Դերը նոյնն է, դերակատարը ոչ

Թեր­թիս նա­խորդ շա­բաթուայ էջե­րուն վրայ «Թա­փառա­կան Գի­տաժո­ղով» խո­րագ­րով հա­ղոր­դած էինք Պիլ­կի հա­մալ­սա­րանի մէջ կա­յանա­լիք «Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը՝ հաս­կա­ցողու­թիւններ, բաղ­դա­տական տե­սան­կիւններ» անուն գի­տաժո­ղովին ջնջուելու լու­րը։ Հոն նշած էինք որ 2005 թուակա­նին «Օս­մա­նեան Հա­յերը՝ գի­տական պա­տաս­խա­նատուու­թիւն եւ ժո­ղովրդա­վարա­կան խնդիր­ներ» խո­րագ­րեալ հա­մագու­մա­րը, երբ վեր­ջին պա­հուն ջնջնուեցաւ Պո­ղազի­չի հա­մալ­սա­րանի մէջ, Պիլ­կի հա­մալ­սա­րանն էր որ դռնե­րը բա­ցաւ գի­տաժո­ղովը կա­տարե­լու հա­մար։ Տա­սը տա­րի անձ դէպ­քը կրկնուեցաւ նոյ­նութեամբ։ Այս ան­գամ Պիլ­կի հա­մալ­սա­րանն էր որ կը հրա­ժարէր եւ Պո­ղազի­չին ալ վեր­ջին պա­հուն կ՚ըն­դունէր իր սրահ­նե­րը բա­նալ այս կա­րեւոր հա­մագու­մա­րին հա­մար։

ԷՄՐԷ ՃԱՆ ՏԱՂԼԸՕՂԼՈՒ

misakmanusyan@gmail.com

Ինչպէս ծա­նօթ է, հա­մագու­մա­րի գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչներն են Պատ­մութեան հիմ­նարկը, Լոս Ան­ճէ­լըսի մէջ Գա­լիֆո­րիայի հա­մալ­սա­րանը եւ Իս­թանպու­լի Պիլ­կի հա­մալ­սա­րանը։ Վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րէն ետք Պիլ­կի հրա­ժարած է իր մաս­նակցու­թիւնը բե­րելէ։ Այս զար­գա­ցու­մը ընդվզում յա­ռաջա­ցու­ցած է Պիլ­կի հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս­նե­րու մօտ։ Անոնք այս որո­շու­մը դի­տած են ակա­դեմա­կան ազա­տու­թեան բռնա­բարում ըլ­լա­լով։

Վեր­ջին կար­գադրու­թիւննե­րու հի­ման վրայ գի­տաժո­ղովը պի­տի կա­յանայ 26 Ապ­րիլ Կի­րակի օր Պո­ղազի­չի հա­մալ­սա­րանի մէջ։

Զգու­շա­ցում՝ անուանա­փոխու­թեամբ

Հա­սարա­կական Զօ­րակ­ցութեան Հա­մար Հո­գեբան­նե­րու Միու­թիւնը 18 Ապ­րի­լին Պո­ղազի­չի Հա­մալ­սա­րանի մէջ կա­յանա­լիք բա­նախօ­սու­թեան անու­նը փո­խեց։ Նա­խապէս բա­նախօ­սու­թիւնը ծա­նօթա­ցուած էր «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րադար­ձին հո­գեբա­նու­թիւն, առե­րեսում եւ հա­սարա­կական ար­դա­րու­թիւն» խո­րագ­րով։ Հա­մալ­սա­րանի տես­չութիւ­նը անվտան­գութեան մտա­հոգու­թիւննե­րով պա­հան­ջեց որ գի­տաժո­ղովի անու­նը փո­խուի։ Միու­թիւնը ըն­դա­ռաջեց տես­չութեան այս պա­հան­ջին եւ բա­նախօ­սու­թեան անու­նը փո­խեց «ան­խօ­սու­թեան մատ­նուածի հա­րիւ­րա­մեակին հո­գեբա­նու­թիւն, առե­րեսում եւ հա­սարա­կական ար­դա­րու­թիւն» ձե­ւով։ Միու­թեան անու­նով բա­ցատ­րութիւն տուող Պա­րան Կիւրսէլ նշեց որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ու­րիշ բա­ռով մը բա­ցատա­րելը ինքնին գրաքննու­թիւն է։ «Ան­խօ­սու­թեան մատ­նուած» բա­ցատ­րութիւ­նը ար­դէն կը պա­հէ խնդրին էական յատ­կութիւ­նը։ Հա­մալ­սա­րանը այս զգու­շա­ցու­մէն դուրս որե­ւէ ար­գելք չէ յա­րուցած։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ