Համահայկականը՝ միշտ գերազանցելով նախորդը

Համահայկական վեցերորդ խաղերու հանդիսաւոր բացումը կա­տարուեցաւ 2 Օգոս­տոս Կի­րակի երե­կոյեան, Երե­ւանի Վազ­գէն Սար­գի­սեանի անուան մար­զա­դաշ­տին մէջ։ Ինչպէս նա­խորդ թի­ւերու մէջ նշած էինք, Հա­մահայ­կա­կան խա­ղերու մաս­նա­կից­նե­րու թի­ւը այս տա­րի ար­ձա­նագ­րած է ամե­նաբարձր կէ­տը, 171 քաղաքնե­րէ 6.352 մաս­նա­կից­նե­րով։ Այս ընդհա­նու­րի մէջ Թուրքիոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րէ մաս­նակցող­նե­րու թիւն ալ կը մօ­տենար 900-ի։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Համահայկական վեցերորդ խաղերու հանդիսաւոր բացումը կա­տարուեցաւ 2 Օգոս­տոս Կի­րակի երե­կոյեան, Երե­ւանի Վազ­գէն Սար­գի­սեանի անուան մար­զա­դաշ­տին մէջ։ Ինչպէս նա­խորդ թի­ւերու մէջ նշած էինք, Հա­մահայ­կա­կան խա­ղերու մաս­նա­կից­նե­րու թի­ւը այս տա­րի ար­ձա­նագ­րած է ամե­նաբարձր կէ­տը, 171 քաղաքնե­րէ 6.352 մաս­նա­կից­նե­րով։ Այս ընդհա­նու­րի մէջ Թուրքիոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րէ մաս­նակցող­նե­րու թիւն ալ կը մօ­տենար 900-ի։ Որ­քան ալ կազ­մա­կեր­պութիւ­նը փոր­ձէ այս իրո­ղու­թիւնը ան­տե­սել կամ շրջան­ցել եւ Թուրքիայէ եկող­նե­րը ներ­կա­յաց­նէ Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նէ եկած­ներ, իրո­ղու­թիւնը կը մնայ ան­փո­փոխ։ Անոնք եկած էին ոչ թէ Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի ան­ցա­գիրե­րով, այլ Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան պաշ­տօ­նական փաս­փորթնե­րով։ Այս պա­հուն կ՚ար­ժէ յի­շել թէ Հա­մահայ­կա­կան Խա­ղերու դեռ առա­ջին նա­խափոր­ձի տա­րինե­րուն իսկ որ­դեգրուած սկզբունք մըն էր մաս­նա­կից­նե­րու իրենց եկած եր­կիրնե­րու փո­խարէն, իրենց ապ­րած քա­ղաք­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լով կա­տարուած տո­ղանցքը, բայց այս սկզբունքը շատ կարճ ժա­մանա­կի ըն­թացքին ան­տե­սուե­ցաւ եւ սփիւռքի զա­նազան եր­կիրնե­րէ եկող­ներ տո­ղանցքի պա­հուն պար­զե­ցին իրենց ապ­րած երկրի դրօ­շակ­նե­րը։ Թուրքիայէն եկող մար­զիկնե­րը յար­գե­ցին կազ­մա­կեր­պիչնե­րու այդ սկզբունքը, բայց հի­մա որ բո­լորը կը ներ­կա­յանան իրենց դրօշ­նե­րով, շատ բնա­կան եւ հա­ւանա­կան է որ յա­ջորդ խա­ղերուն Թուրքիոյ պա­տուի­րակու­թիւնն ալ տո­ղան­ցին մաս­նակցի իր եկած երկրի դրօ­շակով։

Ամէն պա­րագա­յի կրնանք վստա­հիլ թէ խա­ղերու կազ­մա­կեր­պիչնե­րը պի­տի յի­շեն այս նիւ­թի շուրջ նոյն ինքն իրենց ձե­ւաւո­րած սկզբունքը եւ առիթ պի­տի չի թո­ղուն որ նման ան­բաղձա­լի երե­ւոյթ գո­յանայ։ Դար­ձեալ որ­պէս ան­հանգստու­թիւն պատ­ճա­ռող երե­ւոյթ, նկա­տեցինք թէ Թուրքիայէ մաս­նակցող խումբե­րը հա­ւաքա­բար տե­ղադ­րուեցան մար­զա­դաշ­տի ամե­նաան­յարմար հա­տուա­ծը, ուրկէ կա­րելի չէր տո­ղանցքին նա­խոր­դող գե­ղարուես­տա­կան բե­մադ­րութեան հե­տեւիլ։ Խա­ղերը կազ­մա­կեր­պիչնե­րու հաշ­ւոյն որ­քան ալ բա­րեկա­մական մրցակ­ցութիւն թե­լադ­րեն, պարզ է որ մրցակ­ցութիւն բա­ռը իր հետ պի­տի բե­րէ յաղ­թե­լու ցան­կութիւ­նը։ Եւ որոշ երե­ւոյթներ մենք ուղղա­կիօրէն կը կա­պենք մրցու­մի այս հո­գեբա­նու­թեան։ Այդ է որ Վազ­գէն Սար­գի­սեան մար­զա­դաշ­տին մէջ Պոլ­սոյ Սա­մաթիա թա­ղը ներ­կա­յաց­նող մեր տղա­քը կը գո­ռային՝ «ելք չկայ այստեղ Սա­մաթիա է» (պու­րա­սը Սա­մաթիա պուրտան չը­քըշ եօք) կամ «ամէն տեղ Սա­մաթիա է մեզ հա­մար» (պի­զէ հէր եէր Սա­մաթիա)։

Բաց­ման յա­ջորդ օրը, ար­դէն սկսան խա­ղերը եւ կարգ մը խումբեր վա­յելե­ցին յաղ­թե­լու ու­րա­խու­թիւնը, իսկ ու­րիշներ ալ ճա­շակե­ցին պար­տուելու դառ­նութիւ­նը։ Բայց այդ պա­հուն յաղ­թե­լու-պար­տուելու ու­րա­խու­թիւնը կամ տխրու­թիւնը կը պատ­կա­նէին միայն պա­հուն։ Իսկ օրուայ մնա­ցեալ բո­լոր ժա­մերը եւ խա­ղերու տե­ւողու­թեամբ բո­լոր օրե­րը դրոշ­մուեցան աշ­խարհաս­փիւռ երի­տասարդ հայ մար­զիկնե­րու մէկ­տե­ղու­մով գո­յացած ու­րա­խու­թեամբ։

Խա­ղերու դեռ սկզբնա­կան փու­լին բո­լորին տրա­մադ­րութիւ­նը խան­գա­րող լու­րը ԱՄՆ-էն ժա­մանած մար­զիկնե­րէն մէ­կուն եր­թե­ւեկի ար­կա­ծի մը զոհ եր­թալն էր։ Խա­ղերը շատ կա­նուխ աւար­տե­ցաւ Լե­ւոն Թով­մաս Շան­թի հա­մար, քա­նի որ իր ըն­կերնե­րը, երբ վեր­ջին պատ­րաստու­թիւննե­րը կը տես­նէին յա­ջորդ մրցու­մին հա­մար։ Անոր ան­շունչ մար­մի­նը ար­դէն բռնած էր տան ճա­նապար­հը։

Դի­տելով միայն առա­ջին երեք օրե­րը, հա­մոզուած ենք թէ Հա­մահայ­կա­կան վե­ցերորդ խա­ղերը ար­դէն յա­ջողած են իրենց առա­քելու­թեան մէջ եւ կը խոս­տա­նան մէկ յա­ջոր­դին աւե­լի կա­տարե­լագոր­ծուած կազ­մա­կեր­պութիւն, ալ աւե­լի մեծ թի­ւով մաս­նակցու­թիւն եւ ալ աւե­լի որա­կեալ մրցումներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ