուրդներուն զարթօնքը եւ պահանջները կանխելու միտումով, յատկապէս քիւրտ եւ այլ իսլամ ժողովուրդները քրքրելու համար, շահագործեց կրօնի խաղաքարտը։
Իսկ երկրէ դուրս, Գերմանիոյ Վիլհելմ Բ.-ի ծաւալման քաղաքականութեան զուգահեռ, Ճիհատի հռչակումը 1914-ին, կու գար ոչ թէ կրօնամէտ քաղաքական գործիչներէ, այլ արդի Եւրոպական դաստիարակութիւն ստացած, ժամանակակից գաղափարներով պաշարուած «Իթթիհատական» շարքերէ։
Երբ գերմանական հեռանկարը կը միտէր Հնդկաստանի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եգիպտոսի Իսլամներու ապստամբութիւնը հրահրել, Իթթիհատականներն ալ Օսմանեան քրիստոնեաներու բնաջնջման համար կը դիմէին Իսլամական արմատականութեան։ Այսպէսով մաքրած պիտի ըլլային համաթրքական «Թուրան»ի պետութեան տանող ճանապարհը։
Համաշխարհային տարբեր ուժեր մինչեւ օրս կը շահագործեն Ճիհատը։
Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ Ճիհատն ալ իր կարգին հզօր գաղափարախօսութիւն մըն է եւ օգտուելով զինք շահագործել ուզողներուն իրարու միջեւ ունեցած բախումներէն, հասած է այսօրուայ մակարդակին։ Ի վերջոյ ճիհատականներն ալ իրենց հեռանկարը ունին եւ սխալ է ամէն ինչ դիտել շահագործելու եւ շահագործուելու սահմանումով։
Կարգ մը անգլիացի քաղաքագէտներ Պոլշեւիկ Ռուսաստանի դէմ շահագործելու համար զօրակցած էին Հիթլերեան Նացիզմին։ Ապա իրենց գլուխը փրկելու համար, ստիպուեցան այս անգամ Ռուսաստանի հետ դաշինք կնքել։
Նացիները Բ. Համաշխարհային պատերազմին եւս կրկնեցին Վիլհելմ Բ.-ի Իսլամը շահագործելու ռազմավարութիւնը։ Խորհրդային բանակի այլազգի գերիներէն հակառուս ազգայնական ջոկատներ, նաեւ ուղղակի Իսլամական ջոկատներ կազմեցին։
Իսրաէլի վարչապետ Նեթանեահու նախորդ տարի արտայայտեց թէ Հիթլեր սկիզբը չէր նպատակադրած հրեաներու բնաջնջումը։ «Ան կ՚ուզէր հրեաները վտարել իր երկրէն, սակայն ոչ մէկ երկիր յօժարեցաւ հրեաները ընդունիլ:Երուսաղէմի Իսլամ կրօնապետը՝ Միւֆթին շատ բուռն կերպով առարկեց հրեաներուն Պաղէստին գաղթեն։ Խորհուրդ տուաւ տեղւոյն վրայ բնաջնջել զանոնք»։ Վարչապետի այս խօսքերը քննադատուեցան Հիթլերը արդարացնելու մեղադրանքով։ Անշուշտ որ Նեթանեահու Հիթլերը արդարացնելու նպատակ չունէր։ Ան այս բոլորը կ՚ըսէր Հոլոքոստի մեղքը Պաղէստինին բեռցնելով իր բռնի քաղաքականութիւնը արդարացնելու համար։
Բացի կրօնի գործօնէն, արաբական ազգայնականութիւնն ալ ֆրանսական եւ անգլիական մանտադի դէմ գործակցեցաւ Նացիներուն հետ։
Թուրքիոյ հետապնդած այդ նոյն քաղաքականութիւնը «Սատանան մեր մէջ» վէպով շատ յաջող կը նկարագրէ 1948-ին թուրք խորունկ պետութեան կողմէ սպաննուած վիպագիր Սապահատտին Ալի։
1944-ին Ստալինկրատի ազատագրումէն ետք Նացիամէտ Թուրանականները ձերբակալող, Կէստափոյի կողմէ մարզուած ոստիկաններու ձեռքով տանջանքներու ենթարկող Հանրապետականներու վարչութիւնը, դեռ 1945-ին, ցուրտ պատերազմէն ալ առաջ, կրկին շահագործեց զանոնք։ Այս անգամ ազգայնականներու ձեռքով կը ճնշէր բանուորներու արհմիութիւններուն, համալսարաններու ուսանողութեան եւ ձախակողմեան գաղափարախօսութեան։
Հանրապետական խորունկ իշխանութիւնը, իբրեւ թէ ընդդիմադիր «Տէմոքրաթ» կուսակցութեան հետ միասնաբար դրդեցին կրօնի գործօնը։
Այդ պատճառաւ ալ պէտք չէ զարմանալ պարոն Պայքալի եւ պարոն Էրտողանի խորունկ բարեկամութեան։
Հիթլեր, ինչպէս որ փորձանք եղաւ մարդկութեան գլխուն, իբրեւ գործիք շահագործուած ճիհատականութիւնն ալ անհսկելի, անսանձելի դարձած ու փորձանքի վերածուած է։