ԱՌՕՐԵԱՅ
Յարատեւ դիմադրութիւն
Երբ Քամփ Արմէնի յափշտակման խնդիրը առաջին օրերու բոցավարումէն ետք հետզհետէ հանգած եւ բարձիթող ըլլալու վերածուած տպաւորութիւն մը կը թողու, Նոր Զարթօնքի եւ Քամփ Արմէնի Զօրակցութեան պահանջատիրութիւնը օրըստօրէ կը ծաւալի։ Այս պայմաններու տակ Ակօսն ալ իր սիւնակներու միջոցաւ վճռած է յարատեւօրէն օրակարգի վրայ պահել այս նիւթը։
Համասեան երաժշտութիւնով կը հատէ սահմանները
Հայաստանի առաջնակարգ երաժիշտներու կարգին կը դասուի ծանօթ ճազի դաշնակահար Տիգրան Համասեանը։ Ան վերջերս ձեռնարկած է հիւրահամերգներու ծրագրին, որ ունի նաեւ ուխտագնացութեան բնոյթ։ Համասեան որոշած է աշխարհի վրայ հարիւր եկեղեցիներու կամարներու ներքեւ հնչեցնել Կոմիտասեան մեղեդիները եւ հայ ժողովուրդի պատմական տաղերը։
20 Հայ համայնավարներ կախաղանի տակ
Նէվզաթ Օնարանէն հեռախօսազանգ մը ստացայ։ Աթաթիւրքի անուան գրադարանէն գիրք մը գտած էր եւ կը կարծէր թէ կարեւոր կրնայ ըլլալ։ Այսպէս սկսաւ այս գիրքի ոդիսականը։
Բացում՝ Սեբաստահայերու նոր հաւաքատեղիի
Սեբաստահայոց Հայրենակցական միութեան նոր հաւաքատեղիի հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ 13 Յունիս Շաբաթ օր։ Փանկալթի թաղի, Թիւրքպէյ փողոցի 40 թիւ շէնքի մէջ գտնուող նոր հաւաքատեղին միութեան անդամներուն հանգանակութեամբ առնուած էր անցեալ ամիսներուն։
Քեզ ի՛նչ եղաւ, Թիֆլի՛ս
Թիֆլիսը Քուր գետի ափին է, բայց այն, ինչ տեղի ունեցաւ Շաբաթ լոյս Կիրակի գիշեր Յունիսի 14-ին, Քուրի պատճառով չեղաւ։ Ժամեր շարունակ յորդառատ անձրեւներ տեղացին եւ ջրհեղեղեց Վերէ գետակը, որը հոսում էր իր համար գեղատեսիլ մի կիրճում, որտեղ վերջին տարիներին գետակով հրապուրուած քաղաքացիները կառուցել էին մէկ-երկու յարկանի տներ։
Ոչ եւս է Հայաստանի հերոսը, Լաս Վէկասի թագաւորը
Ամերիկահայ անուանի մեծահարուստ Քըրք Գրիգորեան 98 տարեկանին մահացաւ Լոս Անճէլըսի մէջ։
Կէյպուլլայէվա քաղաքական ճնշումներու տակ
«Ակօս»ի մէջ Ատրպէյճանի վերաբերեալ լուրեր խմբագրող լրագրող Արզու Կէյպուլլայէվա ենթարկուած ծանր սպառնալիքներու բերումով հարկադրուեցաւ արտասահման մեկնելու։ Վերջերս Թուրքիա եկած մեր ընկերոջ հետ զրուցեցինք իր ներկայ պայմաններուն մասին։ Արզու Կէյպուլլայէվա տակաւին չէ թօթափած ենթարկուած ճնշումը։
Յամառ պայքար մնացածը փրկելու
Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայոց մշակութային ժառանգը անխնամութեան եւ տրուած վնասներու պատճառաւ ոչնչանալու վտանգի հետ դէմ յանդիման կը գտնուի։ Միւս կողմէ կարգ մը դրական զարգացումներ ալ կ՚արձանագրուին։ Մշակոյթի Նախարարութիւնը թէեւ կարգ մը պատմական հնութիւնները նորոգած է, բայց անոնք հազարաւորներու չնչին մէկ մասն են։ Հայ մշակոյթի ժառանգը փրկելու համար արտասահմանի եւ Թուրքիոյ մէջ զանազան կազմակերպութիւններ աշխատանք կը տանին։
Աւօ-Մոնթէ
Նոյեմբերի 25, 1957, Վայսելիա ԱՄՆ- Յունիս 12, 1993, Մարտունի Արցախ
Այս ակնարկը ինձ համար շատ թանկ է. 1991-ին ես անձամբ հանդիպել էի Մոնթէ Մելքոնեանին մի ընկերական շրջապատում, իսկ 2000-ին ես այցելել էի Մարտունին եւ հանդիպելով արդէն Մոնթէ Մելքոնեանին մօտիկից ճանաչողներին, կազմել էի ինձ համար նրա հազուադէպ մարդկային նկարագիրը։