Զեկոյցներ Իսլամաց(ու)ած հայերու մասին

Իսլամաց(ու)ած հայերու նիւթով ամենածաւալուն գիտական ժողովը կայացած էր 2-4 Նոյեմբեր 2013 թուին, Իսթանպուլի Պողազիչի համալսարանին մէջ, Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ։ Այս գործընթացին մէջ Հրանդ Տինք հիմնարկին աջակցած էին Մալաթիոյ Հայոց Հայրենակցական Միութիւնը, Պողազիչի համալսարանի պատմութեան բաժինը, Օլոֆ Փալմէ միջազգային կեդրոնը, Ֆրէտրիխ Էպէրթ եւ Քրէսթ հիմնադրամները։

Եռօրեայ համագումարի ընթացքին Թուրքիայէն, Հայաստանէն եւ հայկական սփիւռքէն աւելի քան 50 մասնագէտներ զեկոյցներ ներկայացուցած եւ նիւթը քննարկած էին իր տարբեր երեսակներով։

Տեղական եւ հայկական մամուլի մէջ ալ կարեւոր ուշադրութեան արժանացած համագումարի զեկոյցները այս շաբաթ լոյս տեսան հատորի մը մէջ։

Հրանդ Տինք հիմնարկի նախորդ գիտաժողովներու զեկոյցներն ալ աւելի առաջ հրատարակուած էին «Տիյարպէքիրի զեկոյցներ» եւ «Մարտինի զեկոյցներ» խորագիրներով։

Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած վերջին ընկերաքաղաքական զարգացումներով աւելի տեսանելի դարձած Իսլամաց(ու)ած հայերու մասին ամբողջական պատկերացում մը մատուցող այս հրատարակութեան հայերէնի թարգմանութիւնը եւս անհրաժեշտութիւն ըլլալով կը ներկայանայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ