Ցեղասպանութիւնը ընդունող 28-րդ երկիրը՝ Պէլկիա

Պէլկիոյ խորհրդարանը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող բանաձեւը։ 23 Յուլիսին կայացող նիստի ընթացքին 124 պատգամաւորներ կողմ քուէարկեցին, իսկ 8 դէմ։

Պէլկիոյ խորհրդարանը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող բանաձեւը։ 23 Յուլիսին կայացող նիստի ընթացքին 124 պատգամաւորներ կողմ քուէարկեցին, իսկ 8 դէմ։ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն մէջ Թուրքիոյ կոչ ուղղեցին ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու համար։ Այսպէսով 1998-ին ծերակոյտի որոշումէն ետք այս անգամ Ներկայացուցիչներու Խորհուրդի այս որոշումով, Պէլկիոյ զոյգ խորհրդարանները ցեղասպանութիւնը ճանչցած եղան։ Նախորդ Ապրիլ ամիսին Ֆլամաններու խորհրդարանն ալ նոյն բնոյթով որոշում մը առած էր։

Քուէարկութեան նախորդող եւ երեք ժամ տեւող քննարկութեան ընթացքին ներկայացուցիչները նշեցին թէ որոշումը ոչ թէ Թուրքիոյ ժողովուրդին, այլ պետութեան ուրացող քաղաքականութեան դէմ է։ Յիշենք որ խորհրդարանի ծագումով Թուրքիացի պատգամաւորներն ալ կողմ քուէարկած են։

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը այս մասին յայտարարութիւն մը ընելով նշեց թէ «Այս որոշումը տարեսկիզբէն ի վեր Պէլկիոյ մէջ շարունակող թուրք ինքնութիւնը եւ պատմութիւնը մրոտելու արշաւի վերջին օղակն է»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ