Պահ մը եւս կայ բոլորիս կեանքերուն մէջ, որը մեր վրան այնքան ազդած կ՚ըլլայ դրականօրէն, որ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին կը փորձենք հասնիլ անոր, նոյն պահը վերստեղծել, նոյնքան ուրախ ըլլալ։ Շատ անգամ այս երկրորդ պահը մենք մեր վրան չէ որ փորձած կ՚ըլլանք, այլ ուրիշի մը վրան տեսած, ու նոյնին ցանկացած կ՚ըլլանք, ու ան է որ կը փորձենք իրականացնել մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին։
ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
vahaknk@agos.com.tr
Պահ մը եւս կայ բոլորիս կեանքերուն մէջ, որը մեր վրան այնքան ազդած կ՚ըլլայ դրականօրէն, որ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին կը փորձենք հասնիլ անոր, նոյն պահը վերստեղծել, նոյնքան ուրախ ըլլալ։ Շատ անգամ այս երկրորդ պահը մենք մեր վրան չէ որ փորձած կ՚ըլլանք, այլ ուրիշի մը վրան տեսած, ու նոյնին ցանկացած կ՚ըլլանք, ու ան է որ կը փորձենք իրականացնել մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Տեսլական մը ըսենք, տեսակ մը երազանք, յոյս կամ փափաք, ձգտում, եւայլն։ Այդ պահին հետ կ՚ուզենք ի մի գալ միշտ, կ՚աշխատինք, կը չարչարուինք, մենք մեզ ուրիշ էակներու հետ կը կապենք, ու նոյնիսկ մեր սիրածներէն կը բաժնուինք այդ պահին հասնելու համար։ Ոճիրներ կը գործենք։ Բայց երբեմն ալ չենք հասնիր անոր ամէն ինչին հակառակ։ Անցեալին մեծ երկիր ունենալու մասին կը շարունակենք խօսիլ, մեծ թագաւորներ ունենալու մասին կ՚երգենք, բայց չենք կրնար այդ մէկ սեղանը վայելել, այդ մէկ մոմը վառել, այդ մէկ բաժակ գինին համով, առանց երկմտանքի ըմպել։
Ուրիշ պահ մը կայ բոլորիս կեանքին մէջ, առերեսումի պահ մը, որ կը պատահի գոնէ մէկ անգամ։ Զանազան առերեսումներ կան անշուշտ, Ֆրօյտ պիտի ըսէր առերեսումը «հայր» կերպարին հետ ամենէն ծանրն է։ Սակայն մեր այսօրուան հասարակութեան եւ այսօրուան իրականութեան մէջ, ամենէն ծանր առերեսումը կը թուի ըլլալ առերեսումը մեր վախերուն հետ, մեր մանկութենէն, մեր անցեալէն մեզի յանձնուած իրականութիւններուն հետ։ Մարդիկ կան որոնք կատուներէ կը վախնան, ուրիշներ շարժող առարկաներէ, ոմանք փակ սենեակներէ կը վախնան, մանաւանդ վերելակներէ։ Ուրիշներ մինակ մնալէ կը վախնան, իրենց դրամատան հաշիւին վրայ կը վախնան, գողերէն կը վախնան ու դուռերը կը կողպեն տաս անգամով։
Այս վախերուն հետ առերեսման պահեր կան մեր կեանքերուն մէջ, որոնք ազատ կ՚արձակեն մեզ մեր վանդակէն, մեր անցեալէն ու պատմութենէն, առերեսումը չէ միայն, նաեւ այդ առերեսման բերած հետեւանքներուն հետ կը հաշտուինք ու կը թեւակոխենք գոյութեան նոր հանգրուան մը։ Երբեմն անշուշտ բնաւ չենք ալ առերեսուիր, պատմութեան հետ, անցեալին հետ սեղան չենք նստիր, այդպէս ալ տեղի չունենար այդ ընթրիքը։ Չենք կրնար հաշտուիլ մեր սխալներուն հետ, ու մեր բոլոր յանցանքները կը բարձենք ուրիշներուն վրայ, ու ճիշդ այդ պատճառով կը շարունակենք վախնալ այդ փոքրիկ կատուէն։
Ու երբեմն այս երկուքը, առերեսման պահը, եւ երազային պահը, իրարու այնքան կապուած կ՚ըլլան, այնքան իրարու մէջ խճճուած ու հանգոյց դարձած, որ անկարելի կ՚ըլլայ քակել կծիկը։ Այդ կծիկին ծայրը փնտռելով կ՚անցնին ամբողջ տարիներ, երբեմն նոյնիսկ կեանքեր։ Սակայն կու գայ այդ լուսաւորեալ պահը, միայն այն ատեն երբ որոշենք նստիլ պատմութեան հետ սեղան, հոն է որ կը գտնենք կծիկին ծայրը, ու հանգոյցը ճախարակի նման կը պարպէ ինքզինք, քաշելով իր ետին ճախարակն ալ, ընթրիքի սեղանն ալ, գինիի շիշերն ալ, բաժակներն ալ, կատուն ալ, պահարաններու մէջ թաքնուած դեւերն ալ, հողին տակի կմախքներն ալ։