ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Թուրքիոյ հայ հասարակութեան օրակարգին ռումբի ազդեցութիւնով մտաւ 6 Փետրուար Շաբաթ օր Յակոբ Եաքուպ Տէմիրճի եւ Սեդա Այտա Տէմիրճի ամոլի Հարպիյէի իրենց բնակարանին մէջ ենթարկուած յարձակումի լուրը։ Ութը անձերէ բաղկացող կազմակերպութեան մը աւազակութեան նպատակով ծրագրած յանցագործութեան ընթացքին 85 ամեայ Յակոբ Եաքուպ Տէմիրճի տեղւոյն վրայ մահացած էր, իսկ կինը Սեդա Այտա Տէմիրճի վիրաւորուած։ Երեք աւազակներ տուն մտնելէն վերջ երկու տարեց ամուսինները կապած ու ապա տունը պահուած գումարը վերցնելով խոյս տուած էին։ Տան շուրջ բազմաթիւ տեսախցիկներ ըլլալով հանդերձ յանցագործները հազիւ երեք օր ետք 9 Փետրուարին բռնուեցան Տրապիզոնի մէջ։
Հերքուած պնդումը
Դէպքի պատահելէն կարճ ժամանակ ետք նիւթը հասարակութեան փոխանցուեցաւ ամուսիններուն «խոզի կապ»ի դրութեամբ կապուած ըլլալուն մասին տեղեկութիւնով։ Սակայն Կուսակալութիւնը շուտով հերքեց այս լուրը։ Մարդասպանութեան Բաժնի հետախոյզներու եւ դատախազի քննարկումէն ետք Յակոբ Եաքուպ Տէմիրճիի մարմինը փոխադրուեցաւ Իսթանպուլի Դատական Բժշկութեան Կեդրոնը։ Ոստիկաններու առաջին քննարկումով յայտնի դարձաւ թէ շէնքի մուտքի դուռը կղպուած էր։
Դատական Բժշկութեան քննութիւնը երկար պիտի տեւէ
Տէմիրճի ընտանիքի ազգականներէն մէկուն փոխանցած տեղեկութեան համաձայն Դատական Բժշկութեան քննարկումը մօտ 45 օր պիտի տեւէ։ «Ես ննջեցեալը ոճիրին յաջորդ օր հիւանդանոցի դիասենեակէն ստացայ։ Ոչ ոք յայտարարութիւն մը կ՚ընէ մահուան պատճառին մասին։ Այս իրողութիւնը հազիւ մէկուկէս ամիս ետք պիտի լսենք»։
Միւս կողմէ յարձակումէն թեթեւ վնասուածքներով փրկուող Սեդա Այտա Տէմիրճի դէպքէն ետք փոխադրուած էր Շիշլի Էթֆալ Հիւանդանոց, ուր քանի մը ժամուայ բժշկական հսկողութենէ ետք բերուեցաւ քրոջ որդւոյն տունը։ Ան հազիւ քանի մը օր ետք լսեց ամուսնոյն մահուան լուրը։ Իսկ Յակոբ Եաքուպ Տէմիրճի 10 Փետրուար Չորեքշաբթի օր Ֆերիգիւղի Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած յուղարկաւորութեան կարգէն ետք հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատունը։
Մեղադրեալները Տրապիզոնի մէջ ձերբակալուեցան
Յարձակման հեղինակութեամբ ամբաստանուած ութը կասկածեալներ 9 Փետրուարին ձերբակալուեցան Տրապիզոնի մէջ, ուրկէ փոխադրուեցան Իսթանպուլի Անվտանգութեան Տնօրէնութիւն։ Պարզուեցաւ որ ձերբակալուածները Հայաստանի քաղաքացի են եւ կը փորձէին Վրաստանի ճամբով Հայաստան անցնիլ։ Իշխանութիւնները յայտարարեցին անոնց անուններն ալ։
Տրապիզոնի Դատախազութիւնն ալ իր կարգին յայտարարութիւններ ընելով պարզեց ձերբակալուածներու բռնուելու մասին մանրամասնութիւններ։ Անոնց մօտ գտնուած է Յակոբ Եաքուպ Տէմիրճիի թեւի ժամացոյցը եւ 10 հազար ԱՄՆ տոլար։ Իրենց ձերբակալուած տունը երկու օր առաջ վարձուած էր մեղադրեալներէն մէկուն կողէ։