12եւ 13 Ապրիլ օրերուն յունաց Քուրթուլուշ մարզակումբի մէջ կայացան «Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւններու նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած երկօրեայ միջոցառումներ։
Շաբաթօրեայ միջոցառման առանցքը կը կազմէր Պոլսահայ բեմին վերաբերեալ երու նորատիպ գիրքեր։ Առաջինը ընթերցողին կը ծանօթացնէր դերասանուհի Արուսեակ Փափազեանը իբրեւ նախայարձակ դէմք մը, որ քաջութիւնը ունեցաւ որպէս կին կերպար բեմ ելլելու։ Այս նիւթով «Արաս» հրատարակչատան խմբագիր Նեսրին Ուչարլար զրուցեց գիրքի հեղինակ Տոքթ. Պարգեւ Պալըմեանի հետ։
Երկրորդ գիրքը Երուանդ Թոլաեանի «Կավռօշնամէ»ն էր։
Թատերա- խմբագրական յիշողութիւններու բովանդակութեամբ այս հատորը Հենրիկ եւ Արծուի Բաղչինեաններու աշխատասիրութեան արդիւնք է, որու մասին զրուցեցի Պէթիւլ Պաքըրճը հետզհետէ պոլսահայ թատրոնի պատմագրութեան նուիրուած Նեսիմ Օվատիա Իսրայէլի հետ։
Անոնք անդրադարձան Կավռօշ ծածկանունով ծանօթ Երուանդ Թոլաեանի հրատարակիչ եւ դերասան յատկանիշներուն։
Օրուայ երրորդ ատենախօսն էր Պօղոս Չալկճեան՝ որ իր կարգին Շարասանէ քաղուած տեղեկութիւններով հարստացուց պոլսահայ թատրոնի ուղղեալ ընդհանուր հայեացքը։
Միջոցառման երկրորդ օրուայ ատենախօսն էր ի մասնաւորի Քուրթուլուշ թաղի մանրապատումով ծանօթ հետազօտիչ Հիւսէյին Ըրմաք։ Ան ալ զրուցավար Մելթեմ Օրալի ուղղած հարցումներուն ընդառաջելով լրացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջերս լոյս տեսած «Երթանք Թաթավլա» անուն գիրքի բովանդակութենէ։
Կազմակերպիչները երկու միջոցառումներու աւարտին համար ալ նախատեսած էին երաժշտական հատուած, որ ալ աւելի մատչելի դարձուց երկօրեայ միջոցառումը։