Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակն է։ Համայն հայութիւնը միաձայն իր բողոքը կ՚արտայայտէ առ Թուրքիա, պահանջելով կատարուած ոճիրի ճանաչումն ու հատուցումը։ Անշուշտ իւրաքանչիւր գաղութ իրեն յատուկ ձեւով կ՚ոգեկոչէ 100-ամեակը, տարբեր միջոցառումներ կազմակերպելով. հոգեհանգստեան պաշտօն, քայլարշաւ, բողոքի ցոյց, մշակութային ձեռնարկ, եւայլն։ Այս ծիրին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ինքն ալ ունէր պատկառելի միջոցառումներու իր ցանկը Լիբանանի մէջ, որոնց անդրադառնալ կարելի չէ միայն այս կարճ գրութեամբ։ Բայց մասնաւոր ուշադրութեան կ՚ուզեմ յանձնել այս ձեռնարկներու շղթային մէկ օղակը կազմող՝ Լիբանանի Ժըպէյլ քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանը, որուն բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ 18 Յուլիս 2015-ին։
ՎԻԳԷՆ ԱՇԳԱՐԵԱՆ
vickenashkarian@gmail.com
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակն է։ Համայն հայութիւնը միաձայն իր բողոքը կ՚արտայայտէ առ Թուրքիա, պահանջելով կատարուած ոճիրի ճանաչումն ու հատուցումը։ Անշուշտ իւրաքանչիւր գաղութ իրեն յատուկ ձեւով կ՚ոգեկոչէ 100-ամեակը, տարբեր միջոցառումներ կազմակերպելով. հոգեհանգստեան պաշտօն, քայլարշաւ, բողոքի ցոյց, մշակութային ձեռնարկ, եւայլն։ Այս ծիրին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ինքն ալ ունէր պատկառելի միջոցառումներու իր ցանկը Լիբանանի մէջ, որոնց անդրադառնալ կարելի չէ միայն այս կարճ գրութեամբ։ Բայց մասնաւոր ուշադրութեան կ՚ուզեմ յանձնել այս ձեռնարկներու շղթային մէկ օղակը կազմող՝ Լիբանանի Ժըպէյլ քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանը, որուն բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ 18 Յուլիս 2015-ին։
Թանգարանը, ուր ամփոփուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Լիբանան հասած հազարաւոր որբերու առօրեան եւ կենցաղը պատմող իրեր, պատկերներ եւ վկայութիւններ, կը գտնըւի «Թռչնոց Բոյն» անունը կրող որբանոց-դպրոց համալիրի սահմաններէն ներս։ Այս որբանոցը հիմնուած է 1926-ին, երբ Ամերիկեան Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց Ընկերութեան՝ Նիր Իսթ Րիլիֆի տեղւոյն հին որբանոցը, որը հիմնուած էր 1920-ին կը փակուի եւ հոն կը փոխադրուին մինչ այդ Լիբանանի հարաւը գտնուող Սայտա քաղաքին մօտ 1918-էն սկսեալ կայք հաստատած այլ որբանոցի մը մանուկները, դանիացի մարդասիրական գործերու նուիրուած՝ Մարիա Ճագըպսընի հոգատարութեան տակ։ Այդ ժամանակ, Նիր Իսթ Րիլիֆի ջանքերով Լիբանան կը գտնուէին Այնթապէն, Մարաշէն, Ատանայէն, Տարսոնէն, Մերսինէն եւ Ուրֆայէն մօտ 7000, իսկ Տիարպէքիրէն, Մալաթիայէն եւ Խարբերդէն մօտ 5000 այլ որբեր, որոնք տարբեր շրջաններու 16 որբանոցներ զետեղուած էին։ Նախքան Լիբանան հասնիլը, դարասկիզբին Դանիացի Եկեղեցասէր Տիկնանց Ընկերութեան միսիոնարուհի Մարիա Ճագըպսըն Խարբերդի մէջ կ՚օժանդակէր հայ ժողովուրդին որպէս հիւանդապահուհի Ամերիկեան հիւանդանոցի մէջ։ Թռչնոց Բոյնը 1926-էն մինչեւ 1969-ի աւարտը կը մնար Դանիական պետութեան խնամակալութեան ներքեւ (Դանիական Միսիոնարական կազմակերպութեանց միջոցաւ), որմէ ետք անիկա կը տրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Ճագըպսըն կը մահանայ 1960-ին, եւ անոր մարմինը կը թաղուի համալիրի մուտքին, յատուկ դամբարանի մը մէջ։
Թանգարան ունենալու իրողութիւնը ինքնին անշուշտ գնահատելի է, մասնաւորաբար Լիբանանահայ գաղութին համար, որը ժառանգորդն է յետ-Եղեռնեան ժամանակաշրջանի դառնութիւնը տեսած տասնեակ հազարաւոր այդ որբերուն եւ ուր նման թանգարան մը՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամրագրող, որբերուն յիշատակը անմահացնող եւ հայկական պահանջատիրութեան փարով դառնալու կոչուած» է (մէջբերուած Ազդակ օրաթերթի 21 Յուլիս 2015-ի համարէն)։
Սակայն, ամիսներ առաջ Լիբանանեան մամուլը լուրեր սփռեց, ըստ որոնց զբօսաշրջային լայն նախագիծ մը պիտի կառուցուի Թռչնոց Բոյնի ծովափեայ հատուածին վրայ եւ որուն հաւանութիւնը տուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ընդառաջելով անոր հովանիին տակ գործող Կալուածոց Յանձնախումբի շահարկման ծրագրերու առաջարկին։ Սոյն տարածքին մէջ կը գտնուին Սուրբ Գայանէ մատուռը եւ «Տէնիշ Հօլ»-ը (երկուքը կառուցւած 1921-ին), ինչպէս նաեւ համալիրի մէկ փոքրիկ անկիւնը զետեղուած դամբարանը, որը կ՚ընդգրկէ ցեղասպանութենէն ազատած որբերու, ինչպէս նաեւ Բոյնին առընչուած այլ հանգուցեալներու 33 անհատական գերեզմանները։ Ասոր աւելցաւ այլ յայտարարութիւն մը եւս՝ թէ այս դամբարանը եւս պիտի «քակուի» եւ այդտեղի աճիւնները պիտի զետեղւին Մարիա Ճագըպսընի դամբարանին երկու կողմերը բացուած հաւաքական փոսերու մէջ։ Այս բոլորը բաւարար էին որպէսզի զայրոյթ եւ ընդվզում յառաջանայ Լիբանանահայ կարգ մը շրջանակներէ ներս, ինչպէս նաեւ Լիբանանցի ոչ հայ հանրութեան մօտ, որոնք բողոքեցին նախ՝ անհատական գերեզմաններէ դէպի հաւաքական փոսեր փոխադրելու որոշումին դէմ (զայն համարելով «սրբապղծութիւն»), եւ ապա՝ Թռչնոց Բոյնի խորհրդանշական եւ պատմա-մշակութային արժէքներուն անյարիր նկատուող հողաշերտի ծովեզերեայ մասը շահարկման նպատակով զբօսաշրջային (private beach resort) ծրագրի համար վարձու տալու մտադրութեան դէմ։ Առ այդ, համացանցի վրայ բուռն արշաւ մը ծայր կ՚առնէ եւ ստորագրահաւաք կը սկսի, կոչ ուղղելով առ որ անկ է վերատեսութեան ենթարկելու տրուած որոշումները, չաղաւաղելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու յիշատակը անմահացնող որեւէ միջոցառման իսկական արժէքը։
Միջադէպին արձանագրած զարգացումները եւ պատասխան-հակադարձութիւնները ցարդ կը շարունակուին։ Տակաւին կանուխ է վճռելու համար թէ «ինչը ի՞նչ է եւ ով ո՞վ է», սակայն գնահատելի եւ իմաստուն քայլով մը, Վեհափառ Հայրապետը հրահանգ կու տայ կասեցնելու դամբարանի եւ գերեզմաններու տեղափոխման հետ կապուած աշխատանքները Թանգարանի բացման նախօրեակին, առիթ տալու համար յաւելեալ խորհրդածութեանց եւ երկխօսութեանց։ Այսուհանդերձ, սոյն «միջադէպը» լոյս սփռեց հիմնական մէկ իրականութեան վրայ. ընկերաբանական իմաստով, գաղութս տակաւին կը կառավարուի նուիրապետական դրութեամբ, ուր հաւաքականութիւնը (համայնքը) կը գերակշռէ անհատին վրայ, բայց միեւնոյն ժամանակ հաւաքականութիւնը եւ անոր շահերը պաշտպանելու կոչուած խաւը չէ ձերբազատուած թափանցիկ համակարգ ստեղծելու կոչերը արտաքին վտանգ եւ դաւադրութիւն նկատելու վատառողջ շփոթէն։
Որպէսզի «Թռչնոց Բոյն»-ն ալ չթռչի եւ մենք չբաւարարուինք եւ չհպարտանանք լոկ «Արմէնիա Փողոց» անուանումով։
Մարիա Ճագըպսըն