ԱՌՕՐԵԱՅ
Աւօ-Մոնթէ
Նոյեմբերի 25, 1957, Վայսելիա ԱՄՆ- Յունիս 12, 1993, Մարտունի Արցախ
Այս ակնարկը ինձ համար շատ թանկ է. 1991-ին ես անձամբ հանդիպել էի Մոնթէ Մելքոնեանին մի ընկերական շրջապատում, իսկ 2000-ին ես այցելել էի Մարտունին եւ հանդիպելով արդէն Մոնթէ Մելքոնեանին մօտիկից ճանաչողներին, կազմել էի ինձ համար նրա հազուադէպ մարդկային նկարագիրը։
Խորհրդածութիւններ ընտրութեան մասին
7 Յունիս Կիրակի օր կայացող Խորհրդարանի ընտրութիւններով Թուրքիա թեւակոխած կ՚ըլլայ բոլորովին նոր շրջանի մը։ Ընտրութիւնները վերջ տուին գործող ԱՔՓ կուսակցութեան իշխանութեան։ Վերջին 13 տարիներու ընթացիքն այս կուսակցութիւնը առաջին անգամ զրկուեցաւ առանձին կառավարութիւն կազմելու իրաւունքէն։ Աւելի քան 53 միլիոն ընտրողներու գործածած քուէներով, թէեւ ԱՔՓ կրկին ստացաւ ձայներու մեծամասնութիւնը, սակայն 255 պատգամաւորները բաւարար չեն առանձին կառավարութիւն կազմելու համար։ Ընտրութեան մէջ բախտորոշիչ դերակատարութիւն ունեցաւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութիւնը։ Այս շարժումը 80 պատգամաւորներով մաս կը կազմէ խորհրդարանին եւ ճակատագրական դեր կը խաղայ այլախոհական կառավարութեան մը կազմուելու գործընթացին մէջ։
Տակաւին 10 երկար օրեր Քամփ Արմէնի համար
Քամփ Արմէնի հետ Զօրակցութիւն» խմբակը նախորդ Ուրբաթ, Մայիս 22-ի երեկոյեան երթ մը կազմակերպած է, Իսթիքլալ պողոտայի վրայ, Թիւնէլէն մինչեւ Կալաթասարայի հրապարակ։ Երթի ընթացքին զանազան հայերէն եւ թրքերէն կարգախօսերու շարքին, կը հնչէր նաեւ «Դիմադրելով է որ պիտի յաղթենք» բացագանչութիւնը։ Հարիւրաւոր մասնակիցներէ բաղկացած ամբոխը երբ հասաւ Կալաթասարայի հրապարակ, այնտեղ, քանի մը հայերէն երգերու կողքին, կ՚արտասանուի նաեւ զօրակցութեան խօսքը, Նոր Զարթօնքի ներկայացուցիչ Սայաթ Թեքիրի կողմէ։
Սկուհի Տուտու Գումգափուի Մէջ
Ընթերցողը ներող թող ըլլայ, եթէ սոյն լրատուութիւնը զանց կ՚առնէ լրագրողութեան ամենահիմնական կանոնները։ Ծանօթ իրողութիւն է որ լրագրութեան ասպարէզին մէջ խմբագիրը պէտք է հնազանդի իր փոխանցած լուրի հաւաստիութիւնը երաշխաւորող տուեալներու։ Բայց մեր ասպարէզին համար այդ կանոնը սահմանողները անշուշտ որ չէինք պատկերացուցած թէ ի՞նչ կը նշանակէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանէ լուր մը իմանալ նոյն ինքն այդ Պատրիարքարանի ժողովուրդը հետաքրքրող նիւթի շուրջ։ Եթէ այդ մասին պատկերացում մը ունենային, երբեք այսքան գաղտնապահ չէին ըլլար եւ մենք ալ մեր կարգին չէինք հարկադրուէր Սկուհի Տուտույի փոխանցած տեղեկութիւններով լուր խմբագրելու։ Բայց ընելիք բան չկայ մեր մօտ, գաղտնապահւթիւնը բոլոր արժանիքներէն վեր կը դասուի եւ ոչ ոք կը համարձակի այդ գաղտնապահութիւնը խափանելու։ Ինչ կարելի է ընել, եթէ Պատրիարքական Աթոռը իր ամբողջ ուժով կը մերժէ մեր հարցումներուն պատասխանը տալու։
Երգչախումբին լեզուն
Այսօր, այս պահուն արեւմտահայերէնին ո՞վ պէտք ունի։ Արեւելահայերէնին շատեր պէտք ունին Հայաստանի մէջ, իսկ արեւմտահայերէնին ո՞վ եւ ո՞ւր պէտք ունի։ Ի՞նչ պարագայի է որ պէտք կ՚ունենանք, կարիքը կը զգանք այս լեզուին։ Կարիքը պէտք է ըլլայ այս լեզուին, որ անոր շուրջ զարգանայ անոր շուկան, եւ շուկային շուրջ փողոցը, եւ փողոցին շուրջ կապերը եւ հաղորդակցութիւնը, հաղորդակցութեան շուրջ հաւաքականութիւնը։ Այդպիսով լեզուն ինքնըստինքեան ապրած կ՚ըլլայ, եւ անոր շուրջ գոյացած կ՚ըլլայ իրեն կապուած մշակոյթը։
Եւրոհայերը կը զօրակցին ՀՏՓ-ին
Երբ միայն երկու շաբաթներ մնացած են Թուրքիոյ քաղաքականութեան համար ճակատագրական նշանակութիւն ներկայացնող խորհրդարանի ընտրութիւններուն, քաղաքական դաշտը լրջօրէն սրուած է։ Քանի մը օր առաջ տասը վայրկեանի հետեւութեամբ ռումբեր պայթեցան ՀՏՓ կուսակցութեան Մէրսինի եւ Ատանայի կուսակցական կեդրոններուն մէջ։ Ռումբերը զետեղուած էին թաղարի եւ փոստի մէջ, յանձնուած կուսակցականներուն։
Գերմանիոյ սփիւռքը իր յաջողութիւններով ու հոգսերով
Համաշխարհային օդագնացութեան մէջ շատ կարեւոր խաչմերուկ մըն է Ֆրանգֆուրթի օդակայանը։ Ամէն օր աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկող բազմաթիւ ինքնաթիռներ բիւրաւոր ուղեւորներ կը բերեն հոս, որոնց մեծամասնութիւնը միայն փոխանցման համար քանի մը ժամով կ՚այցելէն օդակայանը, ապա կը շարունակեն իրենց ճամբորդութիւնը դէպի հեռաւոր այլ քաղաքներ։ Այդ իսկ պատճառաւ Ֆրանգֆուրթի օդակայանին մէջ կը հանդիպինք սովորականէն աւելի մեծ տարողութեամբ ճամբորդատար ինքնաթիռներու։ Ի տարբերութիւն մեծամասնութենէ, Ֆրանգֆուրթի օդակայանը մեզի համար անցման կէտ մը չէ, այլ հասանման վայր։ Առանձին չենք Իսթանպուլէն եկող սաւառնակին մէջ։ Երաժիշտներու խումբի մը հետ կը ճամբորդենք, որոնք հրաւիրուած են մեր ալ իբրեւ ատենախօս մասնակցելիք միջոցառման ընթացքին ելոյթ ունենալու համար։