ՄԱՐՈՒՇ
Հալէպ-Երեւան
Բոլորը չէին, որ Գաղթէն առաջ Հալէպ եկան։ Բոլորը չէին, որ Գաղթին եկան։
Ընտանիքին մէկ մասը հոն մնաց եւ Իսթանպուլ դարձած Պոլիս հաստատուեցաւ։ Կորսուեցաւ անոնց հետքը, կորսուեցան իրենք, կորսուեցան նաեւ իրենց անունները, որոնց վրայէն «եան»ը վերցուցին. Օտարացան, խորթացան։
Եղան սակայն քանի մը ընտանիքներ ալ, որոնք անցեալ դարու երեսունականներուն եկան Հալէպ հաստատուիլ։
Եկողներէն մէկը Ճիւան տէտէին հօրեղբայր Յարութիւնին ընտանիքն էր։
Յարութիւն եւ Էլմաստ Երամեանները չորս զաւակներ կ՚ունենան՝ Յարութիւն (կրտսեր), Ազնիւ, Մարիամ եւ Հեղինէ։
Յարութիւնը Ջարդերէն առաջ թուրքերուն կողմէ կը տարուի եւ ա՛լ չի վերադառնար։ Իսկ Մարիամը կը մահանայ Էլազիկ (Խարբերդ), մատղաշ տարիքին։
Հեղինէն կ՚ամուսնանայ Տիգրան Թունճ անունով երիտասարդի մը հետ (նախապէս ի՞նչ էր մականունը այս երիտասարդին), կ՚ունենան երկու մանչեր՝ Յակոբ եւ Ռուզվէլթ (ուրկէ՞ ամերիկեան այս անունը այդ օրերուն) եւ Զուարթ անունով աղջիկ մը։ Կը մնան հոն։
Հոն ո՞ւր։ Խարբե՞րդ թէ Պոլիս, յստակ չէ։ Յարաբերութիւնները կը կտրուին ընտանիքին մնացորդացին հետ։
***
Յարութիւնը արդէն չկար երբ կարգը եկաւ իրենց գիւղին գաղթական ելլելու. տարեր էին, ամիսներէ ի վեր լուր չկար։
Սկիզբն էր. եզներ ու կառքեր տրամադրուեր էին գիւղացիները փոխադրելու համար։ Բայց երբ հերթը Յարութիւն Երամեանի ընտանիքին հասաւ, ո՛չ եզ մնացեր էր, ոչ կառք։
-Վա՛ղը, վաղը կանուխէն պատրաստ կ՚ըլլաք,- պոռացեր էր ժանտարման Էլմաստի երեսին։
Կապոցներն ու ծրարները պատրաստ էին. զանոնք կրող պէտք էր. Էլմաստը իր տասը տարեկան աղջկան հետ ասոնցմէ քանի՞ն կրնար կրել։
-Մա՛յր,- մօսեցաւ Ազնիւը, ձեռքը թուղթ մը բռնած,- մա՛յր,- կրկնեց։
-Աման Ազնիւ, սիրտ չունիմ, սուս մնա՛…
Ազնիւը լռեց աւելի յարմար պահ մը սպասելով։ Ամբողջ օրը միտքը լարեր էր ելք մը գտնելու համար. տասը տարեկանի իր խելքով լաւագոյն ելքը տունը չլքելը պիտի ըլլար, ձեւով մը չերթալը, մնալը։
Խելացի եւ աշխատասէր Ազնիւը ոչ միայն ծնողքին ուրախութիւնը եղած էր, այլ եւ դպրոցին հպարտութիւնը։ Հայրը մէկ անգամ խօսեր էր աղջիկը Եփրատ գոլէճ ղրկելու մասին։ Խօսքը հարուստ հունտի պէս ինկեր էր աղջնակին պարարտ հոգիին մէջ եւ ծիլ տուեր, որպէս գեղեցկագոյն երազ։
Իսկ հիմա կ՚ըսէին՝ երթալ։ Երթալ, թերեւս այո, բայց ինչպէ՞ս Եփրատ գոլէճ յաճախել։ Հօրը անվերադարձ մեկնումէն ետք, գոլէճ յաճախելու երազը պատգամի վերածուեր էր։ Ազնիւը ամէն գնով պէ՛տք էր իրականացնէր այդ երազը, թէ ոչ հայրը, գտնուած տեղը, հողին վրայ տեղ մը, թէ հողին տակ, հանգիստ չէր կրնար ընել։
Եղսան իր տագնապին եւ արտօրանքին մէջ մոռցեր էր թուղթերուն գոյութիւնը։
Ազնիւը կրկին նայեցաւ անոնց՝ «Սուրիանի Մահալլէսի»ն յստակօրէն գրուեր էր իրենց անուններուն տակ. թերեւս, եթէ…
-Աննէ…
Եղսան, որ նստած տեղը մրափեր էր, ընդոստ արթնցաւ.
-Եկա՞ն։
-Մայր, գիշեր է եւ մութ. եկող չկայ։ Նայէ՛, կ՚ըսեմ, այս թուղթերուն՝ «սուրիանի մահալլէսի» գրուեր է հոս։
-Ո՞վ է թուղթին նայողը,- հառաչեց մայրը։
-Մայր, կ՚աղաչեմ, մտիկ ըրէ՛. այդ կողմերը բարեկամներ ունինք, չէ՞։
Եղսան լարեց ինքզինք.
-Քա աղէկ ըսիր, ինչպէս ալ մոռցեր էի. Է՞…
-Հոն կ՚երթանք, սուրիանիներուն գաղթ չկայ կարծեմ, չէ՞։
-Հա, ճիշդ է, առտուն
-Ոչ , մայր, ոչ առտուն, առտուն ուշ կ՚ըլլայ. Հիմա՛։
-Աղջիկ, խենթացա՞ր, ո՞ր կինը այս մութիւն տունէն դուրս կ՚ելլէ։
-Մե՛նք։ Կ՚առնենք ինչ որ կրնանք շալկել ու կ՚երթանք։
-Հապա՞ եթէ չընդունին։
-Չընդունին, ետ կու գանք. տունը հոս է. բանալին գրպանդ դի՛ր։
Շուներն իսկ քաշուեր էին փողոցներէն, մօտալուտ արհաւիրքի մը ոտնաձայնէն հալածական։
Արագ քայլերով, իրարու ձեռք ամուր բռնած մայր ու աղջիկ կտրեցին հայկական թաղը եւ մտան սուրիանիներու շրջանը։ Սամսուն էֆէնտիին տունը թաղին ճիշդ մէջտեղն էր։
Մայրը հազիւ ձեռքը թակոցին նետած, Ազնիւը ամուր քաշեց թեւէն եւ իր փոքրիկ բռունցքով երկու թեթեւ հարուած տուաւ տախտակեայ դրան, ու յետոյ ցուցամատը շրթունքներուն դրաւ՝ սըըըըըըըըս…
-Ո՞վ է,- շշնչաց մէկը ներսէն։
-Ես եմ, Յարութինին Էլմաստը եւ աղջիկս Ազնիւը ...
Դուռը հազիւ ճեղքուեցաւ.
-Ի՞նչ կ'ուզէք։
-Սամսուն էֆէնտին։
-Ո՞վ կայ ձեզի հետ։
-Միայն մենք ենք։
-Սպասեցէք։
Քանի մը վայրկեան վերջ նոյն ձայնը հարցուց.
-Ի՞նչ է էրկանդ անունը։
-Յարութիւն Երամեան։
-Մտէք, ամմա ձայն չընէք։
Ծառան զիրենք կիսամութ սենեակ մը առաջնորդեց։ Փոքրիկ մոմ մը կը պլպլար ծալլապատիկ նստած մարդուն կողքին։
-Էֆէնտի՛ …
-Հա, Էլմաստ խանում, ժամանակները դժուար են. ի՞նչ ըրիք, ելա՞ք։
-Մեր աղջիկը կ'ըսէ
-Աղջի՞կը, ո՞ր աղջիկը։
-Ազնիւը, ձեր աղախինը,- եւ մայրը հրեց աղջկան։
-Ի՞նչ կ'ըսէ նայինք ձեր աղջիկը,- ծեր մարդուն յոգնած դէմքին ժպիտ մը խաղցաւ ու Ազնիւին թուեցաւ, որ մոմին պլպլացումը շուք ու լոյս ըրաւ։
-Էֆէնտի՛, այստեղ սուրիանի մահհալէսի գրուեր է, չէ գրուեր էրմէնի. մենք ալ հոս եկանք, սուրիանի մահալլէսի եկանք։
Մարդը առաւ թուղթերը եւ այնքան մօտ բռնեց մոմին, որ Ազնիւին սիրտը ջուր դարձաւ՝ եթէ այրուին այս թուղթերը, է՜ մնաք բարով կ՚ըլլան թէ՛ գոլէճը, թէ՛ Ազնիւին երազները։
-Շիտակ կ՚ըսէ աղջիկը, սուրիանի մահալլէսի, խելացի աղջիկ է, ապրի՛ս ապրի՛ս…
-Եփրատ գոլէճ պիտի երթամ,- արագ ու բարձր յայտարարեց Ազնիւը Սամսուն էֆէնտիին «ապրի՛ս»ներէն քաջալերուած։
-Սուս եղի՛ր, աղջիկ, ձայնդ քեզի քաշէ,- սաստեց մայրը գայթակղած, մինչ էֆէնտին հազիւ զարմանքը թօթափած կը մրմնջէր.
-Ժամանակը թող գայ, կը նայի՜նք։
***
Ազնիւ վարժուն յուզումով կը յիշէր միշտ իրենց այդ առաջին գիշերելը Սամսուն էֆէնտիին տան մէջ։
Երբ առաւօտը բացուեր էր, Ազնիւը զարմանքով տեսեր էր, որ քանի քանի այլ ընտանիքներ եւս գիշերեր են հոն, Սամսուն էֆէնտիի ապահով բակին մէջ։
Դիւրին չէր կեանքը, թէեւ խնայուեցաւ իրենց գաղթի դժոխքը։ Ազնիւը մեծցաւ, շրջանաւարտ եղաւ Եփրատ գոլէճէն եւ դարձաւ վարժուհի։
Գիտէր, զգացեր էր զարմանալիօրէն յստակ պայծառատեսութեամբ, որ միակ ձեւը իր ըլլալուն, ուսումն է։ Եւ ոչ միայն իր, այլ իր նման բոլոր աղջիկներուն։ Զինք մղողը հայրն էր, հօր մէկ փոքրիկ խօսքը, որ զօրացեր էր անոր մահով, դարձեր պատգամ։ Այդ աղջիկները, մեծ մասը որբ ու սարսափահար, ո՛վ ունէին իրմէ զատ։
Ազնիւը դարձեր էր Ազնիւ վարժու, որ մօրքուրի կամ հօրքուրի չափ մտերիմ էր աղջիկներուն, եւ նոյնքան քաղցր կը հնչէր Ազնիւի ականջներուն։ Վարժուհի ըլլալը աշխատանք չէր, ապրիլ էր։
Ապրիլ էր նաեւ ընտանիք կազմելն ու զաւակներ ունենալը։ Եւ Ազնիւ վարժուն պսակուեր էր Գարեգին Սեմերճեանին հետ, ունեցեր չորս դուստրեր, որոնցմէ Էլմաստը, հազիւ մէկ տարեկան, մահացեր էր։ Միւսները՝ Մարին, Վարդուհին եւ Հռիփը բարձրագոյն ուսում ստացեր էին։
-Ուսումը աղջկայ մը զէնքն է, գաղտնի զէնքը, որ ուղղուած չէ այլին, այլ պաշտօն ունի զի՛նք պաշտպանելու ի՛ր տկարութիւններուն դէմ…
Ազնիւ վարժուն հանգիստ ու խաղաղ փակեր էր աչքերը։