ԱՌՕՐԵԱՅ
Տպաւորութիւններ մշակոյթներու օրրան Միտյաթէն
Ասորական աշխարհագրութեան մէջ «Թուրապտին» կոչուած շրջանի մէջ կը մտնեն Մարտին, Միտյաթ, Մծբին, Կէրճուշ, Հասանքէյֆ, Քերպուրան, Իտիլ, Պաթման քաղաքները։ Ստուգաբանական առումով Թուրապտին կը նշանակէ «Աստուծոյ աղախիններու երկիր»։
Տիյարպէքիրի պետականապատկան եկեղեցիները
Հէվսէլի պարտէզներուն եւ Տիյարպէքիրի պարիսպներուն Համաշխարհային Մշակոյթի Ժառանգի ցանկերուն մէջ գրանցուելէն ետք, քաղաքի մշակութային ժառանգ համարուելու արժանի շինութիւնները դարձեալ օրակարգի վրայ են։ Տիյարպէքիրի պատմամշակութային հարստութիւնը ցանկագրելու աշխատութիւնը աւարտած է։ Քաղաքի թանգարանի տնօրէնութեան եւ քաղաքապետարանի միատեղ ջանքերով գոյացաւ տարածաշրջանի մշակութային քարտէսը։ 2009-էն այս կողմ շարունակուող աշխատութեան հետեւանքով ստուգուած կոթողներու թիւը 664 է։ Անոնց մէջ կան 11 եկեղեցիներ եւ մէկ հրէից աղօթատեղի։ Ցանկագրութեան հետեւանքով պարզուեցաւ թէ ցանկագրուած եկեղեցիներէն եօթը կը պատկանին պետութեան եւ անոնցմէ մէկը ամբողջովին անհետացած է։ Մնացեալ վեց եկեղեցիներն ալ կը գործեն բոլորովին այլ նպատակներով։
Հայաստան-Իրան նոր ելեկտրագիծ
Յուլիս ամսուան ընթացքին ստորագրուած Իրան-Միջազգային վեցեակ պայմանագիրը, բացի ատոմական իր պարունակութենէն, մեծ ազդեցութիւններ կը շարունակէ ունենալ տարածաշրջանի եւ միջազգային հարդակներու վրայ։ Ըստ մէկնաբաններու, Իրանի հետ նոր յարաբերութիւնները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան Սուրիական պատերազմէն մինչեւ Ռուսական-Ամերիկեան յարաբերութիւններ, եւ Եւրոպական ուժանիւթային տարածք։
Յանուն Հայու եւ Քրիստոնեայի համերաշխութեան
Կան իրողութիւններ, որոնք յանուն պատշաճութեան չեն խօսուիր։ Բանիմաց մարդը գիտէ թէ բոլոր ծիսակատարութիւնները, ներառեալ մկրտութիւնը բեմադրութիւններ են, որոնց ակունքները կ՚երկարին քրիստոնէութենէ շատ աւելի վաղ ժամանակներու։ Գիտէ, բայց կը խուսափի հաւատացեալի մը արժանապատուութիւնը վիրաւորելէ, չի գործածեր «բեմադրութիւն», «թատրոն» կամ «շօվ» բառերը։ Ան չի գործածէր բայց եկեղեցւոյ անունով խօսող վարդապետը անվարան կը յայտարարէ թէ մկրտութիւնը շօվ չէ։
Մուրատ Նազարեանէ ուշագրաւ հրապարակումներ
Մուրատ Նազարեան առաջին անգամ ըլլալով խօսեցաւ եւ բացատրութիւններ տուաւ ոճիրի օրուան մասին։ Ինչպէս ընթերցողները պիտի յիշեն Սամաթիոյ մէջ տարեց հայ կիներու դէմ իրարայաջորդ յարձակումներ կատարուած էին, որոնցմէ մէկը հասած էր ոճրագործութեան եւ տարաբախտ Մարիցա Քիւչիւք սպանուած էր։ Միջոց մը ետք ոստիկանութիւնը յայտնաբերած էր մեղադրեալ մը՝ Մուրատ Նազարեան, որ շփոթ պատասխաններով խնդիրը վերածած էր անլուծելիութեան։ Մարդու իրաւունքներու գործիչ իրաւապաշտպան Էրէն Քէսքին կամաւոր կերպով ստանձնած էր Մուրատ Նազարեանի պաշտպանութիւնը, միշտ հաւատալով որ ան կը շահագործուի ուրիշ յանցագործերու կողմէ։
Համահայկականը՝ միշտ գերազանցելով նախորդը
Համահայկական վեցերորդ խաղերու հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ 2 Օգոստոս Կիրակի երեկոյեան, Երեւանի Վազգէն Սարգիսեանի անուան մարզադաշտին մէջ։ Ինչպէս նախորդ թիւերու մէջ նշած էինք, Համահայկական խաղերու մասնակիցներու թիւը այս տարի արձանագրած է ամենաբարձր կէտը, 171 քաղաքներէ 6.352 մասնակիցներով։ Այս ընդհանուրի մէջ Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներէ մասնակցողներու թիւն ալ կը մօտենար 900-ի։
«Հայերուն տեղը քիւրտերը առած են»
Պատմաբան եւ լրագրող Վիգէն Չըթըրեան հեղինակած է նոր գիրք մը, որը նիւթ կ՚առնէ հարիւր տարուան համաշխարհային քաղաքականութիւնը, ակադէմական հետազօտութիւնները, Քրտական հարցը, թուրք եւ հայ հասարակութիւնները։ «Բաց Վէրքեր։ Հայեր, Թուրքեր եւ դար մը ցեղասպանութիւն» հատորը կը կեդրոնանայ յետ-ցեղասպանութիւն ժամանակաշրջանին, եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան կը վերաբերի որպէս կարեւոր անկիւնադարձ մը։
Համահայկական չորս սիւները
Պիտի շարունակէի խօսքս «Ոսկէ Ծիրան»ի մասին, սակայն 6-րդ համահայկական խաղերը ստիպում են փոխել մտայնութիւնս եւ անդրադառնալ այս չափազանց կարեւոր իրադարձութեանը, որն աւելին է քան միջոցառում, աւելին է, քան խաղեր, աւելին է, քան հիւրընկալութիւն եւ միասնութիւն։ Թւում է, թէ զգացական շրջանը վաղուց անցել էինք, երբ հայերը մէկտեղուեցին համաժողովի 2002-ին, իսկ մինչ այդ 1999-ին առաջին անգամ անցկացրեցին համահայկական խաղերը։