ԱՌՕՐԵԱՅ
Վերամուտը իր հոգերով
28 Սեպտեմբերը ուսման տարեշրջանի բացումն է Թուրքիոյ տարածքին։ Այդ օր 18 միլիոն աշակերտներ մուտք գործեցին դպրոցներէ ներս, ամբողջ ինը ամիսներ ինչ-ինչ դժուարութիւններ յաղթահարելու միտումով։
Գաղթի ճամբան 80 տարի ետք
Հայրս ծնած էր Տիյարպէքիրի Հազրօ քաղաքը։ 1930-ին ինը տարեկան էր երբ իր ծնողներուն հետ գաղթեց դէպի Հալէպ։ Անհրաժեշտ ճամբորդութիւն մըն էր այս։ Մեծ մայրս ու մեծ հայրս ցեղասպանութեան տարիներուն իրենց ընտանիքին կարեւոր մասը կորսնցուցած որբեր էին։ Դիմադրեցին բռնի իսլամացնելու հոսանքին եւ Հազրօն լքելով ապաստանեցան Տիյարպէքիր։ Բայց այս տեղն ալ ապահով չէր իրենց համար, ու այսպէսով հետեւեցան իրենցմէ առաջ գաղթած բարեկամներու, ազգականներու ուղիին ու հասան Սուրիա։
Բայց դեռ բանտարկուած
Աւելի քան 11 տարի բանտարկութեան դատապարտուած Սեւան Նշանեան կը փոխադրուի աւելի մեղմ պայմաններ ունեցող Սուլթան Հիսարի Բաց Արգելանոցը։ Ան այս օրերուս ժամանակաւոր ազատութիւն մը կ՚ապրի, որուն շնորհիւ յաջողեցանք իր հետ կապ հաստատել։
61-րդ Ծնունդդ Շնորհաւոր
15Սեպտեմբեր 2015, 61-րդ ծնունդը Հրանդ Տինքի։ Ծնունդդ Շնորհաւոր։ «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի նահատակութենէն ետք, իր անունը յաւէրժացնելու միտումով հիմնուած Հրանդ Տինք Հիմնարկի աւանդական նախաձեռնութիւնը «Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակ»ը կայացաւ Իսթանպուլի Համագումարներու Կեդրոնի դահլիճին մէջ։