Յիշողութեան Քարտէզներ

Հրանդ Տինք Հիմնարկի Մշակութային ժառան­գութիւն ծրա­գիրի կազ­մա­կեր­պութեամբ, Անա­րատ Յղու­թիւն շէն­քի «Հա­ւաք» սրա­հին մէջ, նա­խորդ Ուրբաթ օր կա­յացաւ նիստ մը, ուր ներ­կա­յացուեցան երեք տար­բեր քար­տէ­զագ­րութեան նա­խագի­ծեր։

Նիս­տը կազ­մա­կեր­պած էր Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի Մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւն ծրա­գիրը, իր քար­տէ­զագ­րութեան նա­խագի­ծը հան­րութեան ծա­նօթաց­նե­լու առի­թով։ Այս կա­պակ­ցութեամբ Քա­թալո­նիայէն հրա­ւիրուած էին Պար­սելոնա Հա­մալ­սա­րանի հո­վանա­ւորու­թեամբ գոր­ծող Մէ­մորիա Պար­սե­լոնա նա­խագի­ծի ներ­կա­յացու­ցիչներ՝ Ճոր­տի Կի­խէ Քո­րոմի­նաս եւ Օրիոլ Լո­փեզ Պա­տել, որոնք ներ­կա­յացու­ցին Պար­սե­լոնա­յի յի­շար­ժան վայ­րե­րը քար­տէ­զագ­րող իրենց նախագիծը։ Նիս­տին հրա­ւիրուած էին նաեւ Իս­թանպու­լեան իրա­կանու­թեան մէջ հա­մակ­րանք վա­յելող, Սա­պան­ճը Հա­մալ­սա­րանի հո­վանա­ւորած Հե­տաքրքիր Քայ­լեր՝ Գեն­տե­րի եւ Յի­շողու­թեան Շրջապը­տոյտներ նա­խագի­ծի ներ­կա­յացու­ցիչներ Այ­շե­կիւլ Ալ­թը­նայ եւ Տի­լարա Չա­լըշ­քան։ Իսկ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի Մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւն նա­խագի­ծի պատ­րաստած «Թուրքիոյ մշա­կու­թա­յին հարստու­թիւնը» քար­տէ­զը ներ­կա­յացուց նա­խագի­ծի գի­տական պա­տաս­խա­նատու Վա­հագն Քէ­շիշեան։

Հա­ւաք սրա­հը ամ­բողջու­թեամբ լեց­նող, ու աւե­լին, աս­տի­ճան­ներն ալ զբա­ղեց­նող հան­րութիւ­նը վա­յելեց երեք քար­տէզագը­րութեան նա­խագի­ծերու ներ­կա­յացումնե­րը իրենց ման­րա­մաս­նութին­նե­րով։ Երեք նա­խագի­ծերը ըլ­լա­լով յի­շողու­թեան, քար­տէ­զագ­րութեան, հա­մակարգչա­յին ծրագ­րա­ւորո­ւմի, աշ­խարհագ­րա­կան եւ մշա­կու­թա­յին տե­ղեկու­թիւննե­րու շտե­մարան­ներ, եւ այս ամ­բողջը իրար միաց­նող հար­թակներ, իրար նման էին զա­նազան առումնե­րով։ Սա­կայն թէ աշ­խարհագ­րա­կան ըն­կա­լու­մի, թէ մօ­տեցումնե­րու եւ թէ նպա­տակ­նե­րու առու­մով իրար­մէ զա­նազա­նուե­լով յատ­կանշա­կան էին։ Մինչ Պար­սե­լոնա­յի նախագիծը կը կեդ­րո­նանար քա­ղաքա­յին մշա­կոյ­թի, ու զբօ­սաշրջիկ­նե­րուն դիւ­րութիւններ տա­լու վրայ, Իս­թանպու­լի ծրա­գիրը իւ­րա­յատուկ էր շրջա­գայու­թիւննե­րու վրայ կեդ­րո­նացած ըլ­լա­լով։ Ան­դին Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի ծրա­գիրը հան­րա­գիտա­րանի մը նման տե­ղեկու­թիւննե­րը կը սփռէ քար­տէ­զին վրայ, ու երե­ւելի կը դարձնէ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հան­րա­յին ու­նե­ցուած­քը։

Մե­մորիա Պար­սելոնա նա­խագի­ծը թէ հա­մացան­ցա­յին կայ­քէջ մըն է, եւ թէ խե­լացի հե­ռաձայննե­րու ծրա­գիր։ Այ­ցե­լու­ներ կրնան դի­տել պատ­կե­րաւոր կայ­քէ­ջը ծա­նօթա­նալու հա­մար իս­պա­նական քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մի ձգած հետ­քե­րուն, 70-ական­նե­րու ժո­ղովրդա­վարաց­ման շարժման, եւ այլ կա­րեւոր պատ­մա­կան հանգրուան­նե­րու, դի­տելով այս դէպ­քե­րուն ակա­նատես եղած շէն­քե­րուն եւ այլ կառոյցներուն նկար­նե­րը։ Եւ կամ, ոչ թէ կայ­քէ­ջին մի­ջոցաւ, այլ խե­լացի հե­ռաձայ­նի ըն­կե­րակ­ցութեամբ, քար­տէ­զի մը վրա­յէն հե­տեւե­լով ցոյց տրուած ու­ղի­ները, հե­տեւին Պար­սելոնա­յի փո­ղոց­նե­րուն, եւ տես­նեն շէն­քե­րը իրենց տե­ղը։ Հարկ է նշել, որ Մե­մորիա Պար­սէ­լոնա նա­խագի­ծը, ոչ միայն այս քար­տէ­զով է, որ կը զբա­ղի։ Անոր մշա­կու­թա­յին գոր­ծունէու­թիւնը կ՚ընգրկէ ահա­գին եր­կար ցանկ մը, որուն մէ­ջէն, ան­ցեալ տա­րուան ըն­թացքին կրնանք տես­նել Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեակին նուիրուած ցու­ցա­հան­դէս մը։

Հե­տաքրքիր Քայ­լեր շրջա­գայու­թիւննե­րու նա­խագի­ծը ի մի կը բե­րէ Իս­թանպու­լի վե­րաբե­րեալ, անոր քա­ղաքա­յին շի­նու­թեան, անոր ֆե­մինիստ պայ­քա­րի պատ­մութեան, անոր հայ, յոյն, հրեայ բնա­կիչ­նե­րու կեան­քին վե­րաբե­րեալ ման­րա­մաս­նութիւններ, եւ աւե­լին։ Շրջա­գայու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը, որոնք քով քո­վի կու գան յա­տուկ, նա­խապէս ճշտուած թուական­նե­րու, կը լսեն Իս­թանպու­լի այս «հե­տաքրքիր» պատ­մութիւննե­րը, կը սոր­վին անոր ոչ շատ յա­ճախ լսուած գաղտնիք­նե­րը, ու մաս­նա­կից կը դառ­նան ինքն շրջապ­տոյտի կազ­մա­կերպման։ Ըն­թերցումնե­րով հա­րուստ, յա­տուկ պատ­րաստուած պատ­կե­րաւոր գիր­քե­րու ըն­կե­րակ­ցութեամբ, շրջա­գայու­թիւննե­րը կը վե­րածուին յի­շողու­թեան մար­զանքի։

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի Մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւն ծրա­գիրի Թուրքիոյ մշա­կու­թա­յին հարստու­թիւնը նա­խագի­ծի քար­տէ­զը կը պա­րու­նա­կէ տա­սը հա­զարի մօտ տե­ղագ­րութիւն, հայ, յոյն, ասո­րի եւ հրեայ հա­մայնքնե­րուն պատ­կա­նող։ Այս հան­րա­յին կա­լուած­նե­րը, կը բաղ­կա­նան գլխա­ւորա­բար եկե­ղեցի­ներէ, դպրոց­նե­րէ, վան­քե­րէ, մա­տուռնե­րէ, գե­րեզ­մաննե­րէ, սի­նակոկ­նե­րէ, որ­բա­նոց­նե­րէ, հիւնդա­նոց­նե­րէ։ Քար­տէ­զին վրայ կա­րելի է ման­րա­մաս­նօ­րէն որո­նումներ կա­տարել, ըստ տե­ղայ­նութեան, հին եւ նոր անուննե­րու, ըստ ազ­գա­յին պատ­կա­նելու­թեան, ըստ կա­ռոյ­ցի տե­սակին, ըստ այ­սօ­րուան գոր­ծա­ծու­թեան, եւ այլն։ Լու­սանկար­նե­րով, հա­կիրճ պատ­մա­կան տե­ղեկու­թիւննե­րով եւ աղ­բիւրնե­րով հարստա­ցուած քար­տէ­զը կը խոս­տա­նայ ըլ­լալ առա­ջին նման նա­խաձեռ­նութիւ­նը, որ հան­րութեան առիթ կու տայ առա­ջարկնե­րով մաս­նա­կից ըլլալ այս տեղեկութիւններու հաւաքելուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ