Ակադեմիա-Զ՝ երազի մը իրականացումը

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Կոմիտաս Վարդապետի Իսթանպուլի մէջ երաժշտանոց մը հիմ­նե­լու երա­զան­քը ան­կա­տար մնաց իր կեն­դա­նութեան օրե­րուն։ Հա­զիւ Հան­րա­պե­տա­­կան Թուրքիոյ տա­­րինե­­րուն է որ երաժշտա­­կան ու­­սում ջամ­­բող հաս­­տա­­­տու­­թիւն մը հիմ­­նո­­­ւեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Հա­­րիւր տա­­րի անց Սա­­յաթ Նո­­վա Երգչա­­խումբի խմբա­­վար Մէ­­լիք­­ճան Զա­­ման այս օրե­­րուն կ՚ապ­­րի հո­­գեկան այն ոգե­­ւորու­­թիւնը, որ երա­­զած էր Մեծն Կո­­միտաս։ Ար­­դա­­­րեւ ան ձեռ­­նարկած է Ակե­­դեմիա-Զ կո­­չու­­մով երաժշտա­­կան ու­­սումնա­­րանի մը հիմ­­նադրու­­թեան։ Այս մա­­սին մտե­­րիմ զրոյց մը ու­­նե­­­ցանք մեր ըն­­կե­­­րոջ հետ, որ պատ­­մեց այս ոդի­­սակա­­նը սկսե­­լով իր երաժշտա­­կան ու­­սումի առա­­ջին քայ­­լե­­­րէն։ «1989-ին, երբ եօթը տա­­րեկան էի եղ­­բայրս Սա­­յաթ զիս ծա­­նօթա­­ցուց իր ու­­սա­­­նած Մի­­մար Սի­­նան Երաժշտա­­նոցի տնօ­­րէնին հետ։ Տնօ­­րէնը զիս ուղղեց իր ու­­սա­­­նող­­նե­­­րէն Մէ­­թին Պա­­րու­­թի։ Այսպէ­­սով սկսաւ իմ ջու­­թա­­­կի հետ փոր­­ձը։ Տու­­նի պայ­­մաննե­­րը ան­­շուշտ որ շատ օգ­­նած էին դէ­­պի երաժշտու­­թիւն ուղղո­­ւելուս։ Մայրս եւ մօ­­րեղ­­բայրս բա­­ռին բուն իմաս­­տով երաժշտա­­սէր­­ներ էին։ Եղ­­բայրս Սա­­յաթ երաժշտա­­նոցի ու­­սա­­­նող, դաշ­­նա­­­կահար եւ այս բո­­լորի մէջ իմ ճա­­նապարհս ալ ար­­դէն ճշդո­­ւած էր։ Հե­­տեւա­­բար երաժշտա­­նոցէ շրջա­­նաւարտ ըլ­­լա­­­լէ ետք ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան վկա­­յական ստա­­ցայ նաեւ նոյն հա­­մալ­­սա­­­րանէն եւ 2014-ին ալ Քիւլթիւր Հա­­մալ­­սա­­­րանէն մաս­­նա­­­գիտա­­կան կո­­չում ստա­­ցայ»։

Կեն­­սագրա­­կան այս տե­­ղեկու­­թիւննե­­րէ ետք կ՚ու­­զենք լսել Պա­­քըր­­գիւղի մէջ երաժշտա­­նոց մը բա­­նալու որո­­շու­­մին ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը։ «2005-ին սկսայ Պա­­քըր­­գիւղցի Արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու Միու­­թեան մէջ դա­­սաւան­­դե­­­լու։ Այդ մի­­ջոցաւ ծա­­նօթա­­ցայ պա­­քըր­­գիւղաբ­­նակ հա­­սարա­­կու­­թեան նա­­խասի­­րու­­թիւննե­­րուն։ Առա­­ջին ան­­գամ հոն սկսաւ ին­­ծի յա­­տուկ «տուն» մը ու­­նե­­­նալու երա­­զան­­քը։ Այդ գա­­ղափա­­րը առեւտրա­­կան նպա­­տակ­­նե­­­րէ դուրս էր։ Աւե­­լի հա­­րազատ մի­­ջավայր մը ստեղ­­ծել ու­­զած էի։ Թէեւ այս կար­­ծի­­­քը միշտ կար միտ­­քիս մէջ սա­­կայն ներ­­կայ հաս­­տա­­­տու­­թեան տա­­նող գոր­­ծընթա­­ցը բո­­լորո­­վին յան­­կարծա­­կի երե­­ւոյթ մըն է։ Եշիլ­­գիւղի դպրո­­ցէն ելած էինք եւ ըն­­կե­­­րոջս հետ պա­­տահա­­բար տե­­սանք վրան -Վար­­ձու է- գրո­­ւած շէն­­քը։ Նոյն պա­­հուն, նոյն բա­­նը մտա­­ծեցինք։ Շնոր­­հիւ Սա­­յաթ Նո­­վա Երգչա­­խումբէն ծա­­նօթ Կիւ­­լի­­­զար Ար­­թուչի, գտանք այս շէն­­քը եւ վար­­ձե­­­ցինք։ Այս մա­­սին փոր­­ձա­­­ռու­­թիւն մը չու­­նե­­­նալու հան­­դերձ, տա­­սը օրո­­ւան կարճ ժա­­մանա­­կի մը մէջ լրա­­ցու­­ցինք բո­­լոր թղթա­­բանու­­թիւննե­­րը։ Ակա­­դեմիա-Զ երաժշտա­­կան բաժ­­նի մէջ ու­­նի ջու­­թա­­­կի, սրին­­գի, դաշ­­նա­­­մու­­րի, թաւ ջու­­թա­­­կի, քլա­­րինէ­­թի, սաք­­սա­­­ֆոնի, կի­­թարի եւ ձայ­­նա­­­մար­­զութեան բա­­ժին­­ներ։ Կող­­քին ու­­նինք 90 ու­­սա­­­նող­­նե­­­րով գոր­­ծող պա­­լէի բա­­ժինը։ Ակա­­դեմիա-Զ կը յա­­ճախեն թատ­­րո­­­նի, բե­­մական արո­­ւեստնե­­րու, փէր­­ֆօրման­­սի եւ յան­­կարծա­­բանու­­թեան ու­­սա­­­նող­­ներ»։

Այս ան­­գամ կ՚ու­­զենք լսել դպրո­­ցի շրջա­­նաւարտնե­­րու ձեռքբե­­րումնե­­րուն մա­­սին։ Մէ­­լիք­­ճան Զա­­ման ոգե­­ւորու­­թեամբ կը պատ­­մէ. «ակա­­դեմիան պաշ­­տօ­­­նապէս ճանչցո­­ւած է Թուրքիոյ Կրթա­­կան Նա­­խարա­­րու­­թեան կող­­մէ։ Կրնամ ըսել որ մեր հաս­­տա­­­տութեան վկա­­յակա­­նը ու­­սա­­­նող­­նե­­­րուն առ­­ջեւ կա­­րեւոր առիթ­­ներ կ՚ապա­­հովէ։ Օրի­­նակի հա­­մար այստեղ ու­­սում ստա­­ցող­­նե­­­րը կ՚ըն­­դունո­­ւին Լոն­­տո­­­նի Ար­­քա­­­յական Ակա­­դեմիա, կամ Լոն­­տո­­­նի Երաժշտա­­կան լսա­­րան։ Այս եր­­կու դպրոց­­նե­­­րուն ալ ու­­թե­­­րորդ դա­­սարա­­նի վկա­­յական­­նե­­­րը վա­­ւերա­­ցուած են ամ­­բողջ Եւ­­րօ Միու­­թեան տա­­րած­­քին։ Ու­­սա­­­նող­­ներ այս դպրոց­­նե­­­րու ծրա­­գիր­­նե­­­րուն կը հե­­տեւին իրենց քա­­ղաք­­նե­­­րուն մէջ։ Քննու­­թիւններ կը յանձնեն Անգլիայէն եկած դա­­տակազ­­մի մը։ Շրջա­­նաւարտնե­­րը իրենց վկա­­յակա­­նով կրնան ու­­սուցչա­­գոր­­ծել նաեւ նմա­­նատիպ դա­­սըն­­թացքնե­­րու եւ կամ դպրոց­­նե­­­րու երաժշտա­­կան ակումբնե­­րուն մէջ»։

Մէ­­լիք­­ճան Զա­­ման կը նշէ որ իրենց հաս­­տա­­­տու­­թեան աւար­­տա­­­կան քննու­­թիւններն ալ կը կա­­յանան Կրթա­­կան Նա­­խարա­­րու­թեան յա­­տուկ հսկո­­ղու­­թեան տակ։ «Վեր­­ջա­­­պէս մեր տո­­ւածը դա­­սըն­­թացքի մը մաս­­նակցած ըլ­­լա­­­լու փաս­­տա­­­թուղթէն աւե­­լի Կրթա­­կան Նա­­խարա­­րու­­թեան կող­­մէ ճանչցո­­ւած վկա­­յական մըն է»։ Ի վեր­­ջոյ Զա­­ման կ՚աւելցնէ թէ յա­­տուկ կա­­րողու­­թիւն ու­­նե­­­ցող ու­­սա­­­նող­­նե­­­րը եւ նիւ­­թա­­­կան անա­­պահո­­վու­­թեան մէջ գտնո­­ւած աշա­­կերտնե­­րը կ՚օգ­­տո­­­ւին հաս­­տա­­­տու­­թեան կրթա­­թոշակ­­նե­­­րէն։ Այս բո­­լորին մա­­սին աւե­­լի լրա­­ցու­­ցիչ տե­ղեկու­թիւննե­րու հա­մար կա­րելի է դի­մել info@akademi-z.com, www.akademi-z.com կայքէջներուն կամ (0212) 466 07 60 եւ (0549) 466 07 60 հեռախօսահամարներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ