Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ

Նոր ժա­մանակ­նե­րու պատ­մագրու­թիւնը իր հետ բե­րաւ նաեւ 2000 ամեայ Սուրբ Զատ­կի նոր ըն­կա­լում մը։ Չէ որ Զա­տիկը կը տօ­նենք Մարտ ամ­սու վեր­ջե­րուն կամ Ապ­րիլ ամ­սու սկիզբնե­րուն, ինքնա­բերա­բար հա­մակո­ւած կ՚ըլ­լանք 24 Ապ­րի­լի թե­լադ­րած խոր­հուրդնե­րով եւս։ Այս առու­մով Սուրբ Զատ­կի խորհրդան­շած վե­րած­նունդը հա­մաշ­խարհա­յին հա­յու­թեան հա­մար յա­ւելեալ նշա­նակու­թիւն մը ու­նի։ Մենք՝ Ակօ­սական­ներս Զատ­կի հետ միասին կը յի­շենք թեր­թիս հիմ­նադրու­թեան տա­րեդար­ձը։ Երե­ւոյթ մը, որ ին­չո՞ւ չէ՝ մաս կը կազ­մէ վե­րած­նունդի եւ նոյ­նիսկ վե­րընդձուլման։

Ու­րեմն այս տա­րի ալ ար­դար հպար­տութեամբ կրնանք աւե­տել՝ Մա­հուամբ զմահ կո­խեաց։

Քրիս­տոս Յա­րեաւ Ի Մե­ռելոց, Օրհնեալ է Յա­րու­թիւնը Քրիստոսի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ