ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ
Փարիզ
Որքան ալ հասարակաց դէպք մըն է, այսինքն՝ համայնքի մը, ժողովուրդի մը ոչնչացումը, այնքան ալ ներքին, ընտանեկան խնդիր մըն է։ Մարդիկ կան որոնց անունները հասած են միայն ինծի, անոնց մասին գրեթէ ոչինչ գիտեմ եւ կը մնամ կախուած այսպէս չգիտցած դէմքերէս։ Մանկութենէս լսած եմ անոնց անհետացումը, երբեմն արիւնոտ պատմութիւնները, որ փոխանցուեր են ծանօթ կամ անծանօթ բերաններէ, կրկնուեր ու աճեր, ինչպէս ծնողները երախաները քնացնելու համար հեքիաթներ կը պատմեն։ Հաւաքական բնաջնջումը անձնական բնոյթ մը ունի։ Սկիզբէն այս պատումի այրուածքին մէջն եմ։ Ասոր համար շատ անգամ կը նախընտրեմ լռել։ Ոչ թէ որովհետեւ ըսելիք չկայ եւ կը պապանձիմ եղածին առջեւ, ասոր մեծութեան կամ անկարելիութեան, ինչ որ ճիշդ է մասամբ, այլ որովհետեւ ինչպէ՞ս պիտի խօսիս քու ծրագրուած ու կատարուած բնաջնջումիդ մասին։
Ի՞նչ դիպուածներ միջամտեր են որպէսզի հայրդ եօթը տարեկանին որբանայ, բայց փրկուի, մայրդ երեք տարեկանին որբանայ եւ փրկուի, յետոյ անոնք հանդիպին իրարու եւ քեզ ծնին։ Պատմութիւնդ կը սկսի նման դիպուածներով։ Որով ծագումդ կը դառնայ աղէտ մը եւ անկէ փախուստ մը։ Մեր ապրիլը հրաշք է, կ՚ըսէին։ Ոչ թէ աստուած մը միջամտեց, քանզի չկար ո՛չ անկէ առաջ, ոչ այդ կիզիչ տարիներուն, ոչ ալ ետքը, այլ պարզապէս որբերը դիմացան ոճիրին, անօթութեան, տաքին-պաղին, ծեծին, մալարիային, սովին, խենդութեան։ Կրակէն անցնողը ծեծուած երկաթին պէս կ՚ըլլայ, ըսեր է վերապրող գրող մը։ Միայն թէ ասիկա գին մը ունի։ Կորսնցուցին ամէն ինչ. ինքնութիւն չունեցան, մոռցան լեզուն, սակայն չմոռցան որ կու գային տեղէ մը, էին տարագրուած եւ մենք հոն ուր կ՚ապրէինք, հոս սփռուած, մեր տեղը չէինք։ Մեր նախորդները ի՞նչ պիտի տային եթէ ոչ ինչ որ չունէին կամ ինչ որ միայն ունէին՝ այդ աղէտին հետքերը։ Իրենք։
Անոնք՝ կտակ ու հրիտակ։
Գրագէտը կը փախչի ատկէ։ Չ՚ուզեր ստանձնել ապրելուն անկարելիութիւնը, այդպէս ձրի, վիճելի, անպատասխանատու, բուսային գոյութիւնը. չ՚ուզեր ողբ ու կոծ։ Ատոր վարժուած է դարերէ ի վեր։ Նորութիւն չէ։ Պատմիչը կ՚ըսէ շատոնց, հեռացուցին զմեզ ի բնակութենէ մերմէ… եւ չէին հանդուրժեր անոնք տեսնել մեր շուքերը անգամ։ Մենք ստուերամած էակներ կամ չէակներ։ Բայց գրագէտը կը գրէ։ Գրելը կեանքին հետ կապ մըն է, մեռելները շրջանցող հաղորդակցութիւն մը։ Լեզուն ի՞նչ է որ։ Հաղորդակցութի՜ւն։ Միայն բանաստեղծութեան մէջ ուրիշ բան է ան։ Է միայն ինքզինք, այսինքն՝ անխառն, անպաշտպան, հզօր ու տկար նոյն ատեն։ Իսկ բանաստեղծութիւնը ի՞նչ բանի կարող է նման անբանի դիմաց ու մէջ։
Ինչպէս շատ անգամ կը պատահի՝ մոռնալ ուզածդ, ան որմէ կը խուսափիս՝ կը հետեւի քեզի։ Չսպասած տեղդ դիմացդ կ՚ելլէ։ Կարծես կ՚ուզէ որ զայն չլքես ու խօսիս։
Գրագէտի մը համար լեզուն այն տեղն է ուր կ՚աշխատի, անոր վրայ կը բանի, ատով կ՚ըլլայ ինք։ Այնտեղ ինքզինք ապահով կը զգայ։ Կամ կը կարծէ պաշտպանուած ըլլալ։ Կրնաս կասկածներ տածել լեզուի կարողութիւններուն մասին, բայց լեզուն քուկդ է, կը խորհիս։ Եւ ահա այդտեղ է որ կը պատահի դէպքը, հին ու նոր նոյն ատեն, անժամանցելին։ Մոռնալ ուզածդ կը յայտնուի, մղձաւանջ, երազ, ցնորք։ Աղէտը կայ լեզուին մէջ։ Ըսել չեմ ուզեր որ ցեղասպանութիւնը լեզուական բան մըն է, գոյութիւն չունի, պատմական բան մը չէ։ Մեթաֆիզիք ֆիքսիոն մը։ Մինչեւ հիմա ես խօսեցայ միայն ֆիզիքէ, կարելի էր ըսել վկայութենէ։ Միայն փորձառութենէ։ Աղէտը լեզուին մէջ է, ըսի, հո՚ն կայ։ Գրագէտը չէր գիտեր։ Գիտցաւ։
Արիւնոտ պատմութիւնները եկեր են վերապրողներու բերնէն, երբ աշխարհէն բան չէի գիտեր։ Ձմրան երկար գիշերները մեծերը կը նստէին կրակին շուրջ, պզտիկները կը քնանային քիչ մը անդին, նոյն սենեակին մէջ։ Մեծերուն մէկ մասը կը սկսէր պատմել, միւս մասը լսողի դիրք կը գրաւէր։ Պզտիկները կա՛մ կը քնանային կա՛մ քնանալ կը ձեւացնէին։ Սարսափի եւ տաքուկ սքանչելիքի սպասումով։ Ամէն բան գիտէինք եւ ամէն բան նորէն պէտք է կրկնէինք։ Յիշողութեան այրուածքը խարանի պէս կը մնայ անջնջելի։ Օր մըն ալ՝ երբ պատմողները շատ խօսեցան, լռողները ձայն չհանեցին, երբ վերջապէս հաստատուեցաւ տեսակ մը ընդհանուր մտմտուք՝ բան չտաքցնող կրակին շուրջ, այն ատեն, Էրզուրումցին որ մեզի համար ճերմակահեր մեծ-մօր դեր կը կատարէր, խօսքը կտրեց.
-Ի՞նչըղ զառթ-զուռթ կը նետէք կը, մըր լեզուն առին իտոնք, տահա ի՞նչըղ պիտ վրայ տայինք օր…
Միշտ դժուար է հաւատալ որ այդ լեզուն կը խօսէինք քիչ թէ շատ։ Իբր թէ այդ չկտրուած լեզուն։ Գաւառներու բոլոր հայերէնները կային մեր ականջին։ Դպրոցն ալ կը սորվեցնէին մաքուր, գեղեցիկ, գրական հայերէն։ Որովհետեւ պէտք էր մեծնայինք, մարդ ըլլայինք։ Իբր թէ չկոտորուած-չկտրուած։ Պէտք էր լեզուին գայինք, կարծես թէ սանկ-նանկ պիտի մերժէինք եղածը։ Չէ՜, չէինք մեռած, չէինք յառնած։ Ինչ ալ ըլլար՝ կայինք, հեմտէ շատցեր էինք։ Անգարայի ռատիոն կղպեր գոցեր էինք։ Իսկ լսողը միշտ կը լսէր այդ անջնջելի, խլացուցիչ մռլտուքը յաղթողին։
Գրողը կ՚ուզէ ըլլալ գրագէտ։
Անշուշտ կը սորվի իր լեզուն, իբր թէ ամբողջ ու ողջ ըլլար ան։ Կը սորվի նաեւ քանի մը ուրիշ բարբառ։ Կրնայ աշխարհը կոչել։ Կ՚անդրադառնայ, հետզհետէ դառնութեամբ կ՚անդրադառնայ որ իր խօսած, լսած, գրած լեզուն կրակէն անցած, անապատի այրուածքէն փրկուած, բայց մնացորդ մըն է, խլեակ մը, մեռած մարմինէ կտոր մը։ Գեղեցիկ, վսեմ, հիանալի, բայց… քուրջի կտոր մը, ուլունք մը, մազի ասեղ մը, նման անոնց որ կը գտնես փոթորիկէն ետք, աւազներուն մէջ։ Հնաբանական գտածոյ։
Գիտեմ, խօսաններ պիտի բողոքեն, բերնի-ծամոց՝ պիտի յայտարարեն որ ճիշդ չէ. լեզուն փառապանծ, լեզուն՝ հայրենի տուն չէ՞։ Ըսի սկիզբէն որ պիտի խօսիմ շատ մտերիմ խնդիրէ մը, գրագէտի՚ խնդիրէ մը։ Ասիկա ազգային չէ, ընտանեկան ալ չէ այլեւս։ Իմ փորձառութիւնս է լեզուին կամ մեր լեզուէն իմ այրուածքս։ Իմ լեզուս աղէտէ ճողոպրած լեզու մըն է եւ ոչ անկէ վերապրողներու։ Ստուերային բան մը, ինչպէս երբ իրականութիւնը կը պայթի։ Աղէտը որ կը կարծէի դէպք մը, հեռաւոր պատմութիւն մը, հասեր է մինչեւ մեր բերանը, կտրեր է մեր լեզուն։ Մեր լեզուն քաշեցին, հանեցին, ըսեր էր Էրզուրումի տոհմին վերջին խանըմը։ Ըստ երեւոյթին՝ աւելի բանիմաց, աւելի իմաստուն էր քան կը կարծէի։ Աւելի ամրապինդ քան արխիւ ու վկայ, ճշմարտութիւն որոնող ու չարիքէ հեշտացող։ Թէ աղէտը լեզուի խնդիր մը եղած է, ասոր ապացոյցները շատ են, սկսեալ լեզուի ֆեթիշացումէն, մաքուր լեզու խօսելու պահանջքէն կամ հրահանգէն, այբուբենի սրբացումէն, գովքերէն, որոնց պէտք ունէինք որպէսզի պահպանէինք լեզուէն մաս մը։ Լեզուն մասունք մը չէ՞։ Նշխարի, մասի պէս կը տանիս բերանդ կամ կը դնես տուփի մէջ. չես համարձակիր նետել աղբը։
Գերմանացի բանաստեղծը ըսեր է.
«Նշան ենք մենք, առանց իմաստի
եւ լեզուն գրեթէ կորսնցուցինք օտարութեան մէջ»։
Հասկնալի է որ լեզուն կը կորսնցնենք երբ վայրը կ՚անհետանայ, երբ երկիրը կը դառնայ տարերային կերպով ասպատակուած աչքէն, բացօթեայ եւ արգիլուած։ Լեզուն կը դառնայ անտէր, երկրազուրկ բարբառ մը, ինչ որ ըսեր եմ, անժողովուրդ լեզու մը։ Գրեթէ, այսինքն՝ ոչ բոլորովին, ինչ որ նոյն ատեն ամբողջն է արդէն։
Լեզու ըսի՝ փոխանակութեան միջոցը նկատի չունեցայ միայն, այլեւ մտածումը։ Աղէտին տրուեցաւ մտքի հարկ մը, կ՚ըսէր վերապրող գրողը։ 1915-ին սպաննուած կամ չքացած մտաւորականութիւնը նկատի չունիմ միայն։ Նկատի ունիմ նաեւ կարողութիւնը միտքը կազմակերպելու, եղածը խորհելու, պատկերացնելու, իմաստի կամ նշանակութեան բերելու։ Մտածումը հեռացաւ։ Զոհերը պէտք չունէին ատոր, պէտք ունէին վերապրելու։ Անվաւեր ու տարերային տենդով։ Տարիներ ետք՝ շրջանի մը երբ ամէն տեսակ ժխտում ու հերքում սանձարձակ կերպով կը բանին, մենք կը յիշէնք մեր իսկ բնաջնջումը երբեմն սարսափով, երբեմն ապշութեամբ, երբեմն ալ մախանքով. կ՚անդրադառնանք որ տակաւին կարող չենք զայն խօսելու։ Կարծես հասկնալով հանդերձ դեռ չենք ըմբռնած զայն, չենք հասած անոր մակարդակին կամ անոր վիհին ու յատակին. հասունութեան ժամանակը չէ եղած։
Իսկ գրագէտը որ կը լսէ միայն ստուերային լեզուն, ի՞նչ կրնայ ընել։ Գրիչը կոտրել ու լռել, անցնի՞լ ուրիշ լեզուի մը, վկայելու համար այդ լեզուով։ Երկրո՞րդ լեզուով մը։ Կարեւորը այդ չէ՞, հաստատել աշխարհին առջեւ որ օր մը չէինք ու հիմա կանք։ Ասիկա ընտրութեան խնդիր մըն է։ Գրագէտ մը կրնայ գրել այն լեզուով որ կ՚ուզէ, եթէ իսկապէս ունի այլընտրանքը։ Ես կ՚ուզեմ գրել այլ լեզուով որ եղեռնագործութիւնը կամեցաւ ջնջել։ Այսինքն՝ աղէտեալին լեզուով։ Ոչ պերճ, ոչ շքեղ։ Ասիկա փորձ մը չէ վկայելու որ նման լեզու գոյութիւն ունի եղեր։ Այդ պարագային՝ գրելը ֆոլքլորիք գործողութիւն մը պիտի ըլլար։ Յետամնաց բարեկենդան։ Գրագէտը այդ լուծումները չէ ընտրած։ Դիւրին են։ Պիտի ողջնցնէ՞։ Քրիստոս չէ որպէսզի յարութիւն տայ Ղազարոսի։ Քրիստոսն ալ հիմա զուրկ է մարմինէ որուն շնորհիւ գար գործելու։ Քրիստոս պարապ է։ Գրելը անպաշտօն պաշտել մը չէ, ոչ ալ մանաւանդ սրբագործում։
Բոլոր բառերը կան անխտիր. եղեռնը, ցեղասպանութիւնը, աղէտը, ոճիրը եւ միւսները։ Բայց գրագէտը գիտէ որ անունները կը ծածկեն միակ անանունը, միակ անունը, որ բառերուն մէջ չէ։ Պակսողը։ Մտքին ներքին ձեւը։ Գրագէտը ոչ կը հերքէ, ոչ կը դատէ-կը դատապարտէ, ոչ ալ կը ներէ։ Չի զբաղիր սրբագրումով ու մխիթարանքով, հոգիներու հանգիստով կամ խոցով։ Կը փնտռէ գերիշխան նախադասութիւնը։
Գրագէտը երբ կ՚երեւակայէ կը շարունակէ յիշել, իսկ երբ կը յիշէ կը հսկէ անմեռոն ու անպատարագ, ոչ այնքան աւանդութեան, մշակութային հարստութեան եւ ուրիշ շատ մը պիտանի՜ բաներու, որքան լեզուին վրայ։ Մեռելը հսկողի պէտք կ՚ունենայ, կ՚ըսեն, այսինքն՝ մեռցնողի, որպէսզի բոլորովին անջատուի ու դառնայ ինքզինք։ Կան որ կը լռեն, ուրիշեր կ՚ողբան։ Ասոնց միջեւ կը սպրդի գրելու ցանկութիւնը, բիրտ ու անողոք, սուգ կը բռնէ։ Ատիկա անհուն է, ինչպէս աղէտը, այսինքն վերջ չունի։ Բայց գրելը աղէտ մը չէ գրելի։