ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Գրողի համար շատ անգամ յատուկ հմայք մը կ՚ունենայ ճանապարհորդութենէ վերադարձին տպաւորութիւնները թուղթի փոխանցել։ Այդ պահուն գլխաւոր մտահոգութիւնը ընթերցողի շահագրգռութիւնն է միայն։ Արդեօք զիս յուզող ապրումները ի՞նչ նշանակութիւն ունին ընթերցողի համար։
Ինչ լաւ է որ այս պահուն բոլորովին ձերբազատուած եմ այդ մտահոգութենէն։ Հաստատ համոզուած եմ որ նախորդ շաբաթավերջին Զօրավար Անդրանիկի բնօրրանի մէջ իմ ապրումները խիստ հետաքրքրական են հայերէն ընթերցող բոլորին համար։ Ուրեմն սկսինք պատմել ամենասկիզբէն։
Պատահաբար եւ վաղեմի բարեկամի մը միջոցաւ ծանօթացայ զբօսաշրջութեան ընկերութեան մը պատասխանատուին հետ։ Բոլորովին տարբեր նիւթի մը մասին կը զրուցէինք, եւ յանկարծ պարզուեցաւ որ Թամզարացի է։ Հաճելի զուգադիպութիւն, մօր կողմէ մեծմայրս Արուսեակ ալ Թամզարացի էր։ Դժուար չէ յաջորդող զրոյցը երեւակայել։ «Եղա՞ծ ես Թամզարա»։ Ափսոսանքով պատասխանեցի որ չեմ տեսած մեծմօրս ծննդավայր այդ գիւղը, որուն համար այնքան ջերմ յիշատակներ կը փոխանցէր մեզ՝ թոռներուն։
Զրուցակիցս երկու շաբաթ առաջ կրկին զանգահարելով իմացուց 13 Յունիսին Թամզարայի մէջ կայանալիք տարազներու տողանցքը։ «Եթէ փափաքիս քու անունը պիտի գրեմ թղթակիցներու ցանկին»։
Մեծմայրս 1915-ին, 15 տարեկան հասակին հարկադրուած էր Թամզարան լքելու։ Կեանքի յաջորթող 70 տարիներուն ան ծննթավայրի կարօտը յագեցուց օրրանի յատուկ երգ ու պարով։ Իր զաւակները՝ որոնց երիցագոյնն էր մայրս Սիրանոյշ, նոյնպէս չէին արժանացած իրենց մօր հայրենիքը տեսնելու։ Արուսեակի եօթ թոռներէն ես որ 60 տարեկանէ ետք գտեր եմ այդ առիթը, միթէ կրնա՞մ մերժել։
13 Յունիս Շաբաթ առաւօտ երբ Սեբաստիա թռչող սաւառնակը իր անիւները կը հաւաքէր Եշիլգիւղի օդակայանի վազքուղիէն, ես ու կինս Սեդան դեռ չէինք գիտեր թէ դէպի ինչպիսի առեղծուած մը կը ճամբորդենք։ Խոստովանիմ որ տարազներու տողանցքը իմ հետաքրքրութիւններու ցանկին բաւական ցած հորիզոնականը կը զբաղեցնէ։
Աւելի քան մէկ ժամուայ թռիչքէ ետք ինքնաթիռը վայրէջք կատարեց Սեբաստիա։ Ահա անգամ մը եւս ոտք կը դնենք Արեւմտեան Հայաստանի այս կարեւոր քաղաքը։ Սեբաստիան շրջապատող բազմաթիւ քաղաքներ, որոնք ներկայ վարչական բաժանումին մէջ կը յիշուին իբրեւ գիւղաքաղաք, հայ պատմութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցած են։
Հազիւ օդակայանէ ելքի պահուն մեզ դիմաւորելու եկող կարգադիր յանձնախումբին մօտենալնին տեսնելով անդրադարձանք որ մեզ հետ ճամբորդած էին նաեւ այս միջոցառման մասնակից խումբ մը անձեր։ Անոնց կարգին էր նաեւ համբաւաւոր մոտէլ Շեպնեմ Շէֆըր։ Իսկ մնացեալները մամուլի կամ հեռուստակայաններու մակազին բաժնի թղթակիցներ։
Մօտ երեք ժամուայ ցամաքային ճամբորդութիւնով կը հասնինք Շապինգարահիսար քաղաքը։ Ափսոսանքով կը տեսնենք որ այս քաղաքն ալ ապրած է «զարգացում» կոչուած աղէտը։ Իրաւ ալ մեր երկրի մէջ, յատկապէս ալ գաւառներու տարածքին զարգացում կը կարծուի անցեալը փլել եւ տեղը բարձրայարկ եւ անհրապոյր պեթոնեայ շէնքեր կարուցելը։ Շապինգարահիսարն ալ ենթարկուած է այդ աղէտին եւ չէ կրցած պահել իր փառաւոր անցեալը ցոլացնող որեւէ նմոյշ։
Բարեբախտաբար անառիկ դիրքի մէջ է Շապինգարահիսարի բերդը, որու հետեւանքով ալ կը մնայ քաղաքի բարձրագոյն գագաթին վրայ ու կը շարունակէ յուշեր փոխանցել պատմութեան տխուր էջերէն։
Կ՚իջեւանինք նորակառոյց հիւրանոց մը եւ մեր ծանրութիւնները թողելով կ՚ուղղուինք մօտակայ պարտէզի մը մէջ սարքուած ճաշասեղաններուն։ Օդակայան ոտք դրած պահէն իսկ զգալի դարձող հիւրասիրութիւնը հոս ալ կը շարունակուի նոյնութեամբ։ Ուր որ կ՚այցելենք բարեկամական վերաբերումի կ՚արժանանանք փոխանակ յաճախորդի։ Այստեղ մեզի կը միանայ Շապինգարահիսարի երիտասարդ գաւառապետ Մուրատ Չաղրը Էրտինչ։ Համակրելի պետական գործիչ մըն է գաւառապետը եւ կը վայելէ տեղւոյն ժողովուրդի ջերմ վերաբերմունքը։ Ան ամբողջովին գիտակցած է իր ծառայած քաղաքի խնդիրներուն։ Արդէն այս միջոցառումին ծնունդ տուող գաղափարն ալ նոյն գիտակցութենէն կը բխի։ «Թամզարացիներու գլխաւոր զբաղմունքը ջուլհակութիւն եղած է։ Հայերու օրով ամէն տունէն բանող թազկահներու թքրտոցը կը լսուէր։ Որակաւոր այդ կտաւները կ՚արտածուէին երկրին չորս կողմը։ Թամզարայի գործուածքը համբաւ ունէր։ Հայերու եւ յոյներու հեռացումով ջուլհակութիւնն ալ նահանջեց։ Բացի այն, նահանջեց նաեւ գիւղատնտեսութիւնը, հողագործութիւնը, անասնապահութիւնը եւ անոնց հետ առնչուած զանազան աշխատութիւններ։ Ներկայիս Շապինգարահիսարի կարգ մը գիւղերու մէջ ձմրան եղանակը բնակողներուն թիւը միայն 4 կամ 5 գիւղացիներէ կը բաղկանայ։ Անոնք ալ անասուն պահողներն են, որով ստիպուած կը մնան հոս: Շապինգարահիսարի ընկոյզը նշանաւոր էր։ Բարակ կեղեւով, իւղոտ եւ սպիտակ այդ ընկոյզը նոյնպէս կ՚արտածուէր աշխարհին չորս կողմը։ Ներկայիս աշխատութիւն կը տանինք այդ արտադրութիւնն ալ վերականգնելու, բայց լուրջ դժուարութիւններ կ՚ապրինք։ Նախ եւ առաջ ծառատունկի համար այդ ընկոյզի տեսակին տունկերը չունինք։ Ուրիշ տեղերէ ապահովուած տունկերը պատուաստելով կը փորձենք Շապինի ընկոյզ ստանալ»։
Ինչպէս այս բացատրութիւններն ալ կը վկայեն, երիտասարդ գաւառապետը նուիրեալ աշխատանք կը ծաւալէ ընդամէնը երեք տարուայ ծառայութեան համար նշանակուած այս քաղաքին մէջ։ Բայց գաւառապետ Մուրատ Չաղրը Էրտինչի մարդասիրական դիմագիծը քանի մը ժամ յետոյ շատ աւելի յստակ պիտի դառնար Թամզարայի միջոցառման առթիւ իր արտասանած ճառով։
Տողանցք գիւղի փողոցներուն
Պոլսոյ մէջ մեր ստացած նախնական տուեալներով դժուարացած էինք կատարուելիքները ընկալելու:
Շապինգարահիսարէն հազիւ 5 քմ. հեռաւորութեամբ Թամզարա հասնելով տեսանք թէ որքան իրաւացի էր մեր այդ ընկալելու դժուարութիւնը։ Նախ բազմութիւնն էր որ պիտի զարմացներ մեզ։ Գիւղի մուտքին փոքրիկ հրապարակը ասեղ քցելու տեղ չէր մնացած։ Բայց այդ ծովածաւալ բազմութիւնը կարճ ժամանակի մէջ եւ շատ մեծ կարգապահութեամբ տեղաւորուեցաւ նախապէս պատրաստուած թրիպունաներուն: Երկկողմանի այդ թրիպունաները կ՚երկարէին մինչեւ գիւղին հրապարակը, որուն վերեւ կը բարձրանար ճիւղերէն կախուած լապտերներով տօնածառի մը տպաւորութիւնը պարզող սօսին։ Հոն պատրաստուած էր նաեւ բեմահարթակ մը, ուրկէ ամբողջ տողանցքի տեւողութեամբ պիտի կատարուէր կենդանի երաժշտութիւն։
Եթէ սովորաբար նորաձեւութեան տողանցքները կը կայանան փարթամ հիւրանոցներու շքեղ սրահներուն մէջ, այդ պահուն մօտէլներուն ոտնաքայլերն ալ ձայնագրեալ փօփ երաժշտութեան մը կշռոյթով կը համաչափուին։ Թամզարայի մէջ այս կաղապարն ալ խորտակուած էր։ Անուանի քնարածու Շիրին Փանճարօղլու ստանձնած էր ձեռնարկի երաժշտական կատարումը։ Արդարեւ բեմի վրայ երկու քնարներ, քամանչա եւ թմբուկէ բաղկացող նուագախումբը կ՚ընկերակցէր ժողովրդական երգեր կատարող մեներգիչին։ Երեւոյթ մը՝ որ դարձեալ իւրայատուկ կը դարձնէր այս միջոցառումը։ Թամզարա գիւղի փողոցին վրայ Շեպնէմ Շէֆըր եւ իր ընկերները Աշըք Վեյսէլի երգերուն կշռոյթով կը տողանցէին։ Անոնք կը ներկայացնէին Թամզարայի գործուածքով կարուած տարազներ, որոնք մտայղացումն էին Շապինգարահիսարի Արհեստներու Դպրոցի ուսանողներուն։ Տողանցքի աւարտին մօտէլները վերջին անգամ քալեցին այդ տարազներու հեղինակ մանկամարդուհիներուն ընկերակցութեամբ։ Այդ պահուն ուսանողներու աչքերուն փայլատակող յաջողութեան ուրախութիւնը անգամ մը եւս յուզեց մեզ։ Համատարած էր այդ զգացումը, քանի որ գիւղը կը թնդար ծափողջիւններով։
Նոր անակնկալ մը եւս կը սպասէր մեզ։ Այս անգամ ձայնագրուած երաժշտութեամբ փողոց իջան երկու պարողներ։ Կէօքմէն Քասապալը եւ Պուսէ Էրճան ժամանակակից պարարուեստի ոճով ներկայացուցին Շապինգարահիսարի առասպելական պատմութիւնը։ Այս ուշագրաւ ընդմիջումէն ետք սկսաւ տողանցքի երկրորդ փուլը, ուր այս անգամ ունէր հեղինակային բնոյթ։ Մօտէլները հիմա կը ներկայացնէին Ահմէտ Կիրայ Եըլմազի ձեւաւորած առական տարազները՝ դարձեալ Թամզարայի գործուածքով բանուած։
Միջոցառումը իր աւարտին հասաւ մօտակայ պարտէզին մէջ սարքուած ընդունելութեամբ։ Այս մէկը դարձեալ ոգեւորութիւն ստեղծեց, քանի որ բեմ բարձրացան Շապինգարահիսարի Երաժշտական Միութեան երգչախումբի անդամները։ Անակնկալ մը եւս, ամբողջ կազմակերպութեան ընթացքին մեր անմիջական ուղեկցողը Կիւլշէն Աքեօլ Մութլու ալ երգչախումբին մաս կը կազմէր։ Վերջացած էր ամէն մի պահը ծրագրուած, փորձուած, դասաւորուած, կազմակերպուած միջոցառումը եւ հիմա ազատութեան պահն էր։ Ժամ մը առաջ իրենց արհեստավարժ աշխատանքը կատարած մօտէլները հիմա հանգիստ ու թեթեւ զգեստներու մէջ շուրջպար կազմած են, կուրախանան գիւղի երիտասարդներուն հետ։ Իսկ տարեցները գաւառապետութեան մատուցած օղին սպառելու ազնիւ պարտականութիւնը կը կատարեն։ Կէս գիշերը անց կը հասնինք հիւրանոց, կը փորձենք, քանի մը ժամ հանգստանալ, քանի որ յաջորդ օրուայ համար դարձեալ ծանրաբեռնուած օրակարգ մը ունինք։
Շապինգարահիսարի պատմական կարեւորագոյն կառոյցն է Մարիամ Աստուածածնի անուան ժայռափոր յունական վանքը։ Վերջերս վերանորոգուած այս վանքը կիրակնօրեայ ծրագրին մաս կը կազմէ։ Բայց մենք կը հրաժարինք վանք այցելելէ, քանի որ որոշած ենք այցելել այս անգամ հօրենական կողմէ մեծհօրս Մարգարին ծննդավայրը՝ Ազպըտէր։ Գաւառապետի տրամադրած ինքնաշարժը մօտ մէկ ժամէն մեզ կը հասցնէ Սեբաստիոյ Սուշեհրի գաւառի մօտակայ Ազպըտէր գիւղը։