«Դու ես, Քրիստոս, կեանք եւ
յարութիւն ազգի մարդկան.
Յոյս յարութեան մերոյ, աղբիւր կենաց
եւ փրկութեան»
(Ողորմեա Շարական, ԱԿ.):
Ահա՛ հասանք կրկին մեր եկեղեցական օրացոյցի զենիթին՝ Տէր Յիսուսի փառահեղ յարութեան դէպքին, որ այնքան էական է մեր հաւատքին համար որ կու տայ արդարօրէն տարուայ բոլոր կիրակիներուն իր իմաստը:
Հաւատալ Յիսուսի յարութեան՝ պայմանն է փրկութեան, ինչպէս Սուրբ Պօղոսը կը բանաձեւէ հրաշալիօրէն. «եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս, ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց, պիտի փրկուիս» (Հռով. Ժ.9):
Սուրբ Յարութեան Տօնի յարուցած զատկական ուրախութիւնը այնքան մեծ է որ տօնակատարումը կը տեւէ քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր, կարծես թէ արքայական հարսանիք մը լինէր, մինչեւ Համբարձման Տօնը, մինչ այդ զիրար պիտի ողջունենք, ըսելով.
«ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ»:
Երբ այս սիրալիր աւետիսը հասնի ականչին հայ քրիստոնեայի մը, ինքնաբերաբար ցնծագին բացագանչում մը կը ժայթքի իր հաւատացեալ սիրտի խորքերէն.
«ՕՐՀՆԵԱ՛Լ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»:
Սակայն պէտք է խոստովանինք, որ յաճախ կը տարուինք արտաքին զարդ ու բարքէն, խրախճանքի սեղաններէն, ներկուած հաւկիթներէն, կերուխումէն կամ վեհական ծիսակատարութիւններէն եւ փառայեղ երգեցողութենէն ու կը թերանանք անդրադառնալու Յարութեան Սուրբ Տօնի ներկայացուցած կեդրոնական խորհուրդին:
Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը զգացող Պօղոս Առաքեալ խորապէս համոզուած էր մեռելներու յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի իրականութեան: Ան անդրդուելի հաւատքով կը գրէր Կորնթոսի եկեղեցւոյ անդամներուն. «Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ: Ու եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ի զո՛ւր է մեր քարոզութիւնը, ի զո՛ւր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա. Կորն. ԺԵ.13-15):
Թէ՛ Առաքեալին, թէ՛ ալ բոլոր դարերու մէջ ապրող ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար Յարութեան դէպքը յաւիտենական ու հանդերձեալ կեանքի իրականութեան հիմնաքարը եղած է որպէս փրկութեան խարիսխ:
«Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. Ով որ կը հաւատայ ինծի, թէպէտ մեռնի ալ, պիտի ապրի. Իսկ ով որ կենդանի է եւ կը հաւատայ ինծի՝ յաւիտեան պիտի չմեռնի: Կը հաւատա՞ս ասոր» (Յովհ. ԺԱ.25)։
Ահա՛ այս հաւատքով մեր հոգիներուն վրայ կնիք կը ստանանք արդարներու փառքի յարութեան արժանանալու համար: «Որովհետեւ կը հաւատանք Իրեն որ մեռելներէն յարուցանեց Յիսուսը, մեր Տէրը, որ Իր կեանքը տուաւ մեր յանցանքները ջնջելու համար, եւ յարութիւն առաւ՝ մեզ արդարացնելու համար» (Հռոմ. Դ.24-25):
Չորս օրուայ մեռեալին՝ Ղազարոսին քոյրը Մարթան կ'ափսոսար Տէր Յիսուսին առջեւ լաց լինելով անյոյս տխրութեան մը մէջ մխրճուած. «Տէր, եթէ հոս ըլլայիր, եղբայրս չէր մեռներ»: Տէր Յիսուս Մարթային եւ մեր նայուածքները մահէն դէպի Աստուած ուղղել կը փորձէ որպէս ոսկի բանալին՝ ամէն խնդրի լուծման:
«Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. Ով որ կը հաւատայ ինծի, թէպէտ մեռնի ալ, պիտի ապրի. Իսկ ով որ կենդանի է եւ կը հաւատայ ինծի՝ յաւիտեան պիտի չմեռնի: Կը հաւատա՞ս ասոր» (Յովհ. ԺԱ.25)։
Ուստի Տէր Յիսուս միայն պատմութեան կամ կրօնագիտութեան գիրքերու մէջէն ուսանելի պատմական դէմքերէն մէկը չէ, այլ՝ կենդանի եւ կենդանացնող զօրութիւն մը: Ինչպէս գարունը եւ գարնան հրաշալի ծաղկումը միմիայն բանաստեղծներէն չենք լսեր կամ նկարներէն չենք դիտեր, այլ կրնանք շնչել ծաղիկներու բուրմունքը, քաղել ծառերու պտուղները, նոյնպէս Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը հաւատացեալներու կեանքին մէջ ներկայ է ընդմիշտ:
Առանց հաւատքի կարելի չէ Աստուծոյ հաճելի դառնալ: Հաւատքը կոյր համոզում մը չէ, այլ ընտրութիւն մը, զոր կը կատարենք բաւարար փաստերու հիման վրայ: Եթէ Աստուած կայ եւ մեր Արարիչն է կեանքի եւ մահու, պիտի վստահինք Անոր, որուն Աստուածային տնօրինութիւնները դարձնելով մեր կեանքի նպատակը եւ իմաստը: Կեանքին Տէրը՝ Աստուած յարութիւն տուած է իր Օծեալին եւ օր մը անոր գերեզմանին պէս պիտի պարպէ աշխարհի բոլոր գերեզմանները:
Այս հոյակապ հաւատքի ներմուծած յոյսը ունինք մեր հոգիներուն մէջ: Յոյս մը որ կը քաջալերէ մեզ դիմագրաւելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները եւ ուրախ երգ մը կը դնէ մեր շրթներուն վրայ.
«Փա՜ռք յարութեան Քո, Տէ՜ր: Ես ոչ դադարեցայց, Փրկիչ, փառաւորել զՔեզ զամենայն աւուրս կենդանութեան իմոյ»:
Զոհուած Փրկիչը յարութիւն առաւ մեռելներէն ու ունի մահուան եւ դժոխքի բանալիները ի ձեռին եւ Ի՛նքն է կեանքը, ճանապարհն ու ճշմարտութիւնը:
«Մահուամբ զմահ կոխեաց, եւ յարութեամբն իւրոյ մեզ զկեանս պարգեւեաց. Նմա փա՜ռք յաւիտեանս»:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵ՛ԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹՒԻՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
*
Քրիստոսի հրաշափառ եւ կենսանորոգ Տօնին առիթով կ’ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի եւ իրեն ենթայանձնախումբերու, Տիկնանց եւ Հայ Մենթի-Մենթոր Յանձնախումբերու անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժ քոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները, Մարմնամարզական եւ Հայրենակցական Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, Պատրիարքական Աթոռոյս ինչպէս նաեւ բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին Սուրբ Յարութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Գաւառի Հայոց Տեսուչը եւ գաւառի մէջ բնակող մերազն ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։
Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։
Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան Վարժարաններու Սանուց Միութեանց Վարչութիւններուն, Պոլսահայ Միութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։
Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Սուրբ Յարութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։
Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ
աղօթիւք ի Քրիստոս
ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ