ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Զաքարիա Միլտանօղլուի 19 քաղաքները

Միլտանօղլու 15 Դեկտեմբեր Երկուշաբթի երեկոյ «Ճէզայիր» շէնքի մէջ բանախօսութիւնով մը ներկայացաւ հանրութեան։ Մարդու Իրաւունքներու Միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած բանախօսութիւնը կը կրէր՝ «19 Քաղաք, 15 Հետքեր» խորագիրը։ Այսպէս ան խօսեցաւ Կեսարիոյ, Վանայ, Մշոյ, Տիյարպէքիրի, Տրապիզոնի, Կուտինայի, Սեբաստիոյ, Մալաթիոյ, Տարտանելի եւ այլ քաղաքներու հայկական մշակութային ժառանգի մասին։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ոճրագործ մը կը փնտռուի

Ոճրագործ Օկիւն Սամասթ դատարան ներկայացաւ ոչ թէ ամբաստանեալի, այլ վկայի դիրքին մէջ հրապարակեց կարգ մը անուններ, որոնք եւս պիտի հաստատեն ոճիրի կազմակերպուածութիւնը, առանց ցոլացնելու այդ կազմակերպութեան խորքի ծալքերը։
ԱՌՕՐԵԱՅ Մերոնք Ֆէրկիսընն են

Մեզմէ շատեր կրնան լսած ըլլալ ԱՄՆ-ի Միսուրի նահանգը, բայց արդեօք քանի հոգի նախապէս լսած էր այդ նահանգին Ֆէրկիսըն քաղաքին անունը, որ վերջին երեք օրերու ընթացքին կը զբաղեցնէ համաշխարհային բոլոր լրատուամիջոցները։
ԱՌՕՐԵԱՅ Պաշտօնեաներուն համար փախուստ չի մնաց

Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու ատեանի, Արդարադատութեան Նախարարութեան եւ Պաքըրգիւղի Ութներորդ Եղեռնադատ ատեանի վճիռներէն ետք, Իսթանպուլի դատախազութիւնը սկսած է հարցաքննել ամբաստանուած պետական պաշտօնեաները։ Դատախազութիւնը մինչեւ օրս հայցերը ստացաւ Սապրի Ուզունի եւ Ռամազան Աքեիւրէքի։
ԱՌՕՐԵԱՅ Աթոռն ալ ընտրութիւն ըսաւ

22 Հոկտեմբեր Չորեքշաբթի երեկոյ կայացած ՎԱՏԻՓ-ի ժողովի ընթացքին միաձայնութեամբ որոշուած էր շուտափոյթ կերպով նոր պատրիարքի մը ընտրութեան գործընթացին սկսիլ։ Նաեւ որոշուած էր, որ ամենամեծ թիւով հայ բնակչութիւն ունեցող հինգ թաղերու ներկայացուցիչներ այցելեն Պատրիարքարան եւ ժողովի տրամադրութիւնը փոխանցեն փոխանորդ Սրբազանին։
ԱՌՕՐԵԱՅ Պատկերաւոր նկարել կուզեմ

Պոլսահայոց վաստակաւոր արուեստագէտ նկարիչ եւ քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեան կը պատրաստուի 25 Հոկտեմբեր Ուրբաթ օր Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ յարակից « Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Մշակոյթի Կեդրոն»ի մէջ բացուելիք իր անհատական ցուցահանդէսին։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ողբամ զքեզ Քոպանի

Նախորդ շաբաթ երբ Քոպանիի սահմանը հասայ, նկատեցի որ բոլոր կանխակարծիքներս սխալ են։ Տարօրինակ զգացումներու մատնուեցայ։ Քիւրտ ժողովուրդը թերեւս ալ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ այսքան միասնական դիմադրութիւն մը կը ցուցաբերէր։