20 Հայ համայնավարներ կախաղանի տակ

Նէվզաթ Օնա­րանէն հե­ռախօ­սազանգ մը ստա­ցայ։ Աթա­թիւրքի անուան գրա­դարա­նէն գիրք մը գտած էր եւ կը կար­ծէր թէ կա­րեւոր կրնայ ըլ­լալ։ Այսպէս սկսաւ այս գիր­քի ոդի­սակա­նը։

ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸ

aristotale@gmail.com

Նէվզաթ Օնա­րանէն հե­ռախօ­սազանգ մը ստա­ցայ։ Աթա­թիւրքի անուան գրա­դարա­նէն գիրք մը գտած էր եւ կը կար­ծէր թէ կա­րեւոր կրնայ ըլ­լալ։ Այսպէս սկսաւ այս գիր­քի ոդի­սակա­նը։

Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան ժա­մանակ գոր­ծող հայ կու­սակցու­թիւննե­րու մա­սին թրքե­րէնով հրա­տարա­կուած գիր­քե­րը միշտ կաս­կա­ծով դի­տած եմ։ Անոնց մէջ կը հան­դի­պիմ դաշ­նակցու­թեան կարգ մը հրա­տարա­կու­թիւննե­րուն ալ, որոնք շատ ան­գամ Փէ­րին­չէք ըն­տա­նիքէն մէ­կերու նա­խաբա­նով կը սկսին։ Գի­տենք թէ կայսրու­թեան վեր­ջին շրջան­նե­րուն հայ կու­սակցու­թիւննե­րը բա­ւական աշ­խոյժ գոր­ծունէու­թիւն ու­նե­ցած են։ Ռամ­կա­վար­ներ, դաշ­նակցա­կան­ներ կամ հնչա­կեան­ներ իրա­րու մի­ջեւ որ­քան ալ մրցակ­ցութիւն ապ­րած ըլ­լան, անոնց վերջնա­կան նպա­տակ­նե­րը կա­րելի է բնու­թագրել ան­կախ, ազատ կամ ինքնա­վար Հա­յաս­տա­նի մը երա­զու­մով։ Այդ երա­զու­մին հա­մար քա­ղաքա­կան աշ­խա­տու­թիւն ծա­ւալե­լու պա­հուն, եր­բեմն դի­մադ­րութեան շար­ժումնե­րուն զօ­րակ­ցե­ցան, եր­բեմն ալ իրենք դի­մադ­րութիւն կազ­մա­կեր­պե­ցին։

Պաշ­տօ­նական տե­սու­թե­նէ դուրս մնա­ցած աղ­բիւրնե­րը կը վկա­յեն, թէ 1900-ական թուական­նե­րուն միայն հա­յերը չէ, այլ Օս­մա­նեան երկրի բո­լոր ազ­գե­րը հա­սարա­կական նա­խաձեռ­նութիւններ ու­նե­ցած են։ Թրքե­րէնի մէջ այս նիւ­թի շուրջ լոյս տե­սած գիր­քե­րը ընդհան­րա­պէս քա­րոզ­չա­կան նպա­տակ հե­տապնդած են։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ Նէվ­զաթ Օնա­րանի յայտնա­բերած «20 Կա­խաղան­ներ» գիր­քը շատ կա­րեւոր էր։ Հոն տեղ գտած վկա­յու­թիւննե­րը հա­մադ­րող Եդուարդ Չո­փուրեան ինձ նման Կեդ­րո­նակա­նի շրջա­նաւարտ մը եղած է, 1913 թուակա­նին։

Գիր­քին վեր­ջին էջի վրայ կը տես­նենք թէ ան հրա­տարա­կուած է 1921-ին Իս­թանպուլ, Պա­պը Ալի թիւ 78 հաս­ցէի վրայ գոր­ծող «Հա­յաս­տան» գրա­խանու­թի եւ հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ։

Թարգմա­նու­թիւնը եր­կա­րատեւ եւ տան­ջանքնե­րով գոր­ծընթացք մը եղաւ ին­ծի հա­մար։ Գիր­քը կը վկա­յէ, թէ 1910-ական թուական­նե­րը հա­յոց հա­մար վե­րակա­ռուցման, գրա­կան եւ մշա­կու­թա­յին զար­թօնքի շրջան մը եղած է։ Ուսման հա­մար ար­տա­սահ­ման գա­ցած երի­տասարդնե­րը վե­րադար­ձած են եւ սկսած են դպրո­ցաշի­նու­թեան ար­շա­ւի մը։ Սա­կայն այդ զար­թօնքը չի­րակա­նացաւ ցե­ղաս­պա­նութեան պատ­ճա­ռաւ։ Այդ օրե­րը դար մը ետք դի­տելով հայ ժո­ղովուրդին ին­չո՞ւ հա­մար սփիւռքի վե­րածուելուն, զար­թօնքի այդ շար­ժումին, ո՞ր պայ­մաննե­րու տակ ան­կումի վե­րածուելուն գաղտնա­գիր­նե­րը հնչա­կեան հա­կու­մով մտա­ւորա­կան­նե­րու, գրող­նե­րու, քա­հանա­ներու, յե­ղափո­խական­նե­րու մեկ­նա­բանու­թիւննե­րը կը պար­զուին այս գրքին մէջ։ Կա­րելի է ըսել, որ այս գիր­քի մի­ջոցաւ միք­րօ պատ­մութիւ­նը կ՚ագու­ցուի մաք­րօ պատ­մութեան։ Խօս­քը թո­ղունք գիր­քէն հա­տուած­նե­րու։

1914-ի ամա­ռուայ օրե­րէն մէկն է։ Հնչա­կեան երի­տասարդներ կու­սակցութեան պար­բե­րական «Կայծ»ի ժո­ղովէն ելած Փա­րամա­զի հետ միասին կը քա­լեն Նշան­թա­շըյի վրայ։ Այս դրուագը փո­խան­ցո­ղը կը գոր­ծա­ծէ Այ­ծե­միկ ծած­կա­նու­նը։ «Դէ­պի Ըխ­լա­մուր իջ­նող զա­ռիվար­նե­րէ մէ­կուն մուտքին յան­կարծ պա­շարուեցանք ոս­տի­կան­նե­րու կող­մէ։ Հէ՜յ, հէ՜յ բա­ցագան­չութիւննե­րով մե­զի դէ­պի փո­ղոց կը հրմշտկէին։ Չէինք հասկցած թէ ինչ պա­տահե­ցաւ։ Սա­կայն նոյն պա­հուն հա­յոց դա­հիճը Էն­վէր այդ նոյն փո­ղոցի վրայ գտնուող հի­ւան­դա­նոցէն ելաւ եւ կառք մտնե­լով հե­ռացաւ։ Չեմ մոռ­ցած այդ գլխու շար­ժումը եւ Փա­րամա­զի դէմ­քին յայտնուած կի­սալուրջ ժպի­տը։ Վստահ եմ նման ժպիտ մը կը յայտնուի վրի­ժառու­թեան չաս­տուածի դէմ­քին ալ»։

Նոյն հե­ղինա­կը այդ շրջա­նը կը բնու­թագրէ յա­ջոր­դող տո­ղերուն վրայ ալ։ «Թուրք ազ­գա­յին շար­ժումը հետ­զհե­տէ աւե­լի յար­ձա­կողա­կան դար­ձած էր։ Երկրի բո­լոր ազ­գե­րուն ազա­տու­թիւն խոս­տա­նալով հռչա­կուած սահ­մա­նադ­րութե­նէն ետք Օս­մա­նեան Կայսրու­թիւնը հի­մա կը ձեռ­նարկէր երկրի բո­լոր ազ­գե­րը բնաջնջե­լու։ Իթ­թի­հատա­կան­նե­րը իրենց դի­մադ­րողնե­րու հա­մար կա­խաղան­ներ կազ­մե­ցին, կամ բո­լոր ընդդի­մադիր­նե­րը զնտան­ներ բան­տարկե­ցին։ Հի­մա որ վստահ էին իրենց իշ­խա­նու­թե­նէն կը պատ­րաստուէին վեր­ջին մա­հացու հա­րուա­ծին։ Կա­ռավա­րու­թիւնը նախ կո­տորեց Ատա­նայի հա­յերը։ Այդ կո­տորա­ծը Իթ­թի­հատա­կան­նե­րու Թէ­սաղո­նիկէի ժո­ղովին մէջ որ­դեգրուած հա­յերը ոչնչաց­նե­լու ծրագ­րի մեկ­նա­կէտն էր»։

Թէոդի­կի բան­տարկու­թեան
օրագ­րութիւ­նը

Գիր­քի հե­ղինակ­նե­րէն շա­տեր իրենց յօ­դուած­նե­րը ստո­րագ­րած են ծած­կա­նուննե­րով։ Սա­կայն կան նաեւ հան­րա­յայտ անուններ ալ։ Անոնցմէ մէկն է Թէոդիկ։ Ռու­սե­րէնէ թարգմա­նած գիր­քը գրաքննութեան կող­մէ ան­պա­տեհ հա­մարուած եւ ինք ալ քա­րոզ­չութեան մե­ղադ­րանքով բան­տարկուած է Փա­րամա­զի եւ ըն­կերնե­րուն հետ նոյն բան­տախցի­կին մէջ։ «Հրեայ, գնչու, ալ­պա­նացի, լազ… ով որ ու­զես կայ այստեղ։ Բայց հա­յերը ամե­նաշատն են։ Երի­տասարդ մը կը մօ­տենայ եւ դէ­պի աջ ան­կիւն կ՚առաջ­նորդէ մեզ։ Հա­յերէն կը խօ­սէր։ Երկմտան­քով կը յա­ռաջա­նանք քա­րաշէն նրբանցքէն։ Գե­տին փռուած ան­կո­ղին­նե­րու վրայ ըն­կողմա­նած մար­դիկ յար­գանքով ոտ­քի կը կանգնին, կը բա­րեւեն մեզ։ Ապա կը ծա­նօթա­նանք՝ Աչըք­պա­շեան, Տոք­թոր Պէն­նէ, Գե­ղամ Վա­նիկեան, Եկա­ւեան, Պար­տի­զակ­ցի Բա­նուոր եւ ու­րիշներ։ Մի առ մի կը ձեռ­նուիմ։ Յան­կարծ կը լսուի –Ար­շա­ւիր- անու­նը։ Տոք­թոր Պէն­նէ ծուռ կը նա­յի այդ անու­նը ար­տա­սանո­ղին։ Մեր զրոյ­ցը պահ մը կ՚ընդհա­տուի։ Յե­տոյ անուն մը եւս՝ -Արա­մեանց-, այս ան­գամ Տոք­թո­րի փո­խարէն Աչըք­պա­շեանն է ծուռ ծուռ նա­յողը։ Կրկին լռու­թիւն։ Ապա ես կը հա­մար­ձա­կիմ հարցնե­լու –Փա­րամա­զը չեմ տես­ներ-։ Կ՚ըսեն թէ ան զատ խցիկ մըն է»։

Քա­հանա­յի զղջու­մը

20 հա­մայ­նա­վար­նե­րուն հա­մար վեր­ջին աղօթ­քը կար­դա­ցողը, անոնց վեր­ջին խնդրանքնե­րը լսող, վեր­ջին նա­մակ­նե­րը ստա­ցող եւ միասին թա­ղուե­լու կտա­կը լսո­ղը Գումգա­բուի մէջ պաշ­տօ­նավա­րող Տէր Գա­լուստ Քա­հանայ Պօ­ղոսեանն է։ Պօ­ղոսեանի մա­հապա­տիժ­նե­րու գոր­ծադրու­թե­նէն ետք Պատ­րիար­քա­րան եր­թա­լով Պատ­րիար­քին պատ­մած վկա­յու­թիւննե­րը գիր­քի յօ­դուած­նե­րէն մէ­կը կը կազ­մէ։ «Տա­սը հո­գի ներս առին, որոնց մէջ էր նաեւ Տոք­թոր Պէն­նէն եւ Բա­նուո­րը։ Երի­տասարդ սպայ մը ձեռ­քը թուղթի ծրա­րով մը յայտնուեցաւ։ Թրքե­րէնով յայ­տա­րարեց թէ մա­հապա­տիժ­նե­րը վա­ւերա­ցուած են Սուլթա­նին կող­մէ եւ քիչ յե­տոյ պի­տի գոր­ծադրուին։ Ինձ ցոյց տա­լով ըսաւ որ վեր­ջին աղօթ­քին հա­մար եկած եմ։ Երի­տասարդնե­րէն մէ­կը վիզս փաթ­թուեցաւ ու հեծկլտալ սկսաւ։ Ոս­տի­կան­նե­րը վերցնել փոր­ձե­ցին զինք, բայց ըն­կերնե­րը չար­տօ­նեցին։ Իրենք մի­ջամ­տե­ցին եւ խրատ­նե­րով հան­դարտե­ցու­ցին երի­տասար­դը։ -Մե­ղա Ամե­նասուրբ- աղօթ­քը սկսայ ար­տա­սանել եւ իրենք ալ –Մե­ղայ Աս­տուծոյ- ըսե­լով պա­տաս­խա­նեցին։ Ջուր ու­զե­ցի, օրհնե­ցի այդ ջու­րը եւ ումպ առ ումպ ըմ­պել տուի։ Սպան զիս առաջ­նորդեց դէ­պի կող­քի սե­նեակը։ Հոն եւս տա­սը հո­գի կար։ Արամ Աչըք­պա­շեանը նկա­տեցի նախ։ Հոս ալ նոյն կար­գադրու­թիւննե­րը եղաւ։ Աչըք­պա­շեան միւս ըն­կերնե­րուն ուր ըլ­լա­լը հար­ցուց եւ ապա խստիւ պա­տուի­րեց որ միաս­նա­բար կողք, կողքի թաղուին նոյն փոսին մէջ։ Աղօթքի գործը լմննալէն ետք իւրաքանչիւրին թուղթ մատիտ յանձնեցին իրենց վերջին կտակները գրելու համար։ Ապա մահապարտներուն հագցուած երկար շապիկները բաժնեցին։ Այդ պահուն մահապարտներէն մէկը սպային դառնալով թրքերէն գոչեց՝ -Քանի որ մահապատիժ վճռեցիր, եկուր այս շապիկն ալ դուն հագցուր, դուն կապէ թեւերս-»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ