ԱՌՕՐԵԱՅ
Ցեղասպանութիւնը ընդունող 28-րդ երկիրը՝ Պէլկիա
Պէլկիոյ խորհրդարանը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող բանաձեւը։ 23 Յուլիսին կայացող նիստի ընթացքին 124 պատգամաւորներ կողմ քուէարկեցին, իսկ 8 դէմ։
Համահայկականին գերազանց մասնակցութիւնը Թուրքիայէն
1999-ին առաջին անգամ երկամեայ հերթականութեամբ կայացող Համահայկական խաղերը 2007-էն ետք սկսան չորսամեայ հերթականութեամբ կազմակերպուիլ։ Այս տարի վեցերորդ անգամ կայացող Ողիմպիականին մասնակցութիւնը զգալիօրէն բարձր է բաղդատմամբ նախորդ խաղերուն։ Նախապէս միայն Իսթանպուլի անունով մասնակցող թուրքիացի խումբերը այս տարի աւելի զանազանութիւն կը ներկայացնեն։
Զեկոյցներ Իսլամաց(ու)ած հայերու մասին
Իսլամաց(ու)ած հայերու նիւթով ամենածաւալուն գիտական ժողովը կայացած էր 2-4 Նոյեմբեր 2013 թուին, Իսթանպուլի Պողազիչի համալսարանին մէջ, Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ։ Այս գործընթացին մէջ Հրանդ Տինք հիմնարկին աջակցած էին Մալաթիոյ Հայոց Հայրենակցական Միութիւնը, Պողազիչի համալսարանի պատմութեան բաժինը, Օլոֆ Փալմէ միջազգային կեդրոնը, Ֆրէտրիխ Էպէրթ եւ Քրէսթ հիմնադրամները։
Սարգիս Սերովբեանի յիշատակին
Դժուարացանք կողմնորոշուիլ, քանի որ նամակաբերին յանձնած պահարանին վրայ գրուած էր «Սարգիս Սերովբեան», բայց երբ կարդացինք պահարանի վրայ գրուած «Բանտարկեալի նամակ՝ ստուգուած է» ծանօթագրութիւնը համարձակեցանք բանալու եւ տեսանք որ մեր սիրելի երէց եղբօր՝ սիրելի Սարգիս Սերովբեանին անհամար բարեկամներէն մէկը լսելով Սերովբեանի կորուստը, ուզած էր մեր ցաւը կիսել։ Մենք ալ այդ նոյն նամակը կը բաժնենք «Ակօս»ի ընթերցողներուն հետ։
Թռչնոց Բոյ՞նն ալ թռաւ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակն է։ Համայն հայութիւնը միաձայն իր բողոքը կ՚արտայայտէ առ Թուրքիա, պահանջելով կատարուած ոճիրի ճանաչումն ու հատուցումը։ Անշուշտ իւրաքանչիւր գաղութ իրեն յատուկ ձեւով կ՚ոգեկոչէ 100-ամեակը, տարբեր միջոցառումներ կազմակերպելով. հոգեհանգստեան պաշտօն, քայլարշաւ, բողոքի ցոյց, մշակութային ձեռնարկ, եւայլն։ Այս ծիրին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ինքն ալ ունէր պատկառելի միջոցառումներու իր ցանկը Լիբանանի մէջ, որոնց անդրադառնալ կարելի չէ միայն այս կարճ գրութեամբ։ Բայց մասնաւոր ուշադրութեան կ՚ուզեմ յանձնել այս ձեռնարկներու շղթային մէկ օղակը կազմող՝ Լիբանանի Ժըպէյլ քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանը, որուն բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ 18 Յուլիս 2015-ին։
Անգամ մը որ շբոթէս ծնորքդ...
Այս շաբաթ «Ակօս»ի երեք էջերը կը զբաղեցնեն Մուսթաֆա Քէմալի հոգեզաւակ Սապիհա Կէօքչէնի տոհմածառը, ծանօթ գրող Ալէվ Էրի յայտնաբերելու ոդիսականը։ Սոյն գրութեան համառօտուած տարբերակը կը ներկայացնենք հայերէն էջերու ընթերցողներուն։
Ուրախութիւնը կ՚աճի բաժնելով
Անցեալին դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան անցուդարձերուն համար խորհուրդ կը տրուէր աշնան ամիսները։ Հայրենի երկիրը հետզհետէ ձերբազատուած է եղանակային այդ սահմանումէն եւ կարելի է ըսել որ տարուայ բոլոր ամիսները ձեռնտու են Հայաստան այցելելու համար։ Այս արդիւնքը կարելի եղաւ շնորհիւ լաւ կազմակերպուած միջոցառումներու։
Թուրքիա պատերազմի ճիրանին մէջ
20 Յուլիս Երկուշաբթի օր ցերեկուայ ժամերուն բովանդակ Թուրքիան ցնցուեցաւ Ուրֆայի Սուրուչ գաւառէն հասնող զանգուածային սպանդի մը լուրով։ Սոսեալիստ Երիտասարդներու Միութեան անդամ շուրջ 300 ուսանողներ պատերազմով կործանած Քոպանիի վերաշինութեան մասնակցելու համար Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն ճամբայ ելած եւ Սուրուչ հասած էին։ Իրենց հետ ունէին մանուկները ուրախացնելու համար հաւաքած խաղալիքներ, գունազարդ գիրքեր, գունաւոր մատիտներ, ջրաներկեր եւ այլ գրենական պիտոյք։
Դէպի Թոմարզա երթ ու դարձ
Բնաւ մտերիմ չեմ եղած մեծ հօրս, Իսմայիլին հետ։ Ինք մահացած էր, երբ տակաւին միջնակարգ վարժարան կը յաճախէի։ Ինք իսկական իսլամ մըն էր Մերսինէն եւ խիստ հայր մը։ Անկեղծօրէն, չէի սիրեր զինք մեծնալու ընթացքիս, քանի որ կարեկցութեան եւ զուարճութեան պակաս կը տեսնէի իր մէջ։ Հայրս տարիներ ետք ինծի պատմեց ամէն ինչ որ գիտէր մեծ հօրս մասին, յատկապէս որ ծնած էր Թոմարզայի մէջ, Կեսարիոյ մօտ, եւ երբ իր մայրը վերստին ամուսնացած է, հեռացած է Թոմարզայի իր տունէն եւ եկած Մերսին, երբ տակաւին երախայ էր։ Հայրս չէր թաքցներ իր կասկածը թէ Իսմայիլը հայ է արմատներով –իր կեանքին պատմութիւնը պարզապէս տրամաբանական չէր։ Չեմ հետեւած Իսմայիլի կեանքի պատմութեան, լաւ յիշատակներ չունիմ իրմէ, եւ նախընտրած եմ հետաքրքրութիւնս եւ զգացական ներդրումս կեդրոնացնել ընտանիքիս աւելի մտերմիկ մասերուն վրայ։ Չէի գիտեր որ Հրանդ Տինք հիմնարկի Մշակութային ժառանգութեան նախ
Կեսարիոյ մշակութային ժառանգութիւնը
Հրանդ Տինք հիմնարկի Մշակութային ժառանգութեան նախագիծը կը շարունակուի 2014-ի սկիզբէն ի վեր։ Այս տարի նորոգուած ծրագիրով մը իր գործունէութիւնը շարունակող նախագիծը, Յունիս ամսուան ընթացքին կատարած է այց մը Կեսարիոյ նահանգ, որուն նպատակն էր տեղւոյն վրայ սերտել, տեղագրել ու լուսանկարել յունական եւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։