Անցեալին դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան անցուդարձերուն համար խորհուրդ կը տրուէր աշնան ամիսները։ Հայրենի երկիրը հետզհետէ ձերբազատուած է եղանակային այդ սահմանումէն եւ կարելի է ըսել որ տարուայ բոլոր ամիսները ձեռնտու են Հայաստան այցելելու համար։ Այս արդիւնքը կարելի եղաւ շնորհիւ լաւ կազմակերպուած միջոցառումներու։
Անցեալին դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան անցուդարձերուն համար խորհուրդ կը տրուէր աշնան ամիսները։ Հայրենի երկիրը հետզհետէ ձերբազատուած է եղանակային այդ սահմանումէն եւ կարելի է ըսել որ տարուայ բոլոր ամիսները ձեռնտու են Հայաստան այցելելու համար։ Այս արդիւնքը կարելի եղաւ շնորհիւ լաւ կազմակերպուած միջոցառումներու։ Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ տարուէ տարի կատարելագործուող «Ոսկէ Ծիրան» կինօփառատօնը։ Յառաջիկայ շաբաթավերջին կը մեկնարկէ Համահայկական մարզական խաղերը։ Ուրախ երեւոյթ է տեսնել որ այս տարի բացի Իսթանպուլէն Տիյարպէքիր, Տէրսիմ, Մալաթիա, Պիթլիս, Սասուն քաղաքները, Մուսա Լերան Վաքըֆլը գիւղը եւ Պոլսոյ Սամաթիա թաղը ներկայացնող խումբեր աւելի քան 730 հոգի հաշուող պատուիրակութիւնով կը մասնակցին Համահայկական խաղերուն։
Մինչ այդ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ալ թափ ստացած է ինքնաճանաչման եւ մշակոյթի աւանդը պահպանելու ձօնուած միջոցառումները։
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը եւ աւանդական Խաղող Օրհնէքը երջանկայիշատակ Շահան Սրբազան Սվաճեանի անուան հետ նոյնացած ձեւով երկար տարիներ կը տօնուէր Պոլսոյ Քարթալ թաղամասի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ։ Կիլիկիոյ տարածքին նոյն տօնը հասցէագրուած է Մուսա Լերան Վաքըֆլը գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։ Գիւղի նախկին բնակիչներ եւ ուխտաւորներ կը սիրեն այս պատմական եկեղեցւոյ մէջ աւանդութիւն դարձած տօնակատարութիւններուն մասնակցիլ եւ աւանդական հարիսայէն իրենց վիճակած բաժինը վայելել։ Ափսոսանքով յիշենք որ երկար տարիներու ընդհատումէ ետք վերջերս գոյացած էին զանազան յարմարութիւններ եւ այս գիւղի նախկին բնակիչներն ալ օգտուելով ձեւակերպական դժուարութիւններու վերացումէն Հալէպէն եւ Պէյրութէն ուրախութեամբ կ՚այցելէին իրենց անցեալի բնօրրանը եւ կը վայելէին իրենց նախնեաց այնքան քաղցր յիշատակներով փոխանցած տօնական ապրումը։ Այս տարի Տիյարպէքիրի վերակառուցուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին ալ կու գայ մաս կազմելու այս աւանդական ապրումներուն։ Արդարեւ Ֆրանսայէն Երկիր եւ Մշակոյթ Միութեան նախաձեռնութեամբ Տիգրանակերտ կու գան աւելի քան հարիւր ուխտաւորներ Աստուածածնի տօնը Տիյարպէքիրի մէջ նշելու համար