Երբ Քամփ Արմէնի յափշտակման խնդիրը առաջին օրերու բոցավարումէն ետք հետզհետէ հանգած եւ բարձիթող ըլլալու վերածուած տպաւորութիւն մը կը թողու, Նոր Զարթօնքի եւ Քամփ Արմէնի Զօրակցութեան պահանջատիրութիւնը օրըստօրէ կը ծաւալի։ Այս պայմաններու տակ Ակօսն ալ իր սիւնակներու միջոցաւ վճռած է յարատեւօրէն օրակարգի վրայ պահել այս նիւթը։
Երբ Քամփ Արմէնի յափշտակման խնդիրը առաջին օրերու բոցավարումէն ետք հետզհետէ հանգած եւ բարձիթող ըլլալու վերածուած տպաւորութիւն մը կը թողու, Նոր Զարթօնքի եւ Քամփ Արմէնի Զօրակցութեան պահանջատիրութիւնը օրըստօրէ կը ծաւալի։ Այս պայմաններու տակ Ակօսն ալ իր սիւնակներու միջոցաւ վճռած է յարատեւօրէն օրակարգի վրայ պահել այս նիւթը։ Արդէն թեւակոխած ենք քանդիչ սարքերու Քամփ Արմէն մուտք գործելուն յաջորդող 53-րդ օրը։ Այդքան օր է, որ Նոր Զարթօնքի երիտասարդ գործիչները գրաւած կը պահեն ճամբարի տարածքը, արգելք ըլլալու համար յանկարծակի որեւէ զարգացումի։ Քամփ Արմէնի Զօրակցութեան հարթակը եւ Նոր Զարթօնք նախորդ Ուրբաթ օր Ճեզայիր շէնքի մէջ մամլոյ յայտարարութիւն մը կատարեցին եւ թղթակիցներուն բացատրութիւններ տուին իրենց բռնած դիրքին մասին։ «Այս խոչընդոտը գոյացնողը պետութիւնն է, հետեւաբար լուծումն ալ պետութենէն պիտի սպասենք։ Պետութիւնը կը նախընտրէ շուքի մէջ մնալ եւ խնդիրը հողատարածքի սեփականատիրոջ միջոցաւ լուծել։ Բայց մեր կոչերը միշտ պետութեան ուղղեալ են։ Այդ պատճառաւ ալ կը մերժենք կողքի դերակատարներու հետ բանակցութիւն վարել։ Սեփականատէրը իբրեւ թէ վարչապետին եւ այլ քաղաքական դէմքերու խնդրանքին ընդառաջելով խոստացած էր կալուածը նուիրել։ Այժմ յայտնի չէ թէ ինչու չիրականանար այդ խոստումը։ Թափանցիկ գործընթաց մը գոյութիւն չունի, ուրեմն մենք ալ չենք գիտեր թէ ինչեր կը սակարկուին փակ դռներու ետին։ Բայց մեր պահանջը յստակ է, -Քամփ Արմէնը վերադարձուցէք հայ ժողովուրդին-։ Մենք այս պահանջին տէրն ենք եւ մինչեւ որ մեր պահանջը չիրականանայ չենք լքեր մեզմէ թալանուած հողը»։
Նոր Զարթօնք, մամլոյ խայտառակութենէ ետք, երկրորդ զանգուածային երթ մը կը կազմակերպէ 26 Յունիս, Ուրբաթ, ժամը 19.30-ին Թիւնելի հրապարակէն մեկնելով։ Կը տեղեկացուի թէ նոյն օր, նոյն ժամուն այս բնոյթով հանրահաւաք ու երթ մըն ալ պիտի կայանայ Անգարա, Եիւքսել փողոցի վրայ։