ԱՌՕՐԵԱՅ
Փաստեր, յուշեր, վկայութիւններ
Ասում են մէկ հոգու ողբերգութիւնը ողբերգութիւն է, իսկ միլիոնների՝ վիճակագրութիւն։ Անշիրիմ մնացած զոհերի առջեւ մենք պարտաւորութիւն ունենք. փառատել վիճակագրութիւնը եւ մէկ առ մէկ անցնել զոհերի հետ իրենց Գողգոթայի ճամբան։ Եղեռնին իր 5 զաւակներին կորցրած Մարիցա Եղոյեանի յուշատետրը Կիւմրի քաղաքի «Կումայրի» թերթին տրամադրել էր նրա որդի՝ Զիդալ Եղոյեանը (ծն. 1934-ին), եւ այս յուշերը լոյս տեսան 1995-ի Ապրիլեան թիւի մէջ, իսկ ինձ հասան դրանք Եղոյեանի փեսայի՝ դստեր ամուսնու, Յովհաննէս Դուրգարեանի միջոցով։ Հազարաւոր վկայութիւնների մէջ ես զատեցի այս մէկը, որտեղ ցայտուն կերպով արտայայտուած է ոչ միայն ողբերգութեան խելակորուսութիւնը, այլ այդ ողբերգութեանը դիմադրողականութեան զօրաւոր ուժը, որի շնորհիւ մենք որպէս ազգ այսօր կանք։ Ահաւասիկ Մարիցա Եղոյեանի վշտապատումը։
Զիւրիխի ալէվիներու անմիջականութեան մէջ
Եթէ գիշերուայ մութին մէջ հաճոյքով սլքտացած, փողոցները տեսած չըլլայի, Զուիցերիոյ մայրաքաղաքէն վերադարձիս խիստ համառօտ պիտի պատմէի «Զիւրիխը ինչպէ՞ս գտար» հարցնողներուն։
Ծարաւ
Ի յարգանս Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր զոհերու յիշատակին, լռութիւն, քար լռութիւն։ Խօսքը թող մնայ նոյնինքն եղեռնազոհ բանաստեղծին, իբրեւ բանասան բոլոր վիրաւոր սրտերուն։
Մենք կանք
100-ամեակի այս ապրիլեան օրերը վկայում են, որ մենք կանք հակառակ բոլոր չարամիտ ծրագրերի, որոնց նպատական էր բնաջնջել հայի ցեղը իր բնօրրանում՝ հազարամեակներ իր մտքի, շնորհքի, հաւատքի ուժով ստեղծած ողջ ժառանգութեան հետ հանդերձ։
Դերը նոյնն է, դերակատարը ոչ
Թերթիս նախորդ շաբաթուայ էջերուն վրայ «Թափառական Գիտաժողով» խորագրով հաղորդած էինք Պիլկի համալսարանի մէջ կայանալիք «Հայկական ցեղասպանութիւնը՝ հասկացողութիւններ, բաղդատական տեսանկիւններ» անուն գիտաժողովին ջնջուելու լուրը։ Հոն նշած էինք որ 2005 թուականին «Օսմանեան Հայերը՝ գիտական պատասխանատուութիւն եւ ժողովրդավարական խնդիրներ» խորագրեալ համագումարը, երբ վերջին պահուն ջնջնուեցաւ Պողազիչի համալսարանի մէջ, Պիլկի համալսարանն էր որ դռները բացաւ գիտաժողովը կատարելու համար։ Տասը տարի անձ դէպքը կրկնուեցաւ նոյնութեամբ։ Այս անգամ Պիլկի համալսարանն էր որ կը հրաժարէր եւ Պողազիչին ալ վերջին պահուն կ՚ընդունէր իր սրահները բանալ այս կարեւոր համագումարին համար։
Պատմութեան հետ սեղան նստած
Պահ մը եւս կայ բոլորիս կեանքերուն մէջ, որը մեր վրան այնքան ազդած կ՚ըլլայ դրականօրէն, որ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին կը փորձենք հասնիլ անոր, նոյն պահը վերստեղծել, նոյնքան ուրախ ըլլալ։ Շատ անգամ այս երկրորդ պահը մենք մեր վրան չէ որ փորձած կ՚ըլլանք, այլ ուրիշի մը վրան տեսած, ու նոյնին ցանկացած կ՚ըլլանք, ու ան է որ կը փորձենք իրականացնել մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին։
Եւորպական Խորհրդարանը կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ ճանչնալ ցեղասպանութիւնը
Չորեքշաբթի 15 Ապրիլին, ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին տասը օր մնացած, Եւրոպական Խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը, ըստ որուն կը հաստատէ իր 1987-ի ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը, եւ կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ շահագործել հարիւր ամեակի առիթը, ճանչնալու համար ցեղասպանութիւնը, եւ այդպիսով ճամբայ բանալու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման։
Տպաւորութիւններ երազային Պէյրութէն
Լիբանանի մայրաքաղաքը հայ իրականութեան, յատկապէս գրական արտայայտութիւններուն մէջ, Պոլսոյ հետ կը բաժնէ «երազային» մակդիրը։ Թերեւս որոշ գրողներ Փարիզի նկատմամբ ալ նոյն մերձեցումը ունենային։ Բայց գոնէ մեր ընկալումին մէջ միշտ կար այդ «երազային Պէյրութ» կոչումը։ Եւ ահա «Միջին Արեւելքի Օդային Գիծերու» ինքնաթիռը 9 Ապրիլ, Հինգշաբթի ցերեկուայ ժամերուն կը հաւաքէր իր անիւները Եշիլգիւղի օդակայանի վազքուղիէն դէպի պարապութիւն, մօտ մէկուկէս ժամուայ թռիչքով մեզ հասցնելու համար այդ երազային քաղաքը։