Անգամ մը որ շբոթէս ծնորքդ...

Այս շաբաթ «Ակօս»ի երեք էջերը կը զբաղեցնեն Մուսթաֆա Քէմալի հոգեզաւակ Սապիհա Կէօքչէնի տոհմածառը, ծանօթ գրող Ալէվ Էրի յայտնաբերելու ոդիսականը։ Սոյն գրութեան համառօտուած տարբերակը կը ներկայացնենք հայերէն էջերու ընթերցողներուն։

Կանխաւ պէտք է խոստովանիմ, որ ներքեւի տողերը արտակարգ յայտնութիւն մը չեն։ Այն ինչ որ պի­տի կար­դաք, քա­ղուած է զա­նազան մե­նագը­րութիւննե­րէ կամ յու­շագրու­թիւննե­րէ։ Հան­րա­պետու­թեան երկրորդ նա­խագահ Իս­մէթ Ինէօնիւ­յի Սա­պահաթ­թին Սէ­լէքին պատ­մածնե­րը, Շէվ­քէթ Սիւ­րէյյա Այ­տէ­միրին եր­կար ժա­մանակ մեծ ժո­ղովրդա­կանու­թիւն վա­յելած Մուսթա­ֆա Քէ­մալի մե­նագ­րութիւ­նը՝ «Մի­ակ Մար­դը», Ռաուֆ Օր­պա­յի «Դժոխ­քի Ջա­ղաց­քը» խո­րագըր­եալ յու­շագրու­թիւննե­րը, Իտա­լացի պատ­մա­բան Ֆա­պիօ Կրա­սիի՝ «Աթա­թիւրքը, Թուրք-Իտա­լական յա­րաբե­րու­թիւննե­րու քիչ ծա­նօթ դէպ­քե­րը» եւ «Թուրք-Իտա­լակա­նա խնդի­րը 1919/1923։ Հա­սարա­կու­թիւն եւ ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թիւն» ու­սումնա­սիրու­թիւնը եւ Հա­միթ Քա­յայի ակա­դեմա­կան տե­սու­թիւննե­րը կա­րելի է գտնել գրա­տու­նե­րու կամ գրա­դարան­նե­րու մէջ։ Պա­տումնե­րուն մէկ մա­սը ուղղա­կի Մուսթա­ֆա Քէ­մալի կող­մէ 1926-ին Ֆա­լիհ Ռըֆ­քը­յին կամ Մահ­մութ Սիիր­տին փո­խան­ցո­ւած է։

Մօտ եր­կու տա­րի առաջ մե­նագը­րութիւննե­րու մէջ մնա­ցած այս մանր մունր վկա­յու­թիւննե­րը իրա­րու ագու­ցե­լով փոր­ձե­ցի Սա­պիհա Կէօք­չէ­նի հայ ինքնու­թեան հետ­քե­րը որո­նել։ Սա­կայն պէտք է նշեմ, որ շատ դիւ­րին ճա­նապարհ մըն չէ այս։ Շատ ան­գամ ստի­պուած եղայ դիտ­մամբ ան­տե­սուա­ծը, քօ­ղար­կը­ւածը, աչ­քե­րէ հե­ռու պա­հուա­ծը երե­ւան հա­նել։ Օրի­նակի հա­մար զի­նադա­դարի տա­րինե­րուն քա­ղաքը գրա­ւած դաշ­նա­կից զի­նուոր­նե­րուն Մուսթա­ֆա Քէ­մալի տու­նը խու­զարկել փոր­ձե­լը, այդ փոր­ձին ան­յա­ջող մնա­լը, շա­տեր կը պատ­մեն, բայց խու­զարկու­մի պատ­ճա­ռին մա­սին ոչ ոք կը խօ­սի։ Կը հար­կադրո­ւիմ ու­րիշ աղ­բիւրնե­րու դի­մել։

Զի­նադա­դարէն ան­մի­ջապէս ետք Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը դա­շանա­կից­նե­րու բարձրա­գոյն կո­միսա­րու­թեան եւ Օս­մա­նեան կա­ռավա­րու­թեան դի­մելով պա­հան­ջեց 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ տա­րագ­րութեան օրե­րուն պահ դրո­ւած հայ որ­բե­րու փրկու­թիւնը։ Կա­ռավա­րու­թիւնը կոչ հրա­տարա­կեց որ­բե­րու ան­մի­ջապէս վե­րադար­ձո­ւելուն մա­սին։ Յայ­տա­րարեց որ հրա­մանին չենթարկուողները խիստ մի­ջոց­նե­րով պի­տի պատ­ժո­ւին։ Պատ­րիար­քա­րանը այս շրջագ­ծով հինգ հա­զար անուններ բո­վան­դա­կող ցանկ մը յայ­տա­րարեց։ Ան­շուշտ որ իրաւ թի­ւը շատ աւե­լի բարձր էր, քա­նի որ շա­տեր այդ որ­դեգրո­ւած որ­բե­րուն շնոր­հիւ կը յու­սա­յին անոնց վի­ճակած ժա­ռան­գին ալ տէր դառ­նալ։ Պատ­րիար­քա­րան եկած մատ­նութիւննե­րէն մէկն ալ կը վե­րաբե­րէր Մուսթա­ֆա Քէ­մալին։ Ան 13 Նո­յեմ­բեր 1918-ին Հա­լէպի իր զօ­րանո­ցէն եկած էր Պո­լիս։ Առա­ջին 15-20 օրե­րուն բնա­կած էր Փէ­րա Փա­լաս հիւ­րա­նոցը։ Իսկ Դեկ­տեմբե­րի սկիզ­բը վար­ձած էր Տի­կին Յով­սէ­փեանի Շիշ­լիի բնա­կարա­նը։ Այդ շէն­քը մին­չեւ օրս կ՚օգ­տա­գոր­ծո­ւի իբ­րեւ «Աթա­թիւրքի Թան­գա­րան»։ Ահա­ւասիկ այս տունն է որ իտա­լական զօ­րամա­սի մը կող­մէ խու­զարկո­ւիլ փոր­ձո­ւեցաւ, Հա­լէպէն բե­րուած հայ որբ մը գտնե­լու ակնկա­լու­թեամբ։ Մուսթա­ֆա Քէ­մալ իս­կոյն դի­մեց Սու­րէ­նեան շէն­քի մէջ բնա­կող սպա­յակոյ­տի պետի տեղակալ Քա­զըմ Փա­շային։ Այն տե­ղէն կապ հաս­տա­տեց գնդա­պետ Ռո­լէթ­թո­յի հետ, որ կը բնա­կէր Շիշ­լիի տան ան­մի­ջապէս դի­մաց գտնը­ւող Էտ­հէմ Փա­շա ապա­րան­քը։ Դի­մու­մը դրա­կան ար­դիւնք տո­ւաւ եւ խու­զարկե­լու եկած զօ­րախումբը հե­ռացաւ տու­նէն։ Թէեւ այդ պա­հուն չի յայտնա­բերո­ւեցաւ պահ դրո­ւած որբ մը, բայց այս գոր­ծո­ղու­թիւնը գրան­ցո­ւեցաւ մի­ջազ­գա­յին փաս­տա­թուղթե­րուն մէջ։

17 Յու­լիս 1915։ Թա­լաթ Փա­շայի ծրագ­րած հայ­կա­կան տա­րագ­րութեան հեր­թը հա­սած է Այնթապ։ Ճի­պին գիւ­ղի բնա­կիչ Սէ­պիլ­ճեան ըն­տա­նիքն ալ մօտ 1500 հո­գիէ բաղ­կա­ցող կա­րաւա­նի հետ կ՚ուղ­ղուի դէ­պի Հա­լէպ։ Այնթա­պը այս ճամ­բորդութեան առա­ջին կայանն է, ուր ըն­տա­նիքի մայ­րը կը հա­մակեր­պի «չորս երա­խանե­րով չես կրնար աւար­տել այս ճամ­բան, աղ­ջիկնե­րը հոս թող» առա­ջար­կին։ Վե­ցամեայ Տի­րու­հին եւ եր­կու տա­րեկան Խա­թու­նը կը յանձնէ Ամե­րիկեան Կեդ­րո­նական Քո­լէժի որ­բա­նոցին։ Կա­րաւա­նը Ճի­պինի երէց Տէր Ներ­սէս Քա­հանայ Պա­պաեանի առաջ­նորդու­թեամբ կը շա­րունա­կէ իր եր­թը դէ­պի Սու­րիոյ հա­րաւը։ Բախ­տա­ւոր պէտք է հա­մարել այդ կա­րաւա­նը, քա­նի որ անոնք բա­զում չար­չա­րանքնե­րէ ետք յա­ջողած են վե­րապ­րիլ եւ 30 Հոկ­տեմբեր 1918-ի զի­նադա­դարէն ետք դար­ձեալ Տէր Ներ­սէ­սի առաջ­նորդու­թեամբ վե­րադառ­նալ Այնթապ։ Մարի­ամ Սէ­պիլ­ճեան առա­ջին գործ իբ­րեւ կը դի­մէ Ամե­րիկեան որ­բա­նոց։ Որ­բա­նոցի պա­տաս­խա­նատու­նե­րէն կը լսէ որ Խա­թու­նը փախ­ցո­ւած է եւ ի դէմ իրենց բո­լոր դի­մումնե­րուն, կա­րելի չէ եղած զինք ետ բե­րել։ Միայն լսած են որ այդ որ­բուկը պահ դրո­ւած է Մուսթա­ֆա Քէ­մալ Փա­շայի կող­մէ։

Եկած է Կի­լիկիոյ հա­յու­թեան ճա­կատագ­րա­կան թո­ւակա­նը։ 1921-ի Դեկ­տեմբե­րին ֆրան­սա­ցիներ Ան­գա­րայի կա­ռավա­րու­թեան հետ հա­մաձայ­նե­լով ամ­բողջ Կի­լիկիան, ներառեալ Այնթա­պը կը թո­ղուն թուրքե­րուն։ Հա­յերը ան­գամ մը եւս կը հար­կադրո­ւին Սու­րիոյ ճամ­բան բռնե­լ։ Մէկ ան­հա­տը պակ­սած Սէ­պիլ­ճեան ըն­տա­նիքն ալ կը հաս­տա­տուի Հա­լէպի Տա­ւու­տի­յէ, կամ այժմու անու­նով Էշ­րէ­ֆիյէ թա­ղամա­սը։ Ըն­տա­նիքի հայ­րը Ներ­սէս կը մա­հանայ հինգ տա­րի ետք։ Մա­րիամ երկրորդ ամուսնու­թիւն կը կնքէ երեք զա­ւակ­նե­րով ամու­րի Քա­րա Քա­րայա­նի հետ։ Այս ամուսնու­թե­նէն ալ որ­դի մը կ՚ու­նե­նայ։ Մա­րիամ 1947-ին կը մա­հանայ Խա­թու­նի կա­րօտը սրտին։

Մա­րիամի դուստրը Տի­րու­հի 1946-ին կ՚ամուսնա­նայ Սա­հակ Տէր Ղա­զարեանի հետ եւ կը ներ­գաղթե­ն Հա­յաս­տան։ Նոյն տա­րի ծնո­ւող առա­ջին աղ­ջի­կը կը կո­չէ Հռիփ­սի­մէ։ 1948-ին երկրորդ աղ­ջիկ մը կ՚ու­նե­նայ, որուն կու տայ քրո­ջը անու­նը՝ Խա­թուն։ Աւե­լի ետք եր­կու որ­դի­ներ ալ կ՚ու­նե­նայ։

Մա­րիամի Հա­լէպ ապ­րող եղ­բօ­րոր­դին Աբ­րա­համ Կա­րապե­տեան 1955-ին կը յա­ջողի Խա­թու­նի հետ կապ հաս­տա­տել։ Ան­գա­րա կու գայ, կը տե­սակ­ցի եւ կը նկա­րուին միասին։ Խա­թուն հսկայ գու­մար մը կը նո­ւիրէ անոր։ Աբ­րա­համ այդ գու­մա­րին հետ կը բե­րէ նաեւ գաղտնիք մը։ Գաղտնիք մը որ մի­ջոց մը ետք պի­տի պար­զո­ւի։ Խա­թու­նը Աթա­թիւրքի հո­գեզա­ւակ Սա­պիհա Կէօք­չէն եղած է։

Թուրքիացի­ներ այս բո­լորը լսե­ցին երբ Տի­րու­հիի դուստրը Հռիփ­սի­մէ աշ­խա­տանք գտնե­լու հա­մար Թուրքիա կու գայ եւ Հրանդ Տին­քին կը պատ­մէ թէ Սա­պիհա Կէօք­չէն իր մօ­րաքոյրն է եւ բուն անունն է Խա­թուն Սէ­պիլ­ճեան։ Թուրքիացի­ներուն հա­զիւ «Ակօս»ի ու ապա «Հիւրրի­յէթ»ի լրա­տուու­թիւնով լսա­ծը ար­դէն ծա­նօթ էր ըն­տա­նիքի Հա­լէպ, Պէյ­րութ, Լոս Անճըլըս, Երե­ւան եւ Ֆրէզ­նօ ցրո­ւած բե­կոր­նե­րուն։

Սա­պիհա Կէօք­չէ­նի հայ ինքնու­թիւնը որո­նելու ոդի­սակա­նը այսպէս սկսաւ։ Լրագ­րող Արիս Նալ­ճը իմ խնդրան­քովս թարգմա­նեց Սի­մոն Սի­մոնեանի 1972-ին «Լեռ եւ Ճա­կատա­գիր»ին մէջ լոյս տե­սած պա­տումնե­րը։ Այ­շէ Հիւ­րի, որ այս մա­սին ինք ալ մե­լան հո­սեցու­ցած է, մի­ջոցաւ Լոս Ան­ճըլսաբ­նակ բա­րեկամս Գէոր­գէն եւս ստա­ցայ նշեալ ման­րա­մաս­նութիւննե­րը։ Փաս­տա­թուղթե­րու կա­րիք կը զգա­յի։ Այնթա­պի Կեդ­րո­նական Քո­լէժի ար­խի­ւի պատ­ճէ­նը Պիլ­քէնթ Հա­մալ­սա­րանի գրա­դարա­նը կը գտնո­ւի։ Սկսայ կար­դալ այդ տե­ղէն գտած եւ 1915-1920 թո­ւական­նե­րուն վե­րաբե­րող շուրջ 2.000 էջե­րը։ Միակ գտածս Մուսթա­ֆա Քէ­մալի հրա­մանա­տարու­թեամբ եօթե­րորդ բա­նակի կից գոր­ծող տա­սներորդ շտե­մարա­նի գունդին 10 Հոկ­տեմբեր 1917-ին քո­լէժը գրա­ւելուն մա­սին տե­ղեկա­գիրն էր։ Կրկին դի­մեցի Ռաուֆ Օր­պա­յի «Դժոխ­քի Ջա­ղաց­քը» յու­շագրու­թեան։ 288-երորդ էջին վրայ կը պատ­մո­ւէր խու­զարկու­մի պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը։ «Մուսթա­ֆա Քէ­մալ Փա­շա կը մե­ղադ­րո­ւի Հա­լէպէն հե­տը բե­րած հայ որբ մը պահ դնե­լու պնդու­մով»։

Նման նիւ­թով մը աշ­խա­տող Իփէք Չա­լըշ­լա­րի յանձնա­րարու­թեամբ դի­մեցի նաեւ Իս­մէթ Ինէօնիւ­յի յու­շե­րուն։ Հոն դար­ձեալ հան­դի­պեցայ նոյն պնդու­մին։ Այդ շրջա­նի հա­յերէն եւ օս­մա­ներէն թեր­թե­րը սեր­տողնե­րը կը վստա­հեց­նէին թէ այդ աղ­բիւրնե­րու մէջ այս մա­սին տե­ղեկու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Սա­կայն կար ու­սումնա­սիր­ման կա­րօտ ու­րիշ աղ­բիւր մը։ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը հիմ­նած եւ մէ­կու­կէս տա­րի հրա­տարա­կած էր «Լա Ռէ­նէսէնս» անուն ֆրան­սա­կան պար­բե­րական մը։ Թուրքիոյ գրա­դարան­նե­րէն ոչ մէ­կուն մէջ հան­դի­պեցայ այդ թեր­թին։ Որ­քան որ գի­տեմ ան­հա­տական հա­ւաքա­ծոնե­րուն մէջ ալ գո­յու­թիւն չու­նի։ Շուրջ տա­րի մը տե­ւող պրպտումնե­րէ ետք Փա­րիզի Նու­պա­րեան գրա­դարա­նի մէջ մա­համերձ վիճակի միք­րօ­ֆիլմ մը ձեռք բե­րի։ Եւ շա­բաթ մը անց հիաս­թա­փու­թեամբ հա­մոզո­ւեցայ որ այս աղ­բիւրն ալ ապար­դիւն է։ Այդ նոյն շրջա­նին կը թղթա­տէի նաեւ Անգլիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան ար­խի­ւը։ Հան­դի­պեցայ նախ­կին դես­պան Պի­լալ Շիմ­շի­րի չորս հա­տորա­նի «Անգլիական փաս­տա­թուղթե­րու մէջ Աթա­թիւրք» անուն ու­սումնա­սիրու­թեան։ Բայց հոն ալ ամե­նահին թո­ւար­կութիւ­նը 28 Փետ­րո­ւար 1919 էր։ Այ­սինքն Մուսթա­ֆա Քէ­մալի տան մէջ հայ որբ փնտռո­ւելու թո­ւակա­նին, 10-11 Դեկ­տեմբեր 1918 թո­ւակա­նին մա­սին ոչ մէկ վկա­յու­թիւն։

Այս ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը ալ աւե­լի պղտո­րեցին գի­տելիք­ներս։ Տէր Ներ­սէս Պա­պաեան «Օրագ­րէս Էջեր» խո­րագ­րեալ յու­շե­րուն մէջ Սե­պիլ­ճեան ըն­տա­նիքին ալ մաս կազ­մած կա­րաւա­նին Այնթապ վե­րադար­ձը կը նշէ 21 Նո­յեմ­բեր 1919 թո­ւակա­նով։ Մայրը հա­զիւ այն ժա­մանակ սոր­ված ըլլալու է Խա­թու­նի բա­ցակա­յու­թիւնը։ Ու­րեմն Դեկ­տեմբեր 1918-ին Մուսթա­ֆա Քէ­մալի տան մէջ փնտռո­ւածը Խա­թուն չի կրնար ըլ­լալ։ Դա­տաւոր Մատ­թէոս Էվ­լի­կատեանի յու­շե­րուն մէջ ալ կը խօ­սուի Մուսթա­ֆա Քէ­մալի մօր Զիւ­պէյտէ­յի եւ Պատ­րիարք Զա­ւէն Տէր Եղիաեանի մի­ջեւ տա­րակար­ծութիւ­նը։ Զիւ­պէյտէ հայ որբ մը որ­դեգրած էր եւ կը մեր­ժէր Պատ­րիար­քին վե­րադարձնել։ Բայց այդ որբն ալ մանչ մըն էր՝ Ապ­տուրրա­հիմ Թունճաք։

Կը յի­շէ՞ք յօ­դուա­ծագիր Մուսթա­ֆա Էք­մէքճին։ Խի­զախ ու քա­ջարի լրագ­րող մըն էր: Իւ­րա­յատուկ ոճ մը որ­դեգրած էր, որու շնոր­հիւ կը գրէր ու­րիշնե­րուն չհա­մար­ձա­կած նիւ­թե­րու մա­սին։ Շատ ան­գամ կը դի­մէր «իբ­րեւ թէ», «կ՚ըսեն թէ», «ես ուրկէ՞ գիտ­նամ»ի նման մէջ­բե­րումնե­րու, բամ­բա­սան­քի կը վե­րածէր խիստ լուրջ պնդումնե­րը։ «Ենի Օր­թամ» կամ «Ճումհու­րի­յէթ» թեր­թե­րու ըն­թերցող­նե­րը սա­կայն կը գի­տակ­ցէին որ այդ բամ­բա­սան­քի տես­քով մը ներ­կա­յացո­ւած­նե­րը հա­ւաս­տի լրա­տւու­թիւններ են։ Զինք յի­շելուս դրդա­պատ­ճա­ռը Ան­գա­րա կա­յացած ցու­ցա­հան­դէս մըն է։ Աթա­թիւրքի հո­գեզա­ւակ Ապ­տուրրա­հիմ Թունճաք իր մօտ գտնո­ւած Աթա­թիւրքի լու­սանկար­նե­րը նո­ւիրած է հաս­տա­տու­թեան մը։ Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հան­դի­սու­թեան ներ­կայ է նաեւ Սա­պիհա Կէօք­չէն։ Այդ երե­կոյ հե­տեւեալ զրոյ­ցը կ՚անցնի այս եր­կուքի մի­ջեւ։ «Սա­պիհա, դուն զիս կը ճանչնաս, ես ալ քեզ լաւ կը ճանչնամ» կ՚ըսէ Ապ­տուրրա­հիմ: «Ան­շուշտ կը ճանչնամ, շատ լաւ կը ճանչնամ» կը պա­տաս­խա­նէ Սա­պիհա։ Էք­մէքճի այս յօ­դուա­ծը կ՚աւար­տէ «Կը կար­ծեմ թէ յա­ռաջի­կային շա­հեկան գի­տելիք­ներ պի­տի փո­խան­ցեմ Ապ­տուրրա­հիմի մա­սին» նա­խադա­սու­թիւնով։

Էք­մէքճի վեց ամիս անց մա­հացաւ առանց այս մա­սին գրե­լու։ Բայց եթէ գրած ըլ­լար, հա­ւանա­բար պի­տի հրա­պարա­կէր այն իրո­ղու­թիւնը, թէ Ապ­տուրրա­հիմ ոչ թէ հո­գեզա­ւակ այլ հա­րազատ որ­դին է Մուսթա­ֆա Քե­մալին։

Հա­կասա­կան տե­ղեկու­թիւննե­րու հսկայ ծրա­րի մը տպա­ւորու­թիւնը կը թո­ղու Մուսթա­ֆա Քէմալի որ­դեգրած հո­գեզա­ւակ­նե­րուն տոհ­մա­ծառը։ Նոյ­նինքն այդ հո­գեզա­ւակ­նե­րը, նե­րառեալ Սա­պիհա Կէօք­չէն, ընդմիշտ սուտ ու սխալ տեղեկութիւններ փոխանցած են իրենց ծնողներուն մասին։ Ուշագրաւ է, որ այս առումով ներկայացած ամէն պատմութիւն ձեւով մը կը ջրէ նախորդը։ Ոչ թուականները, ոչ անձանունները եւ ոչ ալ տեղանունները կը համապատասխանեն։

Սապիհա Կէօքչէն ընդմիշտ հպարտութեան աղբիւր մը եղաւ տէրսիմցիները ռմբակոծելու, զանգուածաբար կոտորելու իր «հերոսութեան» պատճառաւ։ Այժմ այդ պատիւին վրայ եկած է աւելնալու կեղծուած ինքնութեան հետեւանքով Հրանդ Տինքի մահուան տանող ճանապարհին ալ իր անունէն մեկնած ըլլալու փաստը։

Զէհրա Այլին, Ռուքիյէ Էրքին եւ Սապիհա Կէօքչէն


Սապիհա Կէօքչէն եւ Աթաթիւրք


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ