Չորեքշաբթի 15 Ապրիլին, ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին տասը օր մնացած, Եւրոպական Խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը, ըստ որուն կը հաստատէ իր 1987-ի ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը, եւ կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ շահագործել հարիւր ամեակի առիթը, ճանչնալու համար ցեղասպանութիւնը, եւ այդպիսով ճամբայ բանալու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման։

Խորհրդարանը իր բանաձեւին մէջ տեղ կու տայ նաեւ 12 Ապրիլի Փրանկիսկոս Պապի ցեղասպանութեան մասին խօսքին, առաջարկելով հիմք ընդունիլ Պապի «խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ոգիով» մօտենալ խնդրին կոչը։ Խորհրդարանը նաեւ կ՚առաջարկէ «օգտուիլ նմանօրինակ Եւրոպական պարագաներէ, յարաբերութիւններ հաստատելու համար երկու երկիրներու միջեւ, առանց նախապայմաններու»։
Բանաձեւին 351 դեր եւ 269 դէմ քուէարկած Եւրոպացի երեսփոխանները կը ողջունեն Վարչապետ Էրտողանի անցեալ տարուան ցաւակցագիրը եւ Օսմանեան հայերու ջարդերուն ճանաչումը, եւ կը յորդորէն թրքական պետութեան բանալու իր արխիւները եւ ջարդերը որակել որպէս ցեղասպանութիւն։
Բանաձեւին մէջ աչքառու է կոչը Թուրքիոյ, որ «բարեխղճօրէն» աշխատի պատրաստելու համար ցուցակագրում մը նախորդ հարիւր տարիներու ընթացքին քանդուած հայկական մշակութային ժառանգութեան։
Իսկ Թրքական պաշտօնական պատասխանը կու գայ Վարչապետ Էրտողանի կողմէ։ Ղազախստան մեկնելու ճամբուն վրայ, օդակայանի մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպում մը ունեցած Էրտողան, կը յայտարարէ թէ «ինչ որոշում ալ կայացնէ» Եւրոպական Խորհրդարանը, այդ որոշումը մէկ ականջէ պիտի մտնէ, եւ միւսէն դուրս պիտի գայ։ Խելքէ միտքէ դուրս բան է, որ Թուրքիոյ վրայ ցեղասպանութեան նման բիծ մը ըլլայ»։
Եւրոպական Խորհրդարանը «Հարիւր տարի առաջ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին իրենց կեանքը կորսնցուցած մէկ ու կէս միլիոն հայերուն յիշատակը կը յարգէ», եւ կոչ կ՚ուղղէ Եւրոպական երկիրներու խորհրդարաններուն նման բանաձեւեր ընդունիլ, եւ օր մը հաստատել «Բոլոր ցեղասպանութիւններու յիշատակումի միջազգային օր, այդպիսով անգամ մը եւս շեշտելու համար բոլոր ազգերուն եւ ժողովուրդներուն խաղաղ եւ պատուաւոր ապրելու իրաւունքը»։