Ոչ եւս է Հայաստանի հերոսը, Լաս Վէկասի թագաւորը

Ամե­րիկա­հայ անուանի մե­ծահա­րուստ Քըրք Գրի­գորեան 98 տա­րեկա­նին մա­հացաւ Լոս Ան­ճէ­լըսի մէջ։

Ամե­րիկա­հայ անուանի մե­ծահա­րուստ Քըրք Գրի­գորեան 98 տա­րեկա­նին մա­հացաւ Լոս Ան­ճէ­լըսի մէջ։ Գրի­գորեան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան բե­րած նիւ­թա­կան նպաս­տով ազ­գա­յին հե­րոսի համ­բաւ կը վա­յելէր։ Եր­կար տա­րիներ սե­փակա­նատէրն էր նշա­նաւոր Մէթ­րօ Կոլ­տուին Մա­յէր ֆիլմ ար­տադրող ըն­կե­րու­թեան, Լաս Վէ­կասի բախ­տա­խաղե­րով ծա­նօթ Մի­րաժ Ռէ­զըրթ հիւ­րա­նոցին, Թրան­սի Ին­թէրնէ­շընըլ օդա­յին գի­ծերուն եւ կա­րեւոր շա­հաբա­ժին­ներ ու­նէր Ճէ­նըրըլ Մո­թըրս ըն­կե­րու­թեան մէջ։ 1999-ին Լաս Վէ­կաս Ռվյու թեր­թին կա­տարած հար­ցազրոյ­ցին կը նշէր թէ ինը տա­րեկա­նէն ի վեր կ՚աշ­խա­տի։

Գրիգո­րեան Հա­յաս­տա­նին ներդրումներ կը կա­տարէր Լին­սի Հիմ­նադրա­մի մի­ջոցաւ։ 1988-ի Սպի­տակի երկրա­շար­ժէն ետք հիմ­նադրա­մը ստանձնած էր 420 քմ. եր­կա­րու­թեամբ բազ­մա­շերտ ճա­նապար­հի եւ 3.200 նոր բնա­կարան­նե­րու շի­նութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ