ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԷՆ

«Առ մեզ ագիր, զի ընդ երեկս է եւ տարաժամեալ է օրս»

(Ղուկաս, 24.29)

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան հրեշտակաւանդ աւետիսը այս տարի եւս ընկալեցինք հոգեւոր ցնծութեամբ։

Այս անզուգական աւետիսը կու գայ վերաթարմացնել մեր հոգեւոր կեանքը, որ աւելի քան երբեք կարիքն ունի մերօրեայ աշխարհի հոգեմաշ եւ հոգեկործան հոսանքներուն դիմադրելու համար։

Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսով նորոգուած հաւատացեալներ խորապէս համոզուած են, թէ իրենց երկրաւոր կեանքը սահմանափակուած է շնորհաց պարգեւողին պարգեւած օրերուն չափովը եւ այդ կեանքը՝ ճանապարհորդութիւն մը, որով կը պատրաստուին յաւիտենականին։ Այդ ճանապարհորդութեան ընթացքին վստահ են, թէ Քրիստոս կը հետեւի իրենց ամէն քայլափոխին։ Յիրաւի, յուսախափուած, յուսահատութեան մատնուած մարդուն կեանքէն ներս կարեւորութիւն կը զգենու Յարուցեալ Փրկչին ներկայութիւնը։ Եթէ կ՚ուզենք ձերբազատուիլ այդ յուսահատ վիճակէն եւ մեր վրայէն թօթափել անստուգութեան ծանր բեռը, մեզի համար մէկ միջոց կայ. Հրաւիրել Քրիստոսը որպէսզի բնակի մեր մէջ, Իր Խօսքով եւ պատուական Մարմնոյն եւ Արեան հաղորդութեամբ։ Որքան տարօրինակ է աշխարհը։ Քրիստոս տակաւին աշխարհ չեկած, Սուրբ Կոյս Մարիամ եւ խօսեցեալը Յովսէփ ախոռի մը յարկին տակ ապաստանած էին, «որովհետեւ իջեւանին մէջ իրենց համար տեղ չկար» (Ղուկաս, 2.7)։ Սակայն Աստուածային նախախնամութիւնը այնպէս մը տնօրինած է, թէ յարուցեալ Քրիստոսը մեզի հետ կ՚ըլլայ մեր տկարութեանց բուժման, մեր հաւատքի ամրապնդման համար։ Գալիլիոյ ծովակի ալեկոծութեան պահուն առաքեալներ ականջալուր եղած էին Քրիստոսի «Ես եմ մի վախնաք» սրտապնդիչ խօսքերուն։ Երէկ, այսօր եւ յաւիտեան նոյն Քրիտսոսը պատրաստ է բնակելու մեր կեանքէն ներս, սեղանակից դառնալու մեզի եւ մխիթարելու Իր տեղին յիշեցումներով, փարատելու մեր տրտմութիւնները, ցաւերը, անբաղձալի երկմտութիւնները, թերահաւատութիւնը, անտարբերութիւնը, նիւթապաշտութիւնը, շատ անգամ մեր որդեգրած աշխարհասէր կեանքը եւ եսակեդրոն կեանք մը վարելու սխալ սկզբունքը։ Բաւ է, որ հրաւէր ուղղենք Իրեն։ Լսենք Սուրբ Գիրքի բառերուն, որոնցմէ կ՚արտացոլան հոգեւոր եւ բարոյական զարթօնքի, աշխարհի խաւարէն հեռանալու հրաւէր մը եւ յոյս՝ առ Քրիստոս. «Արթնցիր, դուն որ կը ննջես, եւ կանգնէ մեռելներէն, ու Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ» (Եփեսացիս, 5.14)։

Մեծ Պահոց ապաշխարութեան շրջանին կատարուած Արեւագալի Ժամերգութեանց ընթացքին տեւապէս երգեցինք. «Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ Կեանք, Քրիստոս. առաջնորդէ մեր հոգիները, որպէսզի երկրէն երկինք ելլեն։ Կեանք մտնելու Դուռը, Յիսուս, մեզ եւս Հօր եւ Հոգիին քով մտցուր, որպէսզի միշտ փառք երգենք»։ Սուրբ Աւետարանի ուսուցումներէն բխած այս հոգեւոր երգը թող իր կենսունակութիւնը պահէ նաեւ Սուրբ Յարութեան տաղաւարին եւս եւ իր օրհնութիւնները ալիք ալիք տարածուին նաեւ յետագայ օրերուն։

Ինչպէս միշտ, Քրիստոսի Ս. Յարութեան այս տաղաւարին եւս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը շարունակենք աղօթել մեր սիրելի Հոգեւոր Պետին՝ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Բ. Ս. Պատրիարքին համար։ Վստահ ենք, որ իբրեւ նշան հաւատքի միութեան հաւատացեալներ եւս կու գան միանալ մեզի, ապաւինելով աղօթքի զօրակցութեան։ Կը շարունակենք աղօթել նաեւ հարեւան՝ Սուրիահայ եւ Իրաքահայ համայնքներու մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, ինչպէս նաեւ նոյն երկրի բոլոր հայրենակիցներուն համար, առանց ցեղի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։

Ս. Յարութեան լոյսով լուսաւորուած ապրինք Զատկական ուրախութիւնը, գօտեպնդուինք իրարու եւ զիրար ողջունենք աւանդական աւետիսը տարածելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։

Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով, վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Սուրբ Յարութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսայեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Ծ։ Սուրբ Զատկի շնորհաւորութիւններու համար կը գործադրուի հետեւեալ ծրագիրը՝

27 Մարտ 2016 Կիրակի ժամը 15.00—ին Պեզճեան Սրահի մէջ Համայնքային Ընդունելութիւն

29 Մարտ 2016 Երեքշաբթի ժամը 10.00-16.00—ի միջեւ Պատրիարքական Դահլիճի մէջ Օտար Եկեղեցականներու, Կուսակցութեանց եւ Քաղաքական Գործիչներու Ընդունելութիւն

30 Յունուար 2016 Չորեքշաբթի ժամը 15.00—ին Պատրիարքական Դահլիճի մէջ

Տիկնանց Կազմերու Ընդունելութիւն

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ